ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վոլէյպոլի տղոց խումբը պատմական յաջողութիւն մը արձանագրեց, իր առաջին ներկայութեամբ Յունաստանի 2-րդ դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, եւ ապահովեց մասնակցութիւնը յաջորդ տարուան մրցաշարքին, կրկնակի յաղթելով ԽԱՆԹ (ΧΑΝΘ) խումբը վերջնական (փլէյ-աութ) հանգրուանի մրցումներուն։
Առաջին մրցումին Թեսաղոնիկէի մէջ, ջախջախեց 3֊0 կէտով, թէեւ նախապէս կը պարտուէր 2-0, այսուհանդերձ յաջողեցաւ տանիլ փառաւոր յաղթանակ` 2-3 հաշիւով։ Մասնաճիւղի վարչութեան քարտուղար եղբ. Միհրան Աւագեան նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, առաջին անգամ գտնուելով այսպիսի բարձր մակարդակի մրցաշարքի մը, տարուան ընթացքին կանգնեցաւ աննախադէպ խոչընդոտներու առջեւ, դիմագրաւելով սուր մրցակցութիւն ուժեղ ու մարզական հարուստ փորձառութիւն ունեցող հակառակորդ խումբերու հանդէպ. պէտք չէ աննկատ անցընել խումբի շարունակական ճամբորդութիւնները, յաւելեալ դժուարութիւններով ու ծախսերով։
Նաեւ, անհրաժեշտ էր կազմը օժտել նոր մարզիկներով, առանց խաթարելու անոր հայկական կազմի դիմագիծը։
Խումբի պատրաստութիւնը եւ մարզումը անգամ մը եւս վստահուեցաւ վաստակաւոր մարզիչ Խրիսթոս Ռումեանին։ Առաջատար մարզիկներէն էր փորձառու խմբապետ Ադամ Չալըքեան։ Մարզիկներու ցուցակին մէջ կարեւոր անդամներն էին` Եաննիս եւ Փանաեոթիս Քաքրիտիս-Ռումեան եղբայրները։ Յատկանշական է լաւագոյն «լիպերօ» դիրքի Փլաթոն Միխայիլովիչ մարզիկի պարագան, որ հասակ նետելով հայկական մթնոլորտի մէջ, «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, ինքզինք կը նկատէ «հայ»։
Մարզադաշտի չորս գիծերէն ներս` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խումբը գերազանցելով նոյն մակարդակի խումբերը, կարողացաւ դիմակայել մրցումի մարտահրաւէրները։ Իսկ` աղիւսակի վրայ լաւ դիրք մը ամրապնդելու համար, կատարեց առաջնութեան կարեւորագոյն անակնկալը` սեփական դաշտին մէջ 3-1 հաշիւով յաղթեց Թեսաղոնիկէի «Իրաքլիս» խումբը՝ Յունաստանի վաղեմի ախոյեան եւ Եւրոպայի փոխախոյեան։
Խումբի յատուկ պահերէն եղաւ Հիւսիսային Յունաստանի Ֆլորինա սահմանամերձ քաղաքի մէջ իրագործուած մրցումը, տեղական «Իֆեսթոս» ակումբին դէմ, որուն համար անհրաժեշտ էր յաղթանակ ապահովել։
Սքանչելի եւ ոգեշնչող մթնոլորտի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ուժգին պայքարեցաւ, սակայն պարտութիւն կրեց 3-1 արդիւնքով։ Աւարտին` տեղացի մարզասէրները ջերմ ծափողջոյններով վարձատրեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզիկները եւ 25 նուիրեալ երկրպագուները։ Հիւրընկալող խումբերէն յայտնուեցաւ, թէ «հայերը ամէնէն տիպար ներկայութիւնը ցուցաբերեցին»։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչական եղբայրը ամփոփելով իր խօսքը, նշեց որ յաջորդ «Pre Legue» կոչուած առաջնութիւնը կը սպասուի ըլլալ աւելի պահանջքոտ, նկատի ունենալով որ պիտի աւելնան ճամբորդութիւնները, մանաւանդ դէպի Հիւսիսային Յունաստան։
Աւարտելով մեր սիրալիր խօսակցութիւնը, ան կոչ ուղեց, որ խումբի մարզասէրները եւ փափաքող հովանաւորներ աւելիով քաջալերեն մեր խումբը, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը շարունակէ իր յաջող ելոյթները, բարձր պահելով հայ անունը յունական մարզական աշխարհին մէջ։