Երէկ, Կիրակի, 4 Փետրուար 2024-ին, իրագործուեցաւ Հայ Կապոյտ Խաչի ֆոնեթոնը արցախահայութեան օգնութեան համար։ Ինչպէս արդէն մամուլէն եւ ընկերային ցանցերէն յայտարարուած էր, Յունաստանի Հ.Կ.Խաչը, հետեւելով Հայ Օգնութեան Միութեան համահայկական ծրագիրին, ձեռնարկեց յատուկ դրամահաւաքի, մասնակցելով Միութեան կարեւոր ծրագիրին, օժանդակելու համար Հայաստանի գիւղերուն մէջ հաստատուած արցախցի ընտանիքներուն։ Առաջին անգամ չէ, որ Հ.Օ.Մ.-ը օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ Արցախի բազմաչարչար ժողովուրդին։ Այս անգամ սակայն, իրագործուած ծրագիրը աւելի հրամայական դարձաւ, մանաւանդ Արցախի հայաթափումէն ետք, որպէս հետեւանք Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման եւ ռազմական գործողութիւններուն։
Երեք ամիս առաջ սկսած դրամահաւաքը, երէկ հասաւ իր պսակումին, աւելի քան 40 կամաւորներու մասնակցութեամբ, որոնք ICAP ընկերութեան կողմէ տրամադրուած հեռախօսային յատուկ սարքերու օգնութեամբ, կապի մէջ մտան մեծ թիւով հայրենակիցներու հետ եւ ապահովեցին անոնց կարեւոր օժանդակութիւնը։ Նշենք, որ Հ.Կ.Խաչի նախաձեռնութեան օժանդակեցին յունահայ միութիւնները, իսկ խրախուսելի էր երիտասարդ տարրի ներկայութիւնը, որ պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ սոյն ծրագիրի իրագործման համար։
Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, կամաւորները հեռաձայնեցին մեր հայրենակիցներուն, որոնք ընդառաջեցին եղած կոչին եւ սիրայօժար բերին իրենց կարեւոր ներդրումը համահայկական ծրագիրին։ Խրախուսիչ էր մեր հայրենակիցներու պատրաստակամութիւնը մասնակից դառնալու դրամահաւաքին եւ ամէն գնով բաժին հանելու արցախահայութեան կարիքներուն համար։
Նշենք, որ համահայկական սոյն ծրագիրին շնորհիւ, մինչեւ այսօր Հ.Օ.Մ.-ը կարողացած է օգնութեան ձեռք երկարել աւելի քան 7000 արցախահայ ընտանիքի, որոնք կայք հաստատած են Հայաստանի գիւղերուն մէջ։ Այսպէս, Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի ձեռնարկած դրամահաւաքը կարեւոր մէկ բաժինը կը հանդիսանայ Միութեան ընդհանուր ծրագիրին, որուն միջոցով յունահայութեան օգնութեան բաժինը եւս պիտի ամոքէ Արցախէն արմատախիլ դարձած ընտանիքներուն եւ հայրենակիցներուն հսկայ ցաւերը։
Երէկուան ֆոնեթոնի ընթացքին յունահայ հայրենակիցներուն կողմէ կատարուած խոստումները արդէն արձանագրուած են, իսկ Հ.Կ.Խաչին կողմէ գանձումները պիտի ամբողջանան յաջորդ օրերուն, որմէ ետք նաեւ պիտի յայտարարուի մարդասիրական ֆոնեթոնի վերջնական արդիւնքը։
Վարձքը կատար Հայ Կապոյտ Խաչին եւ բոլոր կամաւորներուն, որոնք սատարեցին արցախահայութեան գործնական զօրակցութեան ծրագիրին։