Կիրակի՝ 17 Դեկտեմբեր 2017ի կէսօրուան ժամը 12։00ին, Հ. Գթ. Խաչի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, եկեղեցւոյ կից «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ հանգանակութեան փոխարէն հաւաքոյթ՝ «Գաւաթ մը սուրճ՝ բարի նպատակի համար» բնաբանով, ներկայութեամբ գաղութի Հոգեւոր Հովիւին, Թաղական Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Մասնաճիւղի անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ անհատ կամաւորներու կողմէ պատրաստուած էին տարբեր տեսակի համեղ անուշեղէններ, քաղցրեղէններ, որոնք սուրճի, թէյի, օշարակի կողքին հիւրասիրուեցան ներկաներուն։
Հաւաքոյթի ընթացքին, հայերէն եւ յունարէն լեզուներով խօսք ընթերցեց մասնաճիւղի փոխ-ատենապետուհի տիկ. Սիլվա Գասէմեան՝ բարի գալուստ, ինչպէս նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, իրենց նուիրատուութեանց համար։ Ան յայտնեց, որ յիշեալ նուիրատուութիւնը պիտի յատկացուի բարի նպատակի համար յառաջիկայ գործունէութեանց մէջ։
Ձեռնարկին նպատակն էր հիւրասիրութեան ճամբով նիւթաբարոյապէս օժանդակել եւ աջակցիլ «Անի» մասնաճիւղի տարած բոլոր աշխատանքներուն։

ԹՂԹԱԿԻՑ