Արցախի Հանրապետութեան (Ա.Հ.) Ազգային ժողովի (Ա.Ժ.) պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ 7 Օգոստոսին գումարուած է Ա.Հ. Ա.Ժ. արտահերթ նստաշրջան՝ Ա.Հ. Ա.Ժ. նախագահի ընտրութեան օրակարգով։
Ա.Հ Ա.Ժ. նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունց շնորհակալութիւն յայտնած է Արթուր Թովմասեանին՝ խորհրդարանական աշխոյժ գործունէութեան, վերջին տարիներուն Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին կատարած աշխատանքներուն համար։
Ա.Հ. Ա.Ժ. նախագահի թափուր պաշտօնի համար «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած էր «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի թեկնածութիւնը։
Հիմնաւորելով առաջադրուած թեկնածութիւնը՝ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կարևոր համարած է Դաւիթ Իշխանեանի մարտական ու քաղաքական ուղին։
«Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան ներկայացուցած է թեկնածուին կենսագրական տուեալները։
Ելոյթ ունենալով ներկաներուն դիմաց՝ Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնած է այս վճռորոշ պահուն պատասխանատու պաշտօնը իրեն վստահելու համար։
«Պայքարի ոգին այսօր թևածում է Արցախում: Արցախում բնակւող իւրաքանչիւր անհատ՝ դպրոցական մանուկից մինչև զառամեալ ծերունի, դիմադրութիւն ցուցաբերելով թշնամու օրէ օր սաստկացող ճնշումներին, կարողանում է պահպանել իր քոյրերի և եղբայրների, հայրերի և պապերի կերտած պետութիւնը»,- իր խօսքին մէջ յայտնած է Դաւիթ Իշխանեան՝ աւելցնելով, որ պէտք չէ հրաշքներու սպասել, քանի որ առանց մեր մասնակցութեան հրաշքներ չեն ըլլար։
Թեկնածութեան առաջադրման մասին մտքեր փոխանակած են Ա.Հ. Ա.Ժ. բոլոր խմբակցութիւնները։ Տեղի ունեցած գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով 22 կողմ, 9 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ Ա.Հ. Ա.Ժ. նախագահ ընտրուած է Դաւիթ Իշխանեան։