Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 13:00-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահին մէջ, Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ երկու գիրքերու ներկայացում, որոնք կը բովանդակեն հայերու գաղթը եւ հաստատումը՝ Յունաստան։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի անդամ Տիգրան Սարգիսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ի մասնաւորի Աթէնքէն ժամանած խումբ մը հայրենակիցներուն, ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց երկու հեղինակները։ Յաջորդաբար խօսք առին Համազգայինի անդամուհի Մելին Գարաօղլանեան ու յոյն պատմաբան Մարիա Սփիլիոթոփուլու, որոնք արժեւորում մը կատարեցին գիրքերուն մասին։ Առաջին հերթին ներկայացուեցաւ պրն. Յովհաննէս Ղազարեանի գիրքը «Οι Αρμένιοι στην Ελλάδα μετά την Μικρασιατική καταστροφή», որուն բովանդակութիւնը ներկայացուց հեղինակը։ Իսկ երկրորդը՝ «Αρμένιοι πρόσφυγες στην Λαυρεωτική», որուն հեղինակն է Եորղիոս Փեփաս՝ ներկայացուց Թեսաղոնիկէի հայ համայնքէն վաստակաշատ տիկին Կիւլա Գասապեան։ Աւարտին հրաւիրուեցաւ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեան, որպէսզի իր սիրտի խօսքը փոխանցէ։ Ան բարձրօրէն գնահատեց հեղինակները եւ «Արմենիքա» հաստատութիւնը, որուն շնորհիւ տպագրուեցան յիշեալ գիրքերը։
Ապա շեշտեց, որ մեր համայնքային կեանքին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին այսպիսի հրատարակութիւններ, որպէսզի նոր սերունդը ճանչնայ իր նախնիներուն պատմութիւնը եւ իրենք եւս իրենց ծառայութիւնը առաւել գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ կատարեն ի պանծացումն հայ եկեղեցւոյ եւ ի պատիւ հայ ազգին։
Թղթակից