Զգայացունց փաստաթուղթ մը

Հայերը իրենց տուները թաքցնողները կախաղան պիտի հանուին. Թանէր Աքչամ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արխիւային զգայացունց փաստաթուղթ մը հրապարակած է

0
1604

­Թուրք պատ­մա­բան ­Թա­ներ Աք­չամ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ նոր աղմ­կա­յա­րոյց ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղթ մը բա­ցա­յայ­տած է, որ հրա­պա­րա­կո­ւած է ­Պոլ­սոյ «Ա­կօս» թեր­թին մէջ:
­Թա­ներ Աք­չա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցած ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թը գրո­ւած է թրքա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար­նե­րէն ­Մահ­մուդ ­Քեա­միլ փա­շա­յի կող­մէ եւ կը կրէ երկ­րի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կնի­քը:
1915ի ­Յու­լիս 24ին գրո­ւած հե­ռա­գի­րը քննո­ւած է 1919-1921ին, «Իթ­թի­հաթ վէ ­Թե­րա­քի» իշ­խա­նա­ւոր կու­սակ­ցու­թեան պա­րագ­լուխ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ­Պոլ­սոյ մէջ կա­յա­ցած դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին: Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան հայ բնակ­չու­թեան կո­տո­րած­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մե­ղադ­րա­կան գոր­ծի թղթա­պա­նակ­նե­րուն մէջ տեղ գտած հե­ռա­գի­րով՝ ­Մահ­մուտ ­Քեա­միլ փա­շան զգու­շա­ցում մը կը յղէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տար­բեր շրջան­նե­րու տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րուն, որ ի­րենց տու­նե­րուն մէջ հա­յեր թաքց­նող մահ­մե­տա­կան­նե­րը նոյն­պէս պի­տի պատ­ժո­ւին:
­Հա­յե­րուն օգ­նող մահ­մե­տա­կան­նե­րուն ի­րենց տան դի­մաց կա­խա­ղա­նով սպառ­նա­ցող ­Մահ­մուտ փա­շան կը պա­հան­ջէ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րէն՝ ի­րա­վի­ճա­կը պա­հել ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին:
­Հե­ռագ­րին ամ­բող­ջա­կան թարգ­մա­նու­թիւ­նը «­Թերթ.am» կը ներ­կա­յաց­նէ ստո­րեւ.
«­Մենք պար­զած ենք, որ ո­րոշ գիւ­ղե­րու եւ ա­ւան­նե­րու մէջ մահ­մե­տա­կան­նե­րը կը թաքց­նեն հա­յե­րը: ­Կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շում­նե­րուն դէմ եր­թա­լով՝ հա­յե­րը ի­րենց տու­նե­րուն մէջ պա­հող­նե­րուն տու­նե­րը պէտք է ա­ւե­րել, իսկ ի­րենց կա­խա­ղան բարձ­րաց­նել նոյն ի­րենց տան դի­մաց:
­Կա­տա­րե­ցէք կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը, եւ տե­ղա­հա­նու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած գէթ մէկ հայ տե­ղը չմնա­լու խնդի­րը կա­տա­րե­լուն պէս տե­ղե­կա­ցու­ցէք մեզ: Կ­րօ­նա­փո­խո­ւե­լով մահ­մե­տա­կա­նա­ցած հա­յե­րը նոյն­պէս պէտք է տե­ղա­հա­նո­ւին: Ե­թէ զա­նոնք պատս­պա­րող­նե­րը զի­նո­ւած ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ են` զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան հետ ա­նոնց կա­պե­րը պի­տի խզո­ւին, իսկ ե­թէ ղե­կա­վար պաշ­տօ­նի զի­նո­ւո­րա­կան­ներ են` պի­տի զրկո­ւին պաշ­տօ­նէ եւ պի­տի կանգ­նին ռազ­մա­կան դա­տա­րա­նի առ­ջեւ»:
Օս­մա­նե­րէ­նով գրո­ւած հե­ռա­գի­րը տա­ռա­դար­ձո­ւած ե­ղած է նաեւ հա­յա­տառ թրքե­րէ­նով:
­Մահ­մուտ փա­շան թե­մա­յին վե­րա­բե­րեալ հե­ռա­գիր մը յղած է ար­դէն ա­ւե­լի ուշ` նոյն թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տոս 1ին եւ ո­րո­շա­կի յա­ւե­լում­ներ կա­տա­րած է նա­խորդ հրա­մա­նին վե­րա­բե­րեալ:
Երկ­րորդ հե­ռագ­րին մէջ հրա­մա­նա­տա­րը կ­՛ընդգ­ծէ, որ կար­գադ­րու­թիւ­նը պէտք չէ վե­րա­բե­րի պե­տու­թեան ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեամբ մահ­մե­տա­կան ըն­տա­նիք­նե­րուն բաժ­նո­ւած հայ կա­նանց եւ որ­բե­րուն ի­րենց տու­նե­րը պա­հող­նե­րուն: ­Նա­մա­կին վեր­ջա­ւո­րու­թեան ­Մահ­մուտ ­Քեա­միլ կրկին կ­՛ա­ւելց­նէ.- «Որ կրօ­նէ կամ ազ­գու­թե­նէն ալ ըլ­լան` հա­յե­րը թաքց­նող­նե­րը պէտք է մա­հա­պատ­ժի ար­ժա­նա­նան»:
­Յի­շեց­նենք, որ օ­րեր ա­ռաջ պատ­մա­բան ­Թա­ներ Աք­չամ ու­րիշ կա­րե­ւոր փաս­տա­թուղթ մը եւս հրա­պա­րա­կած էր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ «Իթ­թի­հաթ վէ ­Թե­րա­քի»ի ան­դամ­նե­րուն վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ:
Ա­տի­կա 1915ի ­Յու­լիս 4ին յղո­ւած է Է­լեա­զը­ղի (­Խար­բերդ) նա­հան­գա­պետ ­Սա­բիթ պէ­յին` «Իթ­թի­հաթ վէ ­Թե­րա­քի»ի Է­լեա­զը­ղի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Նա­զըմ պէ­յին փո­խան­ցե­լու խնդրան­քով: ­Հե­ռագ­րին մէջ հար­ցում յղո­ւած էր տա­րած­քէն տե­ղա­հա­նո­ւող հա­յե­րուն մա­սին:
«Այդ վնա­սա­կար տար­րե­րը միայն կը տե­ղա­հա­նո­ւի՞ն, թէ՞ նաեւ կ­՛ոչն­չա­ցո­ւին, կը խնդրենք բա­ցա­յայ­տօ­րէն տե­ղե­կա­ցու­ցէք մեզ, եղ­բայր»,- կ­՛ը­սո­ւի Ե­րիտ­թուրք պաշ­տօ­նա­տար­նե­րէն ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի կող­մէ գրո­ւած նա­մա­կին մէջ: