­Հայ Գ­թու­թեան ­­Խա­չի «Է­րե­բու­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի ­­Մես­րոպ ­­Մաշ­տոց միօ­րեայ հայ­կա­կան դպրո­ցը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը. Այն կը վա­յե­լէ հիւ­սի­սա­յին ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Գո­մո­թի­նի քա­ղա­քի ­­Թա­ղա­յին ­­Խոր­հուր­դի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ան­վե­րա­պահ ու յա­րա­տեւ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Դպ­րո­ցի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը վա­րէ ու­սուց­չու­հի ­­Ռու­զան­նա ­­Զոհ­րա­պեա­ն, որ բարձր տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թեամբ կը կա­տա­րէ իր աշ­խա­տան­քը։ Ա­րո­ւես­տի նո­ւի­րո­ւած յա­տուկ պա­հե­րը կը գոր­ծադ­րո­ւին ­­Լի­լիան ­­Մա­տի­նեա­նի կող­մէ։
Այս ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին ըն­թաց­քին (2024-2025) դպրոց կը յա­ճա­խէ 48 ա­շա­կերտ, ո­րոնք բաժ­նո­ւած են տա­րի­քա­յին չորս տար­բեր խում­բե­րու, մին­չեւ 6 տա­րե­կան՝ 8 տղաք, մին­չեւ 8 տա­րե­կան՝ 10 տղաք, մին­չեւ 11 տա­րե­կան՝ 13 տղաք եւ ա­պա մին­չեւ 14 տա­րե­կան՝ 17 տղաք։ Դպ­րո­ցը կը գոր­ծէ ­­Շա­բաթ եւ ­­Կի­րա­կի օ­րե­րուն, իսկ վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն ա­ւել­ցած է նաեւ ­­Հինգ­շաբ­թի օ­րը, այլ ծրա­գիր­նե­րով, որ յատ­կա­ցո­ւած են հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կոյ­թի պատ­մու­թեան, ներ­կա­յի եւ պատ­մա­կան ­­Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րու­թեան ա­ռար­կա­նե­րուն։
­­Տա­րին եր­կու ան­գամ բո­լոր խում­բե­րը կը գրեն ստու­գո­ղա­կան աշ­խա­տանք, իսկ դպրո­ցի տա­րեշր­ջա­նը ա­ւար­տե­լէ ա­ռաջ՝ քննու­թիւն, ո­րը միայն բարձր գնա­հա­տա­կան ստա­նա­լու ար­դիւն­քէն ետք, կը ստա­նան ի­րենց վկա­յա­կա­նը, դպրո­ցի տ­­նօ­րէ­նու­թեան, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւի, ­­Թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դի եւ ու­սու­ցի­չի մա­կագ­րու­թեամբ։
Դպ­րո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց աշ­խուժ ներ­կա­յու­թիւ­նը կը բե­րեն հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս, հան­դէս գա­լով ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նին, Ա­մա­նո­րի եւ ­­Սուրբ Ծնն­դեան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ­­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նշու­մին, ­­Մայ­րե­րու Օ­րո­ւան, ինչ­պէս նաեւ ­­Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րուն, ու տար­բեր այլ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու, միշտ ներ­կա­յաց­նե­լով գե­ղե­ցիկ յայ­տագ­րեր օ­րո­ւայ խոր­հուր­դին հետ կա­պակ­ցո­ւած։
Դպ­րո­ցի սա­նե­րը կը մաս­նակ­ցին նաեւ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ կա­տա­րո­ւող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, ինչ­պի­սին են օ­րի­նակ՝ ­­Փա­րա­ջա­նո­վի 100-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած յա­տուկ տե­սա­հո­լո­վա­կի մը պատ­րաս­տու­թիւ­նը, որ մշա­կո­ւե­լէ եւ պատ­րաս­տո­ւե­լէ ետք ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­­Հա­յաս­տան։
Ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, բա­ցի պար­տա­դիր ու­սուց­ման դա­սե­րէն, կը կազ­մա­կեր­պո­ւին նաեւ զա­նա­զան հե­տաքրք­րա­կան ժա­մանց­ներ՝ հայ­կա­կան խո­հա­նոց, ­հայ մե­ծե­րուն նո­ւի­րո­ւած ֆիլ­մե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն, ե­ւայլն։
­­Գո­մո­թի­նիի վար­ժա­րա­նէն ներս տա­րո­ւող աշ­խա­տան­քը իր քաղցր պտուղ­նե­րը կու­տայ հա­մայն­քա­յին կեան­քին, պատ­րաս­տե­լով ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի­նե­րը ազ­գա­յին կեան­քէն ներս աշ­խուժ ներ­կա­յու­թիւն ըլ­լա­լու հա­մար։
­­Բո­լո­րին վարձ­քը կա­տար։ ­­Յա­րա­տեւ աշ­խա­տանք կը մաղ­թենք ­­Գո­մո­թի­նիի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին։