Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը հայերէն լեզուի դասընթացքներ կը կազմակերպէ, արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութեան ու հայախօսութեան զարգացման նպատակով։

Առաջին երկու տարուայ յաջող փորձառութենէն ետք եւ ուսանողներու յաւելեալ դիմումներուն ընդառաջելով, հայերէն լեզուի նոր նստաշրջանի բացման կը ձեռնարկենք, արեւմտահայերէնի սկսնակներու ուսուցման ծրագիրը շարունակելով, հայերէնէ բոլորովին անտեղեակ անձերու համար։

Հայերէնի դասընթացքներուն զուգահեռ, միաժամանակ կ’իրագործուի հայկական մշակոյթի, աշխարհագրութեան, պատմութեան, երգի ու պարի շուրջ ուսուցման ծրագիր, որ պիտի ամբողջացնէ հայկական դաստիարակութիւնը։

Դասընթացքները պիտի կատարուին շաբաթական
հերթականութեամբ, յետմիջօրէի ժամերուն։

Ուսուցման նստաշրջանի առաջին հաւաքները տեղի պիտի ունենան՝ Սկսնակներու խումբ (Ա. Դասարան) Գարէայի «Ազատամարտ» ակումբ, Երկուշաբթի 14 Հոկտեմբեր 2019, ժամը 20։30։

Յառաջացածներու խումբ (Բ. Դասարան)
Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահ,
Երկուշաբթի 21 Հոկտեմբեր 2019, ժամը 20։30։

Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան։ Հեռ. 6946768714 (Վերժին), 6972530584 (Հռիփսիմէ)։

Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն