­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 190-ա­մեա­կը, ինչ­պէս նաեւ Ս. ­Յա­կոբ Մծբ­նայ հայ­րա­պե­տի տօ­նախմ­բու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւե­ցան քա­ղա­քիս հա­մայն­քէն ներս, ստեղ­ծե­լով հո­գե­ւոր վե­րել­քի եւ խան­դա­վա­ռու­թեան պա­հեր։
Ար­դա­րեւ, ­Հինգ­շաբ­թի, 11 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8։00-ին կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ղօրհ­նէք եւ ոչ­խար­նե­րու զե­նում, ո­րոնց­մէ ետք մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թիւն՝ ­Տիկ­նանց մար­մի­նի եւ ­Հայ Գ­թու­թեան խա­չի տեղ­ւոյն մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մու­հի­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ կի­նե­րուն ձե­ռամբ։
­Նոյն օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30-ին, ­Գո­մո­թի­նիի հա­մայն­քի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բին եւ շրջա­նի բո­լոր միու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։ Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը ծա­նօ­թա­ցուց ներ­կա­նե­րը ­Հայր սուր­բին, ա­պա ա­ռաջ­նոր­դը գնա­հա­տեց միու­թիւն­նե­րը եւ շեշ­տեց շրջա­նի ազ­գա­յին կեան­քի աշ­խու­ժու­թիւ­նը, ընդգ­ծե­լով նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թին մէջ հա­մայն­քի կա­րե­ւոր տեղն ու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։
­Յա­ջորդ օ­րը, Ուր­բաթ կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12։00-ին, ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին եւ թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պե­տին հետ, այ­ցե­լեց ­Գո­մո­թի­նիի ­մետ­րո­պո­լի­տը։ Եր­կուս­տեք նշո­ւե­ցան հայ եւ յոյն ա­ւան­դա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ե­ղաւ նո­ւէր­նե­րու փո­խա­նա­կում։
Ուր­բաթ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:30-ին, ե­կե­ղեց­ւոյս 190-ա­մեա­կի նշու­մի ծի­րէն ներս, ­Գո­մո­թի­նիի ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում յոյն հան­րա­ծա­նօթ դե­րա­սան Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեա­նի կող­մէ, որ ներ­կա­յա­ցուց «Ան­ժէլ ­Գուր­թեա­նի տետ­րակ­նե­րը» եւ հմա­յեց ներ­կայ հան­դի­սա­տես­նե­րը։ Ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք։
­Կի­րա­կի, 15 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, բա­ցա­ռիկ տօ­նա­կան մթնո­լորտ կը տի­րէր ե­կե­ղե­ցիէն ներս եւ ա­նոր շրջա­կայ­քը։ ­Մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ ներ­կայ ե­ղաւ սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թեան եւ ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գեց Ս. ­Յա­կո­բի խոր­հուր­դով։ Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ՝ որ մա­տու­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ գերպ. Տ. ­Սա­հակ Ծ. վրդ. Ե­մի­շեան, ա­ռըն­թե­րա­կա­յու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։ ­Ներ­կայ էին քա­ղա­քի պե­տա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան եւ ոս­տի­կա­նա­կան մար­մին­նե­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, Թ­րա­կիոյ շրջա­նէն թա­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­Ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին ու­ղած իր քա­րո­զին մէջ, Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը շնոր­հա­ւո­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ 190-ա­մեա­կը եւ ը­սաւ, թէ մօտ եր­կու դար ա­ռաջ այս ե­կե­ղե­ցին կա­րու­ցո­ւե­ցաւ մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ եւ մին­չեւ օրս ու­նե­ցած է տար­բեր հո­գե­ւո­րա­կան­ներ եւ սպա­սա­ւոր­ներ, մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը դրոշ­մո­ւած են այս Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, մեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը պսա­կո­ւած են ա­նոր խո­րա­նին առ­ջեւ, շատ մը հա­յոր­դի­ներ ի­րենց մահ­կա­նա­ցուն կնքած են եւ կա­տա­րո­ւած է յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն, նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն տակ հնչած են ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ ու նշուած են ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան ա­մեակ­ներ։
Ա­ռաջ­նոր­դը նաեւ ը­սաւ, որ դա­րեր շա­րու­նակ մեր ժո­ղո­վուր­դը նշած է Ս. ­Յա­կոբ Մծբ­նայ հայ­րա­պե­տին տօ­նը` ա­ւելց­նե­լով, որ ան ե­ղած է Մծ­բին քա­ղա­քի ե­պիս­կո­պո­սը, սա­կայն այն ժա­մա­նա­կո­ւան ժո­ղո­վուր­դը ­Նո­յեան տա­պա­նի պատ­մու­թեան հան­դէպ կաս­կած ու­նէր եւ Ս. ­Յա­կոբ իր ա­ղօթ­քով՝ յոյ­սը Աս­տու­ծոյ վրայ դնե­լով, ստա­ցաւ տա­պա­նէն փայ­տի մա­սունք մը։
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ մա­տա­ղօրհ­նէք, ինչ­պէս նաեւ սրբա­պատ­կեր­նե­րու եւ սպաս­նե­րու օրհ­նու­թեան կարգ։
­Տօ­նախմ­բու­թեան ա­ռի­թով, ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի ­Գո­մո­թի­նիի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց հայ­կա­կան ճա­շե­րու եւ ի­րե­րու պա­զար, ո­րուն ըն­դա­ռա­ջեց շրջա­նի ժո­ղո­վուր­դը եւ գնա­հա­տեց խա­չու­հի­նե­րու ժրա­ջան աշ­խա­տան­քը։
Այ­նու­հե­տեւ «­Փո­սի­տո­նիօ» ճա­շա­րա­նին մէջ սար­քո­ւե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան` նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Հայր սուր­բին եւ ներ­կա­յու­թեամբ յոյն պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, Թ­րա­կիոյ շրջա­նի ուխ­տա­ւոր­նե­րուն եւ ­Գո­մո­թի­նիի հա­ւա­տա­ցեալ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն։
­Գո­մո­թի­նիի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, տի­կին ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցուց հայ­րե­նա­սի­րա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հան­դէս ե­կան ազ­գա­յին պա­րե­րով։ Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան «­Նա­յի­րեան ­Մե­ղե­դի» երգ­չա­խում­բը ղե­կա­վա­րու­թեամբ Տ.­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի ներ­կա­յա­ցուց փունջ մը եր­գեր։ Ա­ւար­տին, ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը 190-ա­մեա­կի ա­ռի­թով յա­տուկ գնա­հա­տեց կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, մաղ­թե­լով ա­ռող­ջու­թիւն բո­լո­րին։

ԹՂԹԱԿԻՑ