«Համազգային»ի Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը՝ Իզմիրի 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, կը կազմակերպէ երեկոյ նուիրուած Մարիքա Նինուի յիշատակին ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 20 ՄԱՐՏ 2023 երեկոյեան ժամը 7։30-ին «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս։
Խօսք պիտի առնեն՝ ընկեր Ժագ Տամատեան եւ պարոն Անտոնիս Վենտուրիս։
Ձեռնարկին կը մասնակցի Միհրան Չալըքեան իր նուագախումբով:
Կը սպասենք ձեզ։