Ծ.Խ. Իր շա­հե­կա­նու­թեան հա­մար, ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Ա­նի Ա­բի­կեա­նի խօս­քը՝ ար­տա­սա­նո­ւած Ս. ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­լոյ­թին։

ԱՆԻ ԱԲԻԿԵԱՆ

Աշ­նան այս ոս­կե­զօծ օ­րե­րուն, ­Սուրբ ­Խա­չի տօ­նէն շա­բաթ­ներ ետք, հա­յոց ե­կե­ղե­ցի­նե­րու զան­գե­րը կը ղօ­ղան­ջեն՝ յա­տուկ քաղց­րու­թեամբ, ա­ւե­տե­լու հա­մար մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­մէ­նէն նո­ւի­րա­կան եւ սի­րո­ւած ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նե­րէն մէ­կը` ­Թարգ­ման­չա­ցը:
Եւ ճիշդ ա­սոր հա­մար է հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մեր մեծ ըն­տա­նի­քին, ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս մեր բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար՝ պայ­ծառ լոյ­սով ու ա­րե­ւա­շող ջեր­մու­թեամբ լե­ցուն, հո­գե­հա­րա­զատ տօն մըն է: Օր մը, ուր կրթօ­ճախ­նե­րէն ներս խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը փա­ռա­բա­նենք մայ­րե­նի լե­զուն եւ այն ոս­կե­ղէն տա­ռե­րը, ո­րոնց­մով հայ մա­նու­կը կը ծաղ­կի ու հա­սակ կը նե­տէ ա­մէն օր:
­Մեր օ­րա­ցոյ­ցին մէջ այս օ­րը պսա­կո­ւած է վեհ ու հան­դի­սա­ւոր ա­նու­նով մը. «­Տօն Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց ­Վար­դա­պե­տացն մե­րոց»:
­Բայց ի՞նչ կը թաք­նո­ւի այս հնա­մե­նի եւ ծան­րակ­շիռ խօս­քե­րուն ե­տին: ­Հոն կը բա­բա­խէ մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կեն­դա­նի սիր­տը: Ա­նոր մէջ ար­ձա­նագ­րուած է մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր ծննդեան վկա­յա­կա­նը: Այ­սօր մենք կը դառ­նանք ա­կա­նա­տես ու ժա­ռան­գորդ այն մե­ծա­գոյն հրաշ­քին, երբ հա­յոց գի­րե­րու գիւ­տով Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւե­ցաւ եւ ­Թարգ­ման­չաց հզօր շար­ժու­մով մար­մին ա­ռաւ հայ դպրու­թիւ­նը:
­Մես­րոպ ­Մաշ­տոցն ու ­Սա­հակ ­Պար­թեւ կա­թո­ղի­կո­սը ի­րենց նո­ւի­րեալ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ միաս­նա­բար՝ լու­սա­ւոր գոր­ծով ի­րա­գոր­ծե­ցին հո­գե­ւոր փա­ռա­հեղ յե­ղաշր­ջում մը, քան­դե­լով օ­տար հնչիւն­նե­րու այն պատ­նէ­շը, որ կը բաժ­նէր ժո­ղո­վուր­դը իր հա­ւատ­քէն. որ­պէս­զի Ա­ւե­տա­րա­նի լոյ­սը հա­րա­զատ բա­ռե­րով հնչէ  հա­յուն: Այդ օ­րը ա­նոնք քրիս­տո­նէու­թիւ­նը հիւ­սե­ցին հա­յոց դպրու­թեան, կեր­տե­լով մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ մեր հա­ւատ­քի այն յա­ւեր­ժա­կան միու­թիւ­նը, որ այ­լեւս ո՛չ մէկ ուժ պի­տի կա­րե­նար բաժ­նել:
­Պատ­մու­թիւ­նը մե­զի յստա­կօ­րէն ցոյց կու տայ, որ ազ­գե­րու ճա­կա­տա­գի­րը կ­՚ո­րո­շուի ա­նոնց հո­գե­ւոր հիմ­քե­րով: 301 թո­ւա­կա­նին, երբ մենք՝ որ­պէս աշ­խար­հի ա­ռա­ջին ազգ, Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը ըն­դու­նե­ցինք իբ­րեւ պե­տա­կան  կրօն՝ հսկա­յա­կան քայլ մը ա­ռինք: ­Բայց այդ հա­ւատ­քը դեռ ամ­բող­ջու­թեամբ մե­րը չէր: ­Մօտ մէկ դար, հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ Աս­տու­ծոյ խօս­քը կը հնչէր օ­տար լե­զու­նե­րով՝ յու­նա­րէ­նով եւ ա­սո­րե­րէ­նով: ­Ժո­ղո­վուր­դը կը հա­ւա­տար, բայց չէր հասկ­նար իր ա­ղօթ­քը: Կ­րօն­քը կը մնար ան­հասկ­նա­լի՝ չթա­փան­ցե­լով հա­յուն մտա­ծո­ղու­թեան խոր­քը: Եւ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը պարզ է. ե­թէ հա­ւատ­քը չի խօ­սիր ժո­ղո­վուր­դի մայ­րե­նի լե­զո­ւով, օ­տա­րա­լե­զու կրօն­քը ա­րա­գօ­րէն կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին ձուլ­ման:
­Յատ­կա­պէս 5-րդ ­դա­րու սե­մին, երբ ­Հա­յաս­տան քա­ղա­քա­կա­նա­պէս պա­ռակ­տո­ւած էր հզօր պարս­կա­կան եւ բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ, ֆի­զի­քա­կան ու հո­գե­ւոր ոչն­չաց­ման վտան­գը ա­ւե­լի քան ի­րա­կան էր: Այս հանգ­րո­ւա­նին, ար­ժէ պահ մը խոր­հիլ. կրնա՞ր ար­դեօք ազգ մը, հա­ւատք մը կամ քա­ղա­քակր­թու­թիւն մը անց­նիլ դա­րե­րու ընդ­մէ­ջէն՝ ա­պա­ւի­նե­լով միայն բա­նա­ւոր խօս­քին: Կր­նա՞ր պատ­մու­թիւ­նը դի­մադ­րել ժա­մա­նա­կի մո­ռա­ցու­թեան, ե­թէ ապ­րէր միայն իբ­րեւ հո­վին խառ­նո­ւող ան­ցո­ղիկ հնչի՞ւն:
Բ­նա­կա­նա­բար ոչ. յա­ւեր­ժա­նա­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ էր գրա­ւոր խա­րիսխ մը: Ա­հա այս մթա­մած եւ ճա­կա­տագ­րա­կան պայ­ման­նե­րուն մէջ էր, որ ­Սուրբ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց, ձգե­լով ար­քու­նի պաշ­տօնն ու զի­նո­ւո­րա­կան աս­պա­րէ­զը, ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւե­ցաւ այս փրկա­րար գոր­ծին: Եր­կար պրպտում­նե­րէ ետք, խո­րունկ ա­ղօթ­քի, խո­կու­մի եւ աս­տո­ւա­ծա­յին տե­սիլ­քի մէջ, ան 405 թո­ւա­կա­նին յայտ­նա­գոր­ծեց  հա­յե­րէն տա­ռե­րը: Եւ ան­մի­ջա­պէս սկսաւ թարգ­մա­նու­թիւ­նը:
­Հա­յե­րէն տա­ռե­րով գրո­ւած ա­ռա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը ե­ղաւ ­Սո­ղո­մո­նի Ա­ռակ­նե­րէն՝ «­Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ, ի­մա­նալ զբանս հան­ճա­րոյ», որ պար­զա­պէս կը նշա­նա­կէ՝ ճանչ­նալ ի­մաս­տու­թիւնն ու խրա­տը, եւ հասկ­նալ հան­ճա­րին խօս­քե­րը:
­Սա­կայն ­Սուրբ ­Գիր­քի ամ­բող­ջա­կան թարգ­մա­նու­թիւ­նը ե­րե­սո՜ւն տա­րո­ւան ան­դուլ, համ­բե­րա­տար եւ ման­րակրկիտ աշ­խա­տանք պա­հան­ջեց: Այն­քան ճշգրիտ, հա­րուստ եւ գե­ղե­ցիկ էր ար­դիւն­քը, որ օ­տար գիտ­նա­կան­ներն  զայն ա­նո­ւա­նե­ցին «­Թա­գու­հի ­Թարգ­մա­նու­թեանց»: Այս հսկա­յա­կան ի­րա­գոր­ծու­մը յա­ջո­ղե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ ­Սա­հակն ու ­Մես­րո­պը մի­նակ չէին: Ա­նոնք ի­րենց շուրջ հա­մախմ­բե­ցին հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի լու­սա­միտ ու խան­դա­վառ ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ մեր ա­ւագ եւ կրտսեր թարգ­մա­նիչ­նե­րը:
­Պահ մը պատ­կե­րաց­նենք այս նո­ւի­րեալ պա­տա­նի­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը. ա­նոնք կտրե­ցին ցա­մաք­ներ ու ծո­վեր, հա­սան ժա­մա­նա­կի մտքի մե­ծա­գոյն կեդ­րոն­նե­րը՝ Ա­թէնք, Ա­ղեք­սանդ­րիա եւ ­Բիւ­զան­դիոն եւ ամ­բա­րե­ցին հա­մաշ­խար­հա­յին գի­տու­թեան լոյ­սը: ­Բայց օ­տար աշ­խարհ­նե­րու հմայ­քը եր­բե՛ք չկրցաւ պո­կել զի­րենք հա­րա­զատ ար­մատ­նե­րէն… վե­րա­դար­ձան հայ­րե­նիք, որ­պէս­զի այդ հա­մա­մարդ­կա­յին գան­ձը տա­րա­ծեն հայ­կա­կան նո­րաս­տեղծ տա­ռե­րուն մէջ:
Ա­նոնք դար­ձան ինք­նու­րոյն գրա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րը… ա­նոնց գրի­չով հայ հո­գին գտաւ իր սե­փա­կան ձայնն ու մե­ղե­դին… ­Ճիշդ այդ պա­հուն էր, որ ար­շա­լոյ­սի պէս բա­ցո­ւե­ցաւ հայ մշա­կոյ­թի անն­ման ծաղ­կու­մը. լե­զուն սկիզբ տո­ւաւ ա­րո­ւես­տին. քա­րը սկսաւ խօ­սիլ խաչ­քա­րե­րու ճամ­բով. իսկ մա­գա­ղա­թը գոյն ա­ռաւ ման­րան­կար­չու­թեամբ. աշ­խար­հի ի­մաս­տու­թիւ­նը հայ­րե­նի հո­ղին վրայ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ բար­գա­ւաճ մշա­կոյ­թի: Այս մտա­ւոր ա­րա­րու­մէն ծնաւ  Ոս­կե­դա­րը՝ որ­պէս ­Թարգ­ման­չաց անգ­նա­հա­տե­լի գոր­ծի շքե­ղա­գոյն պսա­կում: Այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն շնոր­հիւ էր, որ հայ միտ­քը թե­ւեր ա­ռաւ, իսկ մեր մայ­րե­նին դար­ձաւ ա­ղօթք, վի­պեր­գու­թիւն եւ փի­լի­սո­փա­յու­թիւն:
Ինչ­պէ՞ս մոռ­նալ ­Կո­րիւն Ս­քան­չե­լին, որ իր ու­սու­ցի­չին հան­դէպ ան­սահ­ման սի­րով ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ գրեց ա­ռա­ջին հա­յե­րէն ինք­նու­րոյն գիր­քը՝«­Վարք ­Մաշ­տո­ցի», մե­զի կտա­կե­լով ­Մաշ­տո­ցի լու­սա­ւոր կեր­պա­րը:
Ինչ­պէ՞ս չյի­շել Եզ­նիկ ­Կող­բա­ցին, որ իր հզօր փի­լի­սո­փա­յու­թեամբ մաք­րեց հա­յոց միտ­քը օ­տար ու կեղծ ուս­մունք­նե­րէ՝ պաշտ­պա­նե­լով մեր մաք­րա­պայ­ծառ հա­ւատ­քը:
Ար­դեօք ո՞վ կրնար փո­խան­ցել մեր ար­մատ­նե­րուն հպար­տու­թիւ­նը, ան­ցեա­լի յի­շո­ղու­թիւնն ու ա­պա­գա­յի տե­սիլ­քը, ե­թէ ոչ մեր ­Պատ­մա­հայ­րը՝ ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցին:
Իսկ ինչ­պէ՞ս պի­տի ճանչ­նա­յինք մեր հե­րո­սա­կան ո­գիին վե­հու­թիւ­նը, ե­թէ Ե­ղի­շէ ­Պատ­մի­չը իր ո­գե­շունչ գրի­չով չան­մա­հաց­նէր ­Վար­դա­նանց դիւ­ցազ­նա­մար­տը՝ սոր­վեց­նե­լով մե­զի գի­տակ­ցո­ւած մա­հուան ան­մա­հու­թիւ­նը:
Եւ այս լու­սա­ւոր շար­ժու­մը եր­բեք կանգ չա­ռաւ: Այս նոյն տա­ռե­րու կա­խար­դա­կան զօ­րու­թեամբ էր, որ դա­րեր ետք, Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցին մեր մայ­րե­նի լե­զուն վե­րա­ծեց մա­քուր ա­ղօթ­քի եւ զայն միա­խառ­նեց աս­տո­ւա­ծա­յին լոյ­սին. իսկ ­Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լին մեր ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն տակ հիւ­սեց հրեշ­տա­կա­յին այն մե­ղե­դի­նե­րը, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր հո­գե­պա­րար ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ կը հնչեն հա­յոց խո­րան­նե­րէն:
Այս հանգ­րո­ւա­նին ար­ժէ պահ մը կանգ առ­նել եւ խոր­հիլ մեր պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն հրաշ­քին մա­սին:
­Պատ­մու­թեան քա­ռու­ղի­նե­րուն վրայ թշնա­մի­նե­րը ե­կան ու դեռ կան… ա­նոնք կրցան քան­դել մեր քա­րա­շէն հո­յա­կապ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը: 11-րդ ­դա­րուն ա­նոնք ա­ւե­րե­ցին մեր փա­ռա­պանծ մայ­րա­քա­ղաք Ա­նին՝ «­Հա­զար ու մէկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու քա­ղա­քը», խլե­լով մեր պե­տա­կա­նու­թիւնն ու թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը:
­Հա­րիւ­րա­մեակ­ներ ետք, ա­նոնք հրկի­զե­ցին մեր վան­քերն ու սրբա­վայ­րե­րը:
Եւ ա­ւա՜ղ, այդ ա­ւե­րը միայն ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան է­ջե­րուն մէջ չմնաց. նոյ­նիսկ մեր օ­րե­րուն, մենք սրտի խոր կսկի­ծով ա­կա­նա­տես ե­ղանք Ար­ցա­խի մեր դա­րա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, խաչ­քա­րե­րուն եւ սրբա­վայ­րե­րուն կո­րուս­տին:
­Բայց ա­նոնք եր­բե՛ք, չկրցան քան­դել այն ան­տե­սա­նե­լի հո­գե­ւոր ե­կե­ղե­ցին, զոր մեր ­Թարգ­մա­նիչ ­Հայ­րե­րը կա­ռու­ցե­ցին մեր ոս­կե­ղէն տա­ռե­րով:
­Հայ Ե­կե­ղե­ցին, իր ձեռ­քին ու­նե­նա­լով հա­յե­րէն Աս­տո­ւա­ծա­շունչն ու մա­տե­նագրու­թիւ­նը, դար­ձաւ պե­տու­թիւն՝ ան­պե­տու­թիւն մնա­ցած հա­յու­թեան հա­մար:
Եւ ա­սոր ա­մէ­նէն ցնցող ա­պա­ցոյ­ցը  տե­սանք 1915-ի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ող­բեր­գա­կան օ­րե­րուն: Երբ հա­յը կը քշո­ւէր դէ­պի աք­սո­րի ա­նա­պատ­նե­րը, ի՞նչ փրկե­ցին հայ մայ­րե­րը: Ա­նոնք չփրկե­ցին ի­րենց հարս­տու­թիւ­նը կամ ոս­կին, այլ ի­րենց կուրծ­քին սեղ­մած՝ փրկե­ցին հա­յոց գիրքն ու մա­գա­ղաթ­նե­րը: Այս ան­բաղ­դա­տե­լի հե­րո­սու­թեան ա­մէ­նէն յու­զիչ եւ խորհրդան­շա­կան դրո­ւագ­նե­րէն մէ­կը պա­տա­հե­ցաւ Մ­շոյ «Ա­ռա­քե­լոց» վան­քին մէջ: Աք­սո­րի ճամ­բուն վրայ, եր­կու հայ կի­ներ, մոռ­նա­լով սովն ու յոգ­նու­թիւ­նը, ի­րենց ու­սե­րուն ա­ռին մեր ա­մէ­նէն մեծ մա­գա­ղա­թեայ ձե­ռա­գի­րը,   «Մ­շոյ ­Ճա­ռըն­տի­րը»: Ա­նոնք այս հսկայ գիր­քը եր­կու­քի բաժ­նե­ցին ու սուրբ ուխտ մը ը­րին. ե­թէ ի­րենց­մէ մէ­կը իյ­նար ա­նա­պա­տի ճամ­բա­նե­րուն վրայ, միւ­սը կեան­քի գնով  պի­տի փրկէր գիր­քին միւս կէ­սը եւ ա­պա­հով պի­տի հասց­նէր հայ­րե­նի հող:
­Պատ­կե­րա­ցու­ցէ՛ք այս տիե­զե­րա­կան հրաշ­քը. հայ մար­դը պատ­րաստ էր ա­մէն ինչ կորսնց­նել. միայն թէ փրկէր մեր ­Թարգ­մա­նիչ­նե­րու ստեղ­ծած գիրն ու մայ­րե­նի խօս­քը: Ա­նոնք հասկ­ցած էին մե­ծա­գոյն ճշմար­տու­թիւն մը. մեր լե­զուն պար­զա­պէս հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց չէր, այլ մեր ազ­գի անջն­ջե­լի անձ­նա­գիրն էր, մեր գո­յու­թեան ան­քակ­տե­լի վկա­յա­կա­նը:
­Պա­տա­հա­կան չէ, երբ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք հա­զա­րա­ւոր հայ որ­բեր ա­պաս­տան գտան որ­բա­նոց­նե­րուն մէջ, ա­նոնց սոր­վե­ցու­ցած ա­ռա­ջին դա­սը ըլ­լա­լով ­Մաշ­տո­ցեան տա­ռե­րը: Ո­րով­հե­տեւ մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­րը լաւ գի­տէին՝ հայ­րե­նի հո­ղէն զրկո­ւած այդ մա­նուկ­նե­րուն միակ իս­կա­կան եւ ան­կորն­չե­լի հայ­րե­նի­քը հա­յոց լե­զուն էր: Ա­նոնց­մով ա­նոնք նո­րէն կեանք գտան. այդ սուրբ գի­րե­րով է որ մենք այ­սօր կրնանք հա­յե­րէ­նով ա­ղօ­թել, խօ­սիլ, պատ­մել, սոր­վիլ, յի­շել ու ստեղ­ծա­գոր­ծել…
­Տե­ղա­հա­նու­թեան սեւ օ­րե­րուն, քա­նի՜-քա­նի՜ հո­գի­ներ ի­րենց վեր­ջին շուն­չով մրմնջա­ցին «­Հայր ­Մեր»-ը: Եւ ա­սի­կա պար­զա­պէս ան­ցեալ չէ. այ­սօր իսկ,  Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ո­րե­ւէ լքո­ւած, կի­սա­ւեր ե­կե­ղե­ցիէ ներս, զգա­լի կ­‘ըլ­լայ, թէ ինչ­պէ՛ս քա­րե­րուն մէ­ջէն անլ­ռե­լիօ­րէն կը ղօ­ղան­ջէ «­Տէր Ո­ղոր­մեա»-ն: Ո­րով­հե­տեւ հիւ­սո­ւած ա­ղօթ­քը եր­բեք չի մեռ­նիր. ա­նի­կա կ­‘ապ­րի պա­տե­րէն դուրս ու կը շա­րու­նա­կէ հնչել ժա­մա­նա­կի ան­վեր­ջու­թեան մէջ…
Իսկ մեր ար­ցունքն ու տա­ռա­պա՞ն­քը… ա­նոնք չկոր­սո­ւե­ցան ա­նա­պա­տի հովե­րուն մէջ, ո­րով­հե­տեւ պատ­մու­թեան բեմ բարձ­րա­ցաւ մեր նո­րօ­րեայ ­Թարգ­մա­նի­չը՝ ան­զու­գա­կան ­Մեծն ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տը: ­Կո­մի­տա­սը հա­ւա­քեց հայ գիւ­ղա­ցիի պարզ եր­գը, հա­յուն լացն եւ ու­րա­խու­թիւ­նը, սա­րե­րու հովն ու հո­գե­ւոր շա­րա­կան­նե­րը: Ան թարգ­մա­նեց մեր ցա­ւը՝ զայն վե­րա­ծե­լով ան­մահ ե­րաժշտու­թեան: Եւ այ­սօր, երբ  կ­‘ունկնդ­րենք ­Կո­մի­տա­սի ­Պա­տա­րա­գը, կը լսենք մեր նա­հա­տակ­նե­րու ձայ­նը… ձայն մը սրբա­ցած, որ եր­բեք պի­տի չլռէ:
­Կո­րուս­տի դէմ՝  կանգ­նե­ցու­ցինք կեան­քը… խա­ւա­րի դէմ՝ վա­ռե­ցինք գի­րի, եր­գի ու հա­ւատ­քի լոյ­սը… հա­զար ու մէկ ար­հա­ւիրք ե­կան ու ան­ցան, բայց ո՛չ մէկ ուժ կրցաւ հա­յուն հո­գիէն խլել  իր հա­ւատ­քը եւ լե­զուն:
Եւ երբ հա­յը ստեղ­ծեց Ս­փիւռ­քը, փո­խա­նակ ձու­լո­ւե­լու օ­տար ով­կիա­նոս­նե­րուն մէջ, ան ­Թարգ­ման­չաց  լոյ­սը վե­րա­ծեց նոր, շար­ժա­կան հայ­րե­նի­քի: ­Հա­յը դար­ձաւ աշ­խար­հի այն ե­զա­կի ազ­գե­րէն մէ­կը, որ դեռ պե­տու­թիւն չու­նե­ցած, ստեղ­ծեց իր տպագ­րու­թիւ­նը:
Ար­դէն 1512 թո­ւա­կա­նին, ­Վե­նե­տի­կի մէջ լոյս տե­սաւ ա­ռա­ջին հա­յա­լե­զու գիր­քը՝ ­Յա­կոբ ­Մե­ղա­պար­տի Ուր­բա­թա­գիր­քը: Ան­կէ ետք, աշ­խար­հի հայ­կա­կան տպա­րան­նե­րը ծաղ­կե­ցան  սկիզբ դնե­լով հայ մա­մու­լին: ­Մին­չեւ մեր օ­րե­րը եւ յատ­կա­պէս հոս՝ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, մեր օ­րա­թեր­թը կը մնայ այն  կա­մուր­ջը, որ հա­յա­տառ լու­րե­րով կը միաց­նէ մեզ։
Ա­նոնց է­ջե­րուն վրայ, մայ­րե­նին կը դառ­նայ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն, մշա­կոյթ եւ մեր ա­ռօ­րեայ միաս­նու­թեան խօ­սուն վկան:
Տ­պա­րան­նե­րէն դուրս ե­կող իւ­րա­քան­չիւր հա­յե­րէն գիրք՝ մեր նո՛ր  ամ­րոցն դար­ձաւ Ս­փիւռ­քի մէջ:
Աշ­խար­հի որ ան­կիւնն ալ ուր հա­յը հա­սաւ, հա­զիւ  իր նոր օ­ճա­խը հաս­տա­տուած, կա­ռու­ցեց Ե­կե­ղե­ցի եւ ա­նոր կող­քին՝ Դպ­րոց: Ու այս­պէս ալ ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին, երբ 1922-ի ա­լե­կո­ծում­նե­րէն ետք հիւ­րըն­կալ այս ա­փե­րը հա­սած գաղ­թա­կան հա­յե­րը՝ հիւ­սի­սէն հա­րաւ, հիմ­նե­ցին հա­ւատ­քի ու կրթու­թեան նոր տա­պան­ներ:
Եւ ա­մէ­նէն կեն­դա­նի վկա­յու­թիւ­նը ճիշդ այս  հողն է, ուր հա­ւա­քո­ւած ենք այ­սօր: ­Գո­քի­նիոյ մէջ հաս­տա­տո­ւե­լով, ա­նոնք ա­ռա­ջին հեր­թին կանգ­նե­ցու­ցին ­Սուրբ ­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցին ու ա­նոր հո­վա­նիին տակ գոր­ծող մեր այս կրթօ­ճա­խը: Ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք լաւ գի­տէին, որ ա­ռանց հա­ւատ­քի եւ ա­ռանց մայ­րե­նիի՝ գո­յա­տե­ւու­մը հնա­րա­ւոր պի­տի չըլ­լար:
Այս խո­րունկ ճշմար­տու­թիւ­նը լա­ւա­գոյնս զգաց մեր մեծ բա­նաս­տեղծ ­Վա­հան ­Թէ­քէեա­նը, երբ ­Հայ Ե­կե­ղե­ցին կո­չեց. «Ծնն­դա­վայրն է հոգ­ւոյս»:
­Հոն, ուր հա­յուն հա­ւատքն ու հա­յե­րէն խօս­քը կը միա­խառ­նո­ւին ու կը դառ­նան ան­բա­ժա­նե­լի ամ­բող­ջու­թիւն մը: Եւ ճիշդ այդ սրբա­զան միու­թե­նէն ծնունդ ա­ռաւ մեր գիրն ու բա­նը: ­Մե­զի հա­մար մայ­րե­նին, ա­րո­ւես­տի սահ­ման­նե­րէն ան­դին անց­նե­լով, դար­ձաւ մեր ինք­նու­թեան հիմ­քը,  ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Դպ­րո­ցի կեն­դա­նի ար­ձա­գան­գը:
Այս նո­ւի­րա­կան կտա­կը միշտ վառ մնաց: ­Մեր գրող­նե­րը, ­Թարգ­ման­չաց ա­ւան­դը ստանձ­նե­լով, դար­ձան մեր ազ­գա­յին խղճի ձայ­նը:
Երբ մեր ինք­նու­թիւ­նը վտան­գո­ւած էր 19-րդ ­դա­րուն, ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նը հնչե­ցուց իր ա­հա­զան­գը. «­Ձեր լե­զուն, ձեր հա­ւատ­քը պինդ բռնե­ցէք»:
Երբ պէտք էր վե­րագտ­նել մեր լե­զո­ւի գե­ղեց­կու­թիւ­նը, Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցը գրեց. «Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի ա­րե­ւա­համ բառն եմ սի­րում»:
Իսկ Ս­փիւռ­քի մէջ, ուր ձուլ­ման վտան­գը ա­մե­նօ­րեայ մար­տահ­րա­ւէր է, ­Մու­շեղ Իշ­խա­նը մե­զի  մի՜շտ պի­տի  յի­շեց­նէ… «­Հայ լե­զուն տունն է հա­յուն՝ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն»:
Այս տու­նը, որ հիմ­նադ­րո­ւե­ցաւ ­Մաշ­տո­ցի եւ ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւի կող­մէ, այ­սօր կան­գուն է շնոր­հիւ մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ վար­ժա­րան­նե­րուն:
Եւ այ­սօ­րո­ւան այս հո­յա­կապ կա­ռոյ­ցին ա­մէ­նէն կեն­դա­նի ա­պա­ցոյ­ցը մեր մէջն է, որ կը կեն­դա­նա­նայ մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն լու­սա­ւոր ժպիտ­նե­րով, ի­րենց քաղցր եր­գե­րով ու հա­յե­րէն խօս­քով:
Երբ կը տօ­նենք ­Թարգ­ման­չա­ցը, ինք­նա­բե­րա­բար հարց կը ծա­գի մեր մտքին մէջ. ի՞նչ կը խօ­սի այս դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­կից  հա­յուն: ­Պա­տաս­խա­նը մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւն է. ա­նի­կա մեր այ­սօ­րո­ւան կեն­դա­նի պայ­քարն է:
­Ճիշդ է թէ՝ մեր Ե­կե­ղե­ցին ու հայ դպրո­ցը դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւին նոր, լուռ եւ նոյն­քան լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու՝ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հզօր ա­լիք­նե­րուն, ա­րագ ձուլ­ման եւ օ­տա­րաց­ման վտան­գին: ­Մա­նա­ւանդ այ­սօր, երբ բո­լորս կը տես­նենք թէ՝ ­Մայր հայ­րե­նի­քի եր­կին­քին տակ, փո­թո­րիկ­նե­րը եր­բեք չեն խա­ղա­ղիր եւ վտան­գը միշտ ար­թուն կը մնայ…
Ա­հա՛ թէ ին­չու 5-րդ ­դա­րու պատ­գա­մը կը դառ­նայ այժ­մէա­կան:
Ինչ­պէս ­Մաշ­տոցն ու ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւը մեր ոս­կե­ղէն տա­ռե­րով հո­գե­ւոր վա­հան մը կեր­տե­ցին, այն­պէս ալ այ­սօր, հայ դպրո­ցի կրթա­կան մշակ­ներն ու մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­րը կը շա­րու­նա­կեն նոյն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:
Ա­նոնք ան­խոնջ կը ջա­նան, որ­պէս­զի ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի այս հսկայ ով­կիա­նո­սին մէջ՝ մեր նոր սե­րուն­դը վառ պա­հէ մեր ինք­նու­թեան կրա­կը. իր հնչեղ ձայ­նը լսե­լի դարձ­նէ  ու դառ­նայ մեր դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան կեն­դա­նի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը…լե­զուն ու հա­ւատ­քը ապ­րեց­նե­լով ո՛չ իբ­րեւ ան­ցեա­լի կա­րօտ, այլ իբ­րեւ բա­բա­խող սիրտ եւ պայ­ծառ ա­պա­գայ…
Եւ նա­յե­լով այս նոր սե­րուն­դին՝ կը գի­տակ­ցինք մե­ծա­գոյն ճշմար­տու­թիւն մը. ա­նոնց­մով է, որ հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը դուրս կու գայ գիր­քե­րու է­ջե­րէն ու կը վե­րա­ծո­ւի շնչող ներ­կա­յի: Ա­հա թէ ին­չո՛ւ մեր ա­շա­կերտ­ներն են մեր այ­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան ­Թարգ­մա­նիչ­նե­րը:
Ա­մէն օր, երբ մեր զա­ւակ­նե­րը կը մտնեն վար­ժա­րա­նէն ներս ու ման­կա­կան ձայ­նե­րով կը հնչեց­նեն ա­ռա­ւօ­տեան «­Հայր ­Մեր»-ը, երբ հա­յե­րէն էջ մը կը բա­նան, կը զրու­ցեն կամ խնամ­քով տառ մը կը գծեն տետ­րակ­նե­րուն մէջ՝ ճա­շա­կե­լով մայ­րե­նիին քաղց­րու­թիւ­նը, ա­նո՛նք կը սոր­վին մե­ծա­գոյն դա­սը. թէ՛ հա­յոց լե­զուն պար­զա­պէս բա­ռե­րու հա­ւա­քա­ծոյ չէ, այլ՝ մեր հա­ւա­քա­կան պատ­մու­թիւ­նը, մեր յի­շո­ղու­թիւնն ու բարձ­րա­գոյն մշա­կոյ­թը… իւ­րա­քան­չիւր տա­ռով, զոր ա­նոնք կը փո­րագ­րեն ի­րենց միտ­քե­րուն մէջ, կը շա­րու­նա­կեն ­Թարգ­ման­չաց սուրբ գոր­ծը՝ կեր­տե­լով ի­րենց սե­փա­կան ան­խոր­տա­կե­լի վա­հա­նը… այդ վա­հա­նո՛վ է, որ ա­նոնք պի­տի պաշտ­պա­նեն ի­րենց հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը աշ­խար­հի հո­վե­րէն… ա­նոնց­մո՛վ կ­‘ի­րա­գոր­ծո­ւի մեր ազ­գի ա­մէ­նօ­րեայ յա­րու­թիւ­նը:
­Հե­տե­ւա­բար, հա­յուն հա­մար աշ­խար­հի վրայ գո­յու­թիւն ու­նին եր­կու նո­ւի­րա­կան ձայ­ներ, ո­րոնք յա­ւեր­ժօ­րէն շաղ­կա­պո­ւած են ի­րա­րու:  ­Մէ­կը ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գակն է՝ որ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ ան­մար կը պա­հէ մեր հա­ւատ­քը, իսկ միւ­սը՝ ­Հայ Դպ­րո­ցի զանգն է, որ մեր մա­նուկ­նե­րուն շուր­թե­րուն վրայ ­Մաշ­տո­ցեան հրաշ­քը կը ծաղ­կեց­նէ: Այս ան­բա­ժա­նե­լի զոյգն է, որ կը հան­դի­սա­նայ հա­յու ո­գիի կեն­դա­նի զար­կե­րա­կը:
­Թող  այս լու­սե­ղէն  ղօ­ղանջ­նե­րը միշտ ար­ձա­գան­գեն ա­նոնց սրտե­րուն մէջ…մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ լոյսն ու մայ­րե­նիին  շքե­ղու­թիւ­նը՝  ան­բա­ժան ու­ղե­կից ըլ­լան մեր հրաշք ա­շա­կերտ­նե­րուն…ի­րենց կեան­քի բո­լոր բա­րե­բեր ու­ղի­նե­րուն վրայ…
Ան­կաս­կա՛­ծօ­րէն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բող ման­կա­վար­ժի մը հա­մար՝, չկայ ա­ւե­լի մեծ պար­գեւ, քան ունկնդ­րել ու վա­յե­լել հայ մա­նու­կին հա­յե­րէն երգն ու խօս­քը…ա­կա­նա­տես ըլ­լալ, թէ ինչ­պէ՛ս ա­մէն մէկ բա­ռի ու փսփսու­քի ընդ­մէ­ջէն տա­ռե­րը ձեւ եւ գոյն կը ստա­նան՝ հիւ­սե­լու մեր ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ հե­քիա­թը:
Շ­նոր­հա­ւոր բո­լո­րիս ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը: