Հ.Հ. վարչապետ Սերժ Սարգսեան տարածած է յայտարարութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.amը։ Կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ։
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
կը դիմեմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, մեծերուն ու իմ սիրելի երիտասարդներուն, կանանց ու տղամարդկանց, կը դիմեմ փողոցներուն մէջ «մերժիր Սերժին» կոչով օր ու գիշեր կանգնածներուն եւ փակ փողոցներով այս օրերուն դժուարութեամբ աշխատավայր հասնող եւ իրենց պարտքը անտրտում իրականացողներուն, կը դիմեմ ուղիղ եթերի առաջ օրերով գամուածներուն եւ օր ու գիշեր հասարակական անվտանգութիւնը տղամարդու պէս ապահովողներուն, կը դիմեմ սահմանին կանգնած մեր քաջարի զինուորներուն ու սպաներուն, կը դիմեմ իմ զինակից ընկերներուն, կը դիմեմ իմ կուսակից ընկերներուն, քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ գործիչներուն, Իբրեւ երկրի ղեկավար կը դիմեմ վերջին անգամ:
Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր: Ես սխալեցայ: Ստեղծուած իրավիճակը ունի քանի մը լուծում, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկուն կը դիմեմ: Ատիկա իմս չէ: Ես կը յանձնեմ երկրի ղեկավարի, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը:
Փողոցի շարժումը իմ պաշտօնավարման դէմ է: Ես կը կատարեմ ձեր պահանջը:
խաղաղութիւն, ներդաշնակութիւն եւ տրամաբանութիւն մեր երկրին:
շնորհակալ եմ»: