«Անժէլ Քուրթեանին տետրակները»
Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2025-ին, Թեսաղոնիկէի համերգասրահին մէջ, գործակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած թատերական ներկայացում՝ արդէն իսկ ժողովրդային համբաւ վայելած «Անժէլ Քուրթեանի տետրակները» խորագիրով։ Թատերական կատարումը, որ մեկնաբանուեցաւ յունահայ սիրուած դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեանի մենախօսութեամբ, կը ներկայացնէր այն աղետալի ու դաժան դէպքերը, որ ապրեցաւ հայ ազգը, անոր տեղահանումը մեր հայրենիքէն եւ Զմիւռնիոյ աղէտը, ուր կրկին դաժան օրերու կրկնումը եղաւ հայ ժողովուրդին: Ելոյթին ներկայ գտնուեցան Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան ու Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Գասպարեան, միութեանց անդամները եւ բազմաթիւ յոյն եւ հայ ժողովուրդ: Յուզումը ակնյայտ էր, իսկ դերասանուհիին կատարումը անթերի, որ թողեց խոր տպաւորութիւն։
Բարեխօսական կարգ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ
Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն բարեխօսական կարգը, հանդիսապետութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեանի, ընկերակցութեամբ սարկաւագներու, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Թաղային խորհուրդին, Հայ դատի յանձնախումբին, ազգ. հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, պետական, զինուորական, քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ համախմբուած ժողովուրդին:
Նշենք, որ եկեղեցւոյ կեդրոնը զետեղուած էր ապրիլեան նահատակներուն նուիրուած շարժուն յուշարձանը, Ցեղասպանութեան նահատակներու մասունքներով, ինչպէս նաեւ Թաղային խորհուրդի կողմէ զարդարուած ծաղիկներ:
Գոհաբանական արարողութեան աւարտին, բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները, իրենց կարգին, մեր ժողովուրդին փոխանցեցին սրտի խօսքը:
Ժողովրդային բողոքի ցոյց դէպի թրքական հիւպատոսարան
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին, Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-էն սկսեալ, Այիա Սոֆիա հրապարակին առջեւ տեղադրուած Երիտասարդական միութեան տաղաւարէն, ընթացք առաւ ժողովրդային բողոքի ցոյց դէպի Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարան, ներկայութեամբ հարիւրաւոր թեսաղոնիկահայ պատանիներու, երիտասարդներու եւ տարէցներու, որոնք ներկայ եղան հայրենասիրական ոգիով եւ պատրաստակամ՝ ներկայացնելու իրենց պահանջատիրական կամքը:
Հարկ է նշել, որ 18-25 Ապրիլ ժամանակահատուածին, Այիա Սոֆիա հրապարակին վրայ տեղադրուած տաղաւարի միջոցով, բոլոր անցորդներուն՝ հայ թէ յոյն, ու մանաւանդ օտարներուն, Երիտասարդականի անդամները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հայ դատի վերաբերեալ ու մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան պատմական եւ իրաւական ճշմարտութեան կապակցութեամբ:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին ընթացք առաւ բողոքի ցոյցը, շարքերու խմբուածութեամբ, մեր երիտասարդներու ճշդապահ կարգապահութեամբ եւ բարձրախօսներու ու մանաւանդ օրուան կարգախօսները պարզող ցուցապաստառներու եւ ցուցատախտակներու կողքին՝ եռագոյն դրօշով։ Թեսաղոնիկահայութիւնը իր բողոքի ցասումը յայտնեց քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան: Բնականաբար, ճամբու ընթացքին, ապահովութեան ոստիկաններ հսկեցին ներկաներու քայլերթին եւ օգտակար դարձան ճամբորդներուն՝ ուղղուելու տարբեր ճանապարհներով: Երբ բողոքի ցուցարարները մօտեցան թրքական հիւպատոսարան, այս անգամ եւս՝ ինչպէս միշտ, յոյն ոստիկանները արգելք հանդիսացան յառաջանալու դէպի հիւպատոսարանի փողոցը, հետեւաբար, չարտօնեցին նաեւ որ ցոյցը ներկայացնող պատասխանատուներու պատուիրակութիւնը մօտենայ ու յանձնէ յուշագիրը, այլ՝ թելադրեց պատի մը վրայ փակցնել հայութեան պահանջները: Ցուցարարները աւելի բարձրաձայն հնչեցուցին արդարութեան ձայնի պահանջները: Ի վերջոյ, երիտասարդները յունարէն լեզուով խօսք առին եւ ոգեշնչող ու խրախուսիչ պատգամներով յորդորեցին բոլորին, վճռակամ քայլերով շարունակել մեր երթը, յանուն արդարութեան, յանուն պահանջատէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու մանաւանդ յանուն մեր ս. նահատակներու թափած արիւնի ամէն մէկ կաթիլին փոխարէն:
Բողոքի ցոյցը եզրափակուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի ազգային քայլերգներով:
Քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկ
Կիրակի, 27 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի եւ Թեսաղոնիկէի մարզպետարանի համակազմակերպութեամբ, «Վելիտիօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկ, ներկայութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեանի, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Գասպարեանի, Թեսաղոնիկէի մէջ Հ.Հ. հիւպատոս Սարգիս Տանկազեանի, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի, ազգ. կառոյցներու եւ հաստատութիւններու, միութիւններու, ինչպէս նաեւ հոգեւոր, քաղաքական ու պետական անձնաւորութիւններու եւ յոյն ու հայ ժողովուրդի ներկայութեան: Նշենք նաեւ, որ սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սերրեսի մեր հայրենակիցները:
Ներկայ էին նաեւ ներքին գործոց նախարար Քոսթաս Կիւլեքաս, զարգացման փոխնախարար Սթաւրոս Քալաֆաթիս, աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան փոխնախարար Աննա Էֆթիմիու, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ երեսփոխան Տիամանտիս Քոլիտաքիս, կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետարանի ներկայացուցիչ Աթինա Աթանասիատու, քաղաքապետի ներկայացուցիչ Սթելիոս Ակելուտիս եւ մեծ թիւով պաշտօնական ներկայացուցիչներ եւ բաձրաստիճան հիւրեր։
Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարուեցաւ Երիտ. միութեան անդամ ընկ. Գրիգոր Մարուքեանի կողմէ: Ապա հրաւիրուեցան քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւնները եւ իրենց ողջոյնի խօսքը փոխանցեցին։ Հ.Հ. դեսպանի խօսքը արտասանեց հիւպատոս Լիանա Մարութեան։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան ուղերձը տուաւ ընկ. Անի Մոսինեան։
Ձեռնարկին բանախօսեց Յունաց սպայից ակադեմիոյ դասախօս տոքթ. Քոնստաթինոս Ղրիւաս՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը թրքական աշխարհաքաղաքական ինքնութիւնը եւ նոր միջազգային համակարգը» խորագիրով: Յատկանշական էր դասախօսի խօսքին մէջ արտասանուած «Յունաստանի պաշտպանական գիծը կը սկսի Արցախէն» բանաձեւումը։
Մշակութային յայտագիրի ծիրէն ներս, հանդէս եկաւ երաժիշտ Եաննիս Ցիցելիքիս, որ ջութակի ընկերակցութեամբ հրամցուց հոգեւոր երաժշտութեան նմուշներ: Ապա, հանդէս եկաւ հոգեւոր կեդրոնի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ալքիսթիս Թոյասի, որ նուիրեց զանազան հոգեւոր երգեր:
Ելոյթէն անմիջապէս ետք, բոլոր ներկաները, քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւնները, թափօր կազմած, քայլարշաւ կատարեցին դէպի Երրորդ զօրաբանակի Անծանօթ զինուորի յուշարձանը՝ ծաղկեպսակներ զետեղելու համար:
Ելոյթը եզրափակուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի հանրապետութիւններու ազգային քայլերգներու կատարումով:
ԹՂԹԱԿԻՑ