ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
Բոլոր հանդիսատեսները, որոնք Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլին գտնուեցան Աթէնքի համերգասրահը, մէկուկէս ժամուան համար ճամբորդեցին յոյն եւ հայ դասական երաժշտութեան երկնակամարին վրայ, հմայուելով Հայաստանի տաղանդաշատ դաշնակահար Հայկ Մելիքեանի մոգական մատներէն։
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած բարձրորակ ելոյթը, որ կազմակերպուած էր Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանատան կողմէ, ի մի բերաւ ոչ միայն հայկական գաղութի երաժշտասէր հասարակութիւնը, այլեւ դիւանագիտական, ռազմական եւ ակադեմական շրջանակներու հիւրեր, երաժշտութեան ոլորտի մասնագէտներ եւ ստուար բազմութիւն մը։ Հայ գաղութը իր պաշտօնական ներկայութիւնը նշեց թեմի Առաջնորդին, կրօնական դասին, Ազգային վարչութեան եւ միութենական կառոյցներու մասնակցութեամբ։
Անայիս Աքսարէլեանի բարի գալստեան խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, որ անգլերէն լեզուով նախ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական եւ իրաւական փաստերուն, ապա բացատրեց ելոյթին խորհուրդը ու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին պատիւ ընծայելու խորիմաստ նշանակութիւնը։ Ան յատուկ նշեց. «Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի օրը միայն զոհերին չի վերաբերում, այն վերաբերում է նաեւ վերապրածներին: Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի միջոցառումների կազմակերպման 100-ամեակից ի վեր վերածնունդը համարուել է անկիւնաքարային հասկացութիւն: Վերածնունդը թէ՛ հայերի, թէ՛ յոյների, ինչպէս նաեւ Ողջակիզումից յետոյ հրէաների պարագայում հաւասարապէս կարեւոր իրողութիւն է: Ուղերձն այն է, որ ցեղասպանութիւն իրականացնողներին չի յաջողուել ոչնչացնել մեր ժողովուրդներին, որոնք իրենց արարչութեամբ, ստեղծագործական գործունէութեամբ են ապացուցուցում իրենց ներդրումը համամարդկային զարգացման մէջ: Եւ այսօրուայ միջոցառման հիմնական մտապատկերը, ուղերձը դա է»:
Անուանի արուեստագէտ Հայկ Մելիքեանի կատարումը դաշնակին առջեւ կախարդական տեսիլքի համազօր արտայայտութիւն մը եղաւ։ Մերթ մատներու արագաշարժ ելեւէջներով, մերթ ստեղծագործութեան պահանջած աւելի նրբագեղ կամ ուժգին արտայայտչականութեամբ, բազմիցս գնահատուած դաշնակահարը, աւելի քան մէկ ժամուան համար, իր վրայ կեդրոնացուց բոլորին ուշադրութիւնը, ամէն մէկ հանդիսատեսի պրկուած հայեացքը։
Կոմիտասի չորս պարեղանակներուն մէջէն, նայիրեան աղջիկներու հեզաճկուն պարն էր, որ լեցուց բեմը, իսկ մեր հանճարեղ երաժիշտին երեք երգերը հայոց լեռներու գովքը եղաւ՝ շնորհիւ Մելիքեանի մատներուն։ Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթա»-ն տարբեր աշխարհէ եկող արձագանգ մըն էր, իսկ Կուրճիէֆի մեղեդիներով նրբանուշ երանգներու հով մը փչեց սրահէն ներս։
Հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտը, իր բազմաբեղուն արուեստը ի գործ դրաւ նաեւ յոյն յօրինողներու ստեղծագործութիւններուն վրայ։ Քալիոփի Ցուփաքիի «Փարակ հով», Մանոլիս Քալոմիրիսի «Գիշերային» եւ Եանիս Քսենաքիսի երեք երգերու ներկայացումը յունական աշխարհի գոյներուն եւ պատկերներուն տարափն էր, որ Մելիքեանի մատներուն մէջէն ստացան շարժում ու հեզութիւն, համակելով սիրտերն ու ազնուացնելով հոգիները։
Հարկ է պահ մը կանգնիլ նախկին յունահայ երաժիշտ Յարութիւն Դելալեանի՝ Կոմիտասին նուիրուած ստեղծագործութեան վրայ։ Աննախընթաց էր դաշնակահարին կատարումը։ Աննախորդ է նոյնինքն երաժշտական յօրինումը, որուն գլխաւոր մասը լսուեցաւ դաշնակի լարերու ուղիղ դպչումով, որ աւելի էր քան ստեղնաշարի գործածութիւնը։ Անդրաշխարհի ձայներու եւ երանգներու հոսքը բնաւ կանգ չառաւ. անոնց մէջէն կու գար ինքնին Կոմիտասի ձայնը։ Մեր աննման երաժիշտին անգնահատելի հարստութեան ոսկէ մանեակներու հեղեղ մը եղաւ Մելիքեանի կատարումը։ Ծայրէ ծայր տիրող լռութեան մէջ, հողին վրայ անձրեւի շփշփոցներու փոթորկանման մրրիկ մըն էր, որ աւարտեցաւ հանգիստ ու անդորր, կոմիտասեան վեհ նրբութեան մէջ։
Յայտագիրի վերջին կատարումը հայրենի երաժշտական Պանթէոնի կուռքերէն՝ Առնօ Պապաճանեանի «Վեց պատկերներու» ներկայացումն էր, որ ամբողջացուց Հայկ Մելիքեանի մատներու մոգական արուեստին մատուցումը սրահէն ներս։
Ժողովուրդի խանդավառ ծափողջոյնները վերջ չունէին։ Տաղանդաւոր դաշնակահարը քանիցս բեմ վերադարձաւ ընդունելու համար երաժշտասէր հասարակութեան գնահատանքն ու ծաղկեփունջերը։ Ժողովուրդի շարունակական պահանջին ընդառաջելով, ան ե՛ւս երկու կտորներով ամբողջացուց հմայիչ գիշերուան պատկերը, որուն մէջէն հայկական եւ յունական դասական երաժշտութեան գոհարները ցոլացուցին երկու ժողովուրդներու վերապրումի եւ վերակենսաւորման խոր կամքը։
Ելոյթի աւարտին, սրահի նախամուտին սպասող բազմութիւնը առիթ ունեցաւ մօտէն շնորհաւորելու ազնիւ արուեստագէտը, որուն դիւթիչ կատարումները երկար ատեն պիտի արձագանգեն մեր հոգիի ծալքերուն մէջ։