Պատմական գիրք մը եւս, որ կ՚անդրադառնայ Տուրղութիի գաղթակայանին մասին, ներկայացուեցաւ Երկուշաբթի, 12 Մայիսի երեկոյեան, Նէոս Գոզմոսի բարեկամներու ակումբին մէջ։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան կողմէ, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ հետազօտող Փանտելիս Արափինիսի աշխատութիւնը, որ մասնաւորապէս ծանրացած էր Բ. համաշխարհային պատերազմի ընթացքին գերման բանակի դիմադրութեան պատմութեան Տուրղութիի մէջ։
Կոկիկ բազմութեան մը առջեւ, բացման խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, որ նկատեց, թէ մեծ պատերազմի ընթացքին յատկապէս Ֆրանսայի եւ Յունաստանի մէջ արձանագրուած են կարեւոր թիւով հայեր, որոնք սատարեցին բռնագրաւման դէմ պայքարին եւ մասնակցեցան դիմադրական զինեալ գործողութիւններուն։ Դեսպանը նշեց, թէ Տուրղութիի մէջ ծայր առած դիմադրութեան շարժումի ընթացքին հայերը ունեցած են զգալի ներդրում։ Իր խօսքը մասնաւորելով Գերմանիոյ դէմ պայքարին հայ ժողովուրդի ունեցած մասնակցութեան մասին, նշեց. «Հայ ժողովրդի ներդրումը նացիստական Գերմանիայի դէմ ունեցած յաղթանակում անհնար է թերագնահատել: Ցեղասպանութիւնից ընդամէնը երկուս ու կէս տասնամեակ անց, խորհրդային ճակատ են ուղարկւում շուրջ կէս միլիոնից աւել հայեր: Սա, ըստ բնակչութեան գլխաքանակի, ամենամեծ զոհողութիւններից մէկն է, որ որեւէ ժողովուրդ տուել է պատերազմի ընթացքում: Իմ պապիկը վերադարձաւ, սակայն նրա եղբայրը մէկն էր այն 300.000-ից, ովքեր չվերադարձան իրենց հայրենի օջախներ: Հայերն ունեցել են 150 հերոսներ, 60 զօրավարներ, 5 մարաջախտներ, որոնցից 4-ը Լեռնային Ղարաբաղից, եւ մէկ ծովակալ: Այսինքն, հայ ժողովուրդը ունեցել է անուրանալի ներդրում Երկրորդ համաշխարհային պատերազմում դաշնակից ուժերի ունեցած յաղթանակում»։
Գիրքի հեղինակէն զատ, ելոյթներ ունեցան պատմական ոլորտի յոյն հետազօտողներ Փրոքոփիս Փափասթրաթիս, Փոլիմերիս Վողլիս եւ Քոսթիս Քարփոզիլոս, որոնք ներկայացուցին հատորին պարունակութիւնը եւ մատնաշումներ ըրին անոր մէջ տեղ գտած պատմական նկարագրումներուն ու աղբիւրներուն առնչութեամբ։ Ներկաները եւս իրենց հարցումներով ստեղծեցին յաւելեալ բացատրութիւններու եւ զրոյցի առիթ։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ