Առաջնորդ Հայր Սուրբին օրհնութեան խօսքը
Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն հոգեկան վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Գոմոթինի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդը, ազգային երեսփոխանները, Տիկնանց մարմինը, սարկաւագաց եւ դպրաց դասը, Գոմոթինիի հայկական միութիւնները, կառոյցները եւ հաւատաւոր ժողովուրդը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նշանակալից 190-ամեակին առիթով։
Տօնելով 190-ամեայ հաստատուն ծառայութիւնը եւ հաւատքը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը շարունակէ ծաղկուն մնալ եւ ապագայ սերունդները աստուածային օրհնութեամբ սնուցանել։ Մօտաւորապէս անցնող երկու դարերու ընթացքին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հաստատուն անկիւնաքարը եղաւ եւ կը շարունակէ մնալ Յունաստանի Թրակիոյ հայկական համայնքին համար։
Գոմոթինիի հայկական համայնքը ապրած եւ տեսած է գաղթականութիւն, դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, սակայն աստուածաշնորհ օրնութեամբ՝ այսօր հպարտութեամբ կը տօնախմբէ իր 190-ամեայ հարուստ անցեալը եւ կը շարունակէ վառ պահել ապագայի ջահը նոր սերունդները կերտելով։
Այսօր, փառք կու տանք ամենաբարին Աստուծոյ իր անսահման օրհնութեան համար, որ կը հեղու մեր ժողովուրդի զաւակներուն վրայ։ Նաեւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ սուրբ Աթոռի արժանընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ իր հայրական եւ հետեւողական հովանիին համար։
Այսու կը հրաւիրեմ մեր հաւատաւոր ժողովուրդը 190-ամեակի տօնակատարութիւններու ընթացքին ոչ միայն յիշատակենք անցեալը այլ արժանաւորինս գնահատենք ներկան եւ մեր նոր սերունդներուն փոխանցենք աստուածաբնակ ապագայ, վերանորոգելով մեր մէջ քրիստոնէական, ազգային, ընկերային եւ միասնական ոգին։
Ազգային Առաջնորդարանէն Ամենառատ Աստուծոյ օրհնութիւնը կ՚առաքեմ մեր հնադարեայ համայնքի զաւակներուն։
Աղօթարար,
Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան,
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմի