Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 121-ամեակ

0
38

Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 121-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Շա­բաթ, 23 ­Նո­յեմ­բեր 2024-ին եւ ժա­մը 19:00-ին, պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Կի­րա­կամ­տից ժա­մեր­գու­թիւն, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նոր­դին։
­Կը հրա­ւի­րենք մեր բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուր­դը ներ­կայ գտնո­ւե­լու եւ ա­ղօ­թա­կից դառ­նա­լու սոյն հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան:

­Ժա­մեր­գու­թե­նէն ետք, ժա­մը 20:00-ին, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք, ներ­կա­յու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ հայր սուր­բին:
Ա­նոնք, ո­րոնք կը փա­փա­քին ներ­կայ գտնո­ւիլ սոյն ընթ­րի­քին, կը խնդրո­ւի նա­խօ­րօք տե­ղեակ պա­հեն քար­տու­ղա­րին, հե­ռա­ձայ­նե­լով ե­կե­ղեց­ւոյս գրա­սե­նեա­կին:

­Մաս­նակ­ցու­թեան սակ՝
* 15 եւ­րօ՝ չա­փա­հաս­նե­րուն հա­մար
* 10 եւ­րօ՝ պա­տա­նի­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար

­Կի­րա­կի, 24 ­Նո­յեմ­բեր 2024-ին, պի­տի մա­տու­ցո­ւի հան­դի­սա­ւոր Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ եւ մա­տա­ղօրհ­նէք:
Ե­կե­ղեց­ւոյս մէջ իր անդ­րա­նիկ ­Պա­տա­րա­գը պի­տի մա­տու­ցէ, յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զէ եւ մա­տա­ղօրհ­նէ­քը կա­տա­րէ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի նո­րըն­տիր բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ

ԳԵՐՊ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ԵՄԻՇԵԱՆ

­Կը հրա­ւի­րենք մեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դը, որ­պէս­զի մաս­նա­կից դառ­նայ գե­րա­պա­տիւ հայր սուր­բի անդ­րա­նիկ ­Պա­տա­րա­գին:
Ս­կիզբ Ս. ­Պա­տա­րա­գի՝ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:30
­Մա­տա­ղօրհ­նէք՝ կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12:00

ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ