­­Կի­րա­կի, 8 ­­Դեկ­տեմ­բեր 2024-ին, ­­Գո­քի­նիոյ Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, փա­ռա­ւոր կեր­պով տօ­նա­կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը։
­­Մեր մեծ ­­Սուր­բին ա­նու­նով օ­ծո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք այդ­տեղ իսկ մկրտո­ւած ու դրոշ­մո­ւած են, հա­ւատ­քի ու հպար­տան­քի օր մըն է այդ տօ­նա­կան թո­ւա­կա­նը։
Ուր­բաթ, 6 ­­Դեկ­տեմ­բեր 2024-ի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 2։00­ին, ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­­Պա­րէտ քհնյ. ­­Խա­չե­րեան օրհ­նեց տօ­նի մա­տա­ղի ա­ղը։ Ա­պա ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ տի­կին­ներ, լծո­ւե­ցան մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան եր­կօ­րեայ աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­­Տօ­նի նա­խոր­դող շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­­Տիկ­նանց մար­մի­նը լծո­ւե­ցաւ տօ­նի ա­ւան­դա­կան նո­ւի­րա­հա­ւա­քին։ ­­Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ծխա­կան­նե­րը, ինչ­պէս միշտ, ի­րենց հա­ւատ­քին կառ­չած կա­տա­րե­ցին սրտա­բուխ ի­րենց նո­ւէր­նե­րը։
­­Կի­րա­կի, 8 ­­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։15­ին, Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թիւն։ Իսկ ժա­մը 10։00-ին սկսաւ Ս. պա­տա­րա­գը։
­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց ­­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­­Գերպ. Տ. ­­Սա­հակ Ծ. Վրդ. Ե­մի­շեան, ըն­դա­ռա­ջե­լով ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րին մա­տու­ցեց Ս. պա­տա­րա­գը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան քա­ռա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց մեր ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը, խմբա­վա­րու­թեամբ՝ դպրա­պետ պրն. ­­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի, իսկ եր­գե­հո­նի վրայ տիկ. ­­Լիա­նա ­­Սա­րեա­նի։ ­­Խո­րա­նին վրայ սպա­սար­կե­ցին սար­կա­ւագ­ներ՝ պրնք. ­­Կա­րա­պետ ­­Քէօ­սէեան, ­­Պետ­րոս ­­Կա­րա­պե­տեան եւ դպիր­ներ՝ ­­Տիգ­րան ­­Կա­րա­պե­տեան, ­­Կա­րէն Է­քի­զեան եւ ­­Նա­րեկ ­­Պէ­քա­րեան։
Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի յղած հրա­ւէր­նե­րուն, Ս. պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Հ.Հ. դես­պան պրն. ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­­Թագ­ւոր ­­Յո­վա­կի­մեան, ­­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ ­­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­­Վի­գէն ­­Չո­լա­քեան, ե­րես­փո­խան պրն. ­­Տի­միթ­րիոս ­­Մար­քո­բու­լոս, ­­Նէոս ­­Գոզ­մո­սի Ս. ­Յովհ. ­­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ­­Թա­ղա­յին խորհր­դոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, կա­ռոյց­նե­րու ու միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը։ ­­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան սկաուտ­ներ, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան պատ­ւոյ շար­քը կազ­մա­կեր­պե­լու։ Իսկ ­­Հայ ­­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե-ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ ­գերպ. Տ. ­­Յով­սէփ Ծ. Վրդ. ­­Պէ­զա­զեան, տօ­նին առ­թիւ նա­խա­պէս փո­խան­ցեց իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը։
Ա­ռաջ­նորդ հայր սուր­բը իր քա­րո­զին մէջ ընդգ­ծեց ա­ռա­քեա­լի խօս­քը «յոյ­սով լե­ցո­ւիլ, նե­ղու­թեանց մէջ համ­բե­րող ըլ­լալ ու յա­րա­տեւ ա­ղօ­թել»։ Ան նաեւ շեշ­տեց յոյ­սին հետ ըն­կե­րակ­ցող աշ­խա­տան­քը, հե­ռան­կարն ու ծրա­գիր­նե­րը։ ­­Յոյ­սը պէտք չէ ինք­նան­պա­տակ ըլ­լայ, որ­պէս հա­ւա­տա­ցեալ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն մեր գոր­ծե­րով եւ ծա­ռա­յու­թեամբ կեան­քի կը կո­չենք ան­մար յոյ­սը։ Այս­պի­սով հայր սուր­բը հրա­ւի­րեց հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը Ս. ­­Յա­կո­բի յոյ­սով լե­ցո­ւիլ ա­նոր համ­բե­րու­թեամբ զի­նո­ւիլ եւ սուր­բին օ­րի­նա­կով հա­րա­տեւ ա­ղօ­թենք։
Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը եւ հո­գե­հան­գիս­տը։ Այս տա­րի, նկա­տի ու­նե­նա­լով 1988-ի Ս­պի­տա­կի ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժի թո­ւա­կա­նի զու­գա­դի­պու­թի­նը, կա­տա­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թիւն։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին եր­գո­ւե­ցաւ «­­Կի­լի­կիա» ո­գեր­գը, ա­պա Ա­ռաջ­նորդ ­­Հայր ­­Սուր­բը օրհ­նեց հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, ­­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը ե­կե­ղեց­ւոյ գրա­սե­նեա­կէն ներս ըն­դու­նեց պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ու ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ յա­տուկ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներն ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը։ Այդ մի­ջո­ցին, ­­Տիկ­նանց մար­մի­նը յա­տուկ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ պա­տո­ւեց Ա­ռաջ­նորդ ­­Հայր ­­Սուրբն ու հիւ­րե­րը։
Ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հէն ներս, Ս. ­­Յա­կո­բի տօ­նին ա­ռի­թով ­­Թա­ղա­յին խոր­հուրդն ու ­­Տիկ­նանց մար­մի­նը կազ­մա­կեր­պե­ցին պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մը։ ­­Ներ­կայ էին ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց ­թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­գերպ. Տ. ­­Սա­հակ Ծ. Վրդ. Ե­մի­շեան, պրն. ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, պրն. ­­Թագ­ւոր ­­Յո­վա­կի­մեան, ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը, դպրա­պե­տը, սար­կա­ւագ­ներն ու դպիր­նե­րը։
Ա­ռաջ­նորդ ­­Հայր ­­Սուր­բը օրհ­նեց ճա­շի սե­ղա­նը, որ­մէ ետք հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, խօսք առ­նե­լով մե­ծա­պէս գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­­Հայր ­­Սուր­բին օրհ­նա­բեր ներ­կա­յու­թեա­նը հա­մար։ Ան ներ­կա­յա­ցուց ­­Գո­քի­նիոյ Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց աշ­խա­տան­քա­յին, ան­հա­տա­կան ու ըն­տա­նե­կան ա­ռօ­րեայ բազ­մա­պի­սի զբա­ղում­նե­րուն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն կող­քին, մե­ծա­մեծ նո­ւի­րում­նե­րով կը ծա­ռա­յեն նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ։ Ա­նոնք են, ո­րոնք ­­Գո­քի­նիոյ Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ դու­ռը բաց կը պա­հեն, շա­րու­նա­կե­լով նա­խոր­դող սե­րունդ­նե­րու սրբա­զան ա­ռա­քե­լու-թիւ­նը։ ­­Խօս­քի ա­ւար­տին, Տ. ­­Պա­րէտ քա­հա­նան յա­նուն ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ ըն­տա­նի­քին, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ ­­Հայր ­­Սուր­բին, որ ըն­դա­ռա­ջե­լով հրա­ւէ­րին, Ս. պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց, ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղը օրհ­նեց ու այդ­պի­սով մաս­նա­կից դար­ձաւ ­­Գո­քի­նիոյ հա­յու­թեան ու­րա­խու­թեան։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ Հ.Հ. պրն. դես­պա­նին ու Ազ­գա­յին վար­չու­թեան պրն. ա­տե­նա­պե­տին, ի­րենց ներ­կա­յու­թեան ու քա­ջա­լե­րան­քին հա­մար։
Ետ­քը խօսք ա­ռաւ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեան։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­­Գո­քի­նիոյ Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին ու ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, ի­րեն յղո­ւած տօ­նի հրա­ւէ­րին հա­մար եւ մաղ­թեց ա­նոնց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն ու յա­ջո­ղու­թիւն։ Պրն. դես­պա­նը իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց ­թե­մի նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նոր­դին հետ ծա­նօ­թաց­ման ու յար­գա­լիր գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար, մաղ­թե­լով ա­նոր ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն։
Ա­պա խօսք ա­ռաւ Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­­Թագ­ւոր ­­Յո­վա­կի­մեան։
Ան յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ, գա­ղու­թի հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին կեան­քէն ներս ­­Գո­քի­նիոյ հա­յու­թեան բե­րած կա­րե­ւոր ներդ­րու­մին մա­սին։ Ա­ւար­տին գնա­հա­տե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­­Թա­ղա­յին խոր­հուրդն ու ­­Տիկ­նանց մար­մի­նը, մաղ­թեց ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն։
Ըն­տա­նե­կան ջերմ ու քա­ջա­լեր մթնո­լոր­տի մէջ ըն­թա­ցող ճաշ­կե­րոյ­թի ա­ւար­տին, ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց ­թե­մի Ա­ռաջ­նորդ գերպ. Տ. ­­Սա­հակ Ծ. Վրդ. Ե­մի­շեան, խօսք առ­նե­լով իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց տօ­նի կազ­մա­կերպ­չա­կան մեծ ու յա­ջող աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար։ Ան մե­ծա­պէս ար­ժե­ւո­րեց Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ ըն­տա­նի­քի նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւ քա­ջա­լե­րեց ա­նոնց, որ­պէս­զի նոյն հա­ւատ­քով, ո­գիով ու կամ­քով շա­րու­նա­կեն ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի սպաս ­­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դին։
­­Խան­դա­վառ ու ո­գե­ւո­րիչ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­­Հայ­րը գնա­հա­տեց Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւի, ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րու ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր աշ­խա­տան­քը, մաղ­թե­լով ա­նոնց նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

Թղ­թա­կից