­Յու­նաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան գո­լէ­ճի մշա­կու­թա­յին ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս, եր­կու ծա­նօթ հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, ջու­թա­կա­հար Եան­նիս Եոր­ղիա­տիս եւ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի
Ք­րիս­տին ­Թո­քաթ­լեան ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նան համ­բա­ւա­ւոր AENAON քա­ռեա­կին հետ։
Եր­կու հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րուն կող­քին պի­տի ներ­կա­յա­նայ սոփ­րա­նօ ­Մայ­րա ­Մո­լի­տա­քի եւ ե­րի­տա­սարդ ջու­թա­կա­հար Ան­տո­նին ­Ման­տի­լաս։
­Յայ­տա­գի­րը կը բաղ­կա­նայ յօ­րի­նող Էր­նէսթ ­Շո­սո­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն, գրո­ւած ջու­թա­կի, դաշ­նա­կի, եւ քա­ռեա­կի հա­մար։ Ա­ռա­ւել, պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի ի­տա­լա­ցի յօ­րի­նող Օ­թո­րի­նօ ­Ռիս­թի­ճիի «­Քան­թա­թա»-ն ­սոփ­րա­նո­յի եւ քա­ռեա­կի հա­մար։

­Սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թեան հա­մեր­գը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ուր­բաթ, 23 ­Մա­յիս 2025-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։30-ին, Ա­յիա ­Փա­րաս­քե­ւիի ­Փիրս գո­լէ­ճի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ։ Ե­լոյ­թի մուտ­քը ա­զատ է։