Սիրելի հայրենակիցներ,
«Քրիստոսի հետ խաչ ելայ եւ ալ կենդանի եմ՝ ո՛չ թէ ես, հապա Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս. բայց ես, որ հիմա մարմնովս կ՚ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքով կ՚ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (Գաղատացիներուն 2.20):
Քրիստոսի հրաշալի յարութիւնը իւրայատուկ եւ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ քրիստոնէական հաւատքին եւ կեանքին մէջ։
Քրիստոս յաղթեց մահուան ու մեղքին, որպէսզի մարդկութիւնը ապրի յոյսով, խաղաղութեամբ եւ ազատ՝ մեղքի գերութենէն։ Այս ճշմարտութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ կեանքի եւ մահուան տարբերութիւնն է։
Աստուած ընտրեց Իր լիարժէք կեանքը մեզի հրամցնել՝ Տէր Յիսուսի միջոցով։ Տէր Յիսուսի մարդեղութեամբ՝ մարդկութեան հետ նոյնանալով, Ան ապրեցաւ Աստուծոյ կամքին համեմատ մարդկութեան առօրեայ պայմաներուն մէջ, բայց հակառակ՝ մարդկային անձնասէր մղումներուն եւ ցանկութիւններուն։ Ցոյց տուաւ լաւագոյն ապրելակերպը՝ մարդուն անձնական եւ հաւաքական կեանքին համար։
Այո՛, այս ճամբան կրնայ դժուար ըլլայ եւ պայմանը՝ մահ, բայց արդիւնքը լիարժէք կեանքն է։ Մահը կեանքին նախապայմանն է։ Բայց ի՞նչ բանի համար մեռնիլ. մեռնիլ մեղքին, Յիսուսի հետ, բայց եթէ մեռնիմ, կը նշանակէ, որ կեա՞նք չունիմ։ Տէր Յիսուսի ուսուցումը եւ կեանքը ցոյց տուին տարբերակը, նոյնիսկ հակառակը՝ մարդկային ապրելակերպին եւ մտածելակերպին։
Յիսուս ըսաւ՝ որ եթէ ցորենի հատը չմեռնի, պտուղ չի տար։
Այսօր, աշխարհ կ՚ապրի ատելութեան, անարդարութեան եւ անխաղաղ պայմաններու մէջ։ Ա՛յս կը տեսնենք մեծ ու փոքր պետութիւններու մակարդակին վրայ, ինչպէս նաեւ՝ ազգային եւ ընտանեկան մակարդակով։
Այս օրերուն անգամ մը եւս յիշելով Քրիստոսի յարութիւնը, մեզի կեանք եւ լեցուն կեանք տալու Իր շնորհքը, եկէ՛ք ապրինք եւ բաժնեկից ըլլանք մեր շուրջիններուն հետ։ Մեր աղօթքն է, որ այսօր եւս նորոգենք մեր ուխտերը՝ ապրելու եւ գործելու Քրիստոսի տուած հրաշալի կեանքով, ապրելու սիրոյ եւ խաղաղութեան մէջ։ Մեր աղօթքն է նաեւ, որ Քրիստոսի բերած խաղաղութիւնը աշխարհէն ընդունելի ըլլայ։
Ուստի՝ կ՚ողջունեմ Ձեզ՝
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի
Աղօթարար՝
Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան
Համայնքապետ՝
Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ
Ապրիլ 2025










