Հ.Կ.Խաչի Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ եռօրեայ պտոյտ դէպի Ֆլորինա-Նիմֆէօ, Երեքշաբթի, 4 Փետրուարէն մինչեւ Հինգշաբթի 6 Փետրուար:
Մեկնում
Ֆալիրոյի Այ. Քիրիաքի եկեղեցիէն առաւօտեան ժամը 7-ին,
Ինթերքոնթինենթալ պանդոկէն՝ ժամը 7:15-ին,
Գոքինիա-Բերիվոլաքիէն՝ ժամը 7:45-ին:
Մասնակցիլ փափաքող ընկերուհիներէն կը խնդրուի դիմել ընկերուհիներ Լիզէթ Քիրազեանին՝ 6937147293, եւ Մայտա Կիւրիւնլեանին՝ 6945699989, մինչեւ Երկուշաբթի 27 Յունուար:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ