Շաբաթ՝ 16 Դեկտեմբեր 2017ի կէսօրուան ժամը 12։00էն սկսեալ, կազմակերպութեամբ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հ. Գթ. Խաչի հովանաւորութիւնը վայելող Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան-Ծաղկոց»ի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիներուն, եկեղեցւոյս կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, արդէն գաղութէն ներս սովորութիւն դարձած՝ մեծ ուրախութեամբ ու խանդավառութեամբ զարդարուեցաւ գաղութիս տօնածառը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ գաղութի Հոգեւոր Հովիւը, Հ.Գ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին, Ծնողական Միութեան անդամուհիներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, բարեկամներ եւ աշակերտ-աշակերտուհիներ։
Իւրաքանչիւր աշակերտ, ինչպէս նաեւ հոն գտնուող ամէն մէկ անձնաւորութիւն, մեծէն մինչեւ փոքր, իրենց ներդրումը ունեցան տօնածառի զարդարման՝ ամէն մէկը իր մը զետեղելով ծառին վրայ։ Տեղի ունեցան խօսքեր, արտասանութիւններ, մաղթանքներ, շուրջպարեր, Կաղանդ Պապուկի ներկայութիւն եւ նուէրներու բաշխում։
Սրահէն ներս արդէն կը տիրէր ուրախ մթնոլորտ, սակայն երբ Կաղանդ Պապան մուտք գործեց սրահ, առաւել մեծ զուարճութիւն յառաջացուց յատկապէս աշակերտներուն մօտ, որոնք ուրախութեամբ իրենց նուէրները ստանալով շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլորին անխտիր։
Յայտնենք, որ Նոր Տարուան աշակերտներուն նուէրները դասաւորած ու տրամադրած էին Թեսաղոնիկէի Հ.Գ.Խ.ի «Անի» Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամուհիներն ու Ծնողական Միութիւնը համագործակցաբար։

«ԲՈԼՈՐԻՆ ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ»
«ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ,
ԹՈՂ ԳԱԼՈՒՍՏԴ ԸԼԼԱՅ ԲԱՐԻ»

ԹՂԹԱԿԻՑ