Ուր­բաթ, 11 ­Հոկ­տեմ­բեր 2024-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8։30-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Թարգ­ման­չաց Ս. ­Վար­դա­պե­տաց տօ­նի Ս. պա­տա­րա­գը, կա­տա­րո­ղու­թեամբ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նի։
Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ գերպ. Տ. ­Սա­հակ ծ.վրդ. Ե­մի­շեան։
­Ներ­կայ էին ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազգ. ­Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սուց­չա­կան կազմն ու ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը։
­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին դպրաց դա­սը եւ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը։ Ս. խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին նաեւ խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։
Ա­ւար­տին Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը, ա­շա­կերտ­նե­րուն փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը։ Ան նախ անդ­րա­դար­ձաւ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի, Ս. ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւի եւ թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր ու ազ­գա­նո­ւէր ա­ռա­քե­լու­թեան եւ հա­յե­րէն գի­րե­րու գիւ­տին մա­սին։ Ա­պա քա­ջա­լե­րեց ու մղեց ա­շա­կերտ­նե­րուն, որ­պէս­զի հա­յե­րէն մայ­րե­նի լե­զուն խօ­սին նա մա­նա­ւանդ տու­նե­րէն ներս։ Ա­պա վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սուց­չա­կան կազմն ու ա­շա­կերտ­նե­րը ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ա­ռաջ­նորդ` գերպ. Տ. ­Սա­հակ ծ.­վար­դա­պե­տի ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը։ Ետ­քը ե­կե­ղեց­ւոյ գրա­սե­նա­կէն ներս, ­Տիկ­նանց մար­մի­նը հիւ­րա­սի­րու­թեամբ մը պա­տո­ւեց Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը։

Թղթակից