Կրթական կեանքին մէջ կան իւրայատուկ պահեր, երբ մանուկներուն առօրեան կը վերածուի «զգացումներու տօնի մը», իսկ կրթօճախի երդիքին տակ՝ մթնոլորտը կը ստանայ աւելի ջերմ ու հարազատ գոյներ…
Մանկապարտէզի գունաւոր աշխարհը, կրթական երկար ուղիին առաջին հանգրուանն է, ուրկէ երեխան իր մտահորիզոնի պատուհանները պիտի բանայ ու պիտի սուզուի գիտելիքներու աշխարհը: Նաեւ՝ այն անցումն է ընտանեկան ջերմ միջավայրէն դէպի լայն հասարակութիւն, ուր մանուկը օրէ օր գնահատելի աճ մը պիտի արձանագրէ, իսկ ուսումը մշիկ-մշիկ պիտի շաղուի խաղին, ստեղծագործութեան եւ մեր հարուստ աւանդութիւններուն հետ: Այս անցումը մեզ կը մղէ որդեգրել այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի կամրջեն տունն ու դպրոցը եւ մանուկին պիտի ապահովեն հեզասահ մուտք կրթական նոր միջավայրէն ներս:
Այս տեսլականով բաբախեց «Բաց դռներու օրը» Հ.Կ.Խ.-ի Հայաստան Ուշագլեան Մանկապարտէզէն ներս՝ Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2026-ին, հրամցնելով մեր հիւրերուն պատառ մը մեր գունաւոր առօրեայէն:
Սոյն ձեռնարկը յաջողեցաւ մէկտեղել մանկապարտիզպանուհինները, ծնողներն ու մանուկները՝ ստեղծելով ստեղծագործական միասնութիւն մը, որ լաւագոյնս արտայայտեց մեր կրթօճախին ուրոյն շունչն ու կրթական առաքելութիւնը:
Մեր դպրոցական միջավայրը պարզ վայր մը չէ, այլ այն լուսաւոր օճախն է, ուրկէ մանուկը իր առաջին քայլերը կ’առնէ եւ սիրով ու հետաքրքրութեամբ կը սկսի բացայայտել շրջապատն ու աշխարհը: Այս տեսլականը կենդանի պատկերի վերածուեցաւ «Բաց դռներու օրուան» ընթացքին, երբ ծնողները մօտէն տեղեկացան, թէ ինչպէ՛ս Յունաստանի Կրթութեան նախարարութեան պաշտօնական դաստիարակչական ծրագիրը եւ Անահիտ Սարգիսեանի
«Ձեռք-ձեռքի» կրթական ծրագիրը, սիրով կը միահիւսուին իրարու՝ ստեղծելով մշակութային ու լեզուական կատարեալ ներդաշնակութիւն մը. իսկ անգլերէնի առաջին ծանօթութիւնը կու գայ ամբողջացնելու այս գեղեցիկ պատկերը:
«Ձեռք-ձեռքի» հայալեզու կրթական ծրագիրը՝ հարուստ երգերով ու աւանդութիւններով՝ ամէնօրեայ ապրում, հաճոյք ու կենդանի շունչ է, որ կ՚արտացոլայ մեր մանուկներուն պայծառ դէմքերուն եւ մեր կրթօճախին իւրաքանչիւր անկիւնին վրայ: Մանկապարտէզի պատերը կարծես ձայն ունին… անոնք կը խօսին, կը պատմեն ու կը հնչեցնեն ծրագիրի քաղցր մեղեդիները…կը փսփսան հետաքրքրական հանելուկներ՝ դառնալով ներշնչումի աղբիւր…կը վկայեն մեր մանուկներուն աճը…
Ծնողները ականատես եղան, որ հայերէնի կողքին, պատերը մշտապէս զարդարուած կ՚ըլլան նաեւ յունական պաշտօնական ծրագիրի հիման վրայ պատրաստուած աշխատանքներով՝ արուեստի, շրջապատի եւ զանազան գիտելիքներու նկատմամբ: Նոյնիսկ պատերը ներդաշնակութիւն կը բուրեն, փաստելով, որ երկու մշակոյթներն ու լեզուները կրնան հարազատօրէն հարստացնել մանուկին հոգին՝ լիակատար յարգանքով:
Ուրբաթ օրուան ամենէն յուզիչ ու սպասուած պահը այն էր, երբ դասարաններուն դռները բացուեցան եւ մանուկներն ու ծնողները իրարու հանդիպեցան: Աննկարագրելի պահ մըն էր տեսնել փոքրիկներուն փայլուն աչքերն ու այն բոլոր անկեղծ ժպիտները, որոնք ողողեցին մեր մանկանց ծաղկոցը, երբ անոնք իրենց ծնողները դիմաւորեցին եւ նոր բարեկամները հիւրընկալեցին իրենց սեփական աշխարհէն ներս:
Մթնոլորտը դարձաւ տօնական ու մեղեդային, երբ բոլորը մէկտեղուած՝ երեք լեզուներով սրտա՛նց սկսան երգել Զատկուան երգեր: Այդ պահուն բոլոր լեզուական տարբերութիւնները անհետացան… հայերէնը, յունարէնն ու անգլերէնը միախառնուեցան մանուկներուն զուարթ ձայներուն հետ՝ ստեղծելով սիրոյ ու համերաշխ կենդանի պատկեր մը: Յուզումը աւելի խտացաւ, երբ ծնողներն ու մանուկները, կողք-կողքի նստած, սկսան միասնաբար պատրաստել Զատկուան զարդերը:
Հոն էր՝ ուր դպրոցն ու ընտանիքը իսկապէս «մէկ» դարձան:
Այս օրը կարեւոր էր մեր նոր աշակերտներուն ու ծնողներուն համար, որոնք առաջին անգամ ըլլալով առիթը ունեցան ծանօթացալու Մանկապարտէզի ջերմ մթնոլորտին՝ շօշափելու մեր առօրեան եւ տեղեկանալու մեր դաստիարակչական ծրագիրներուն մասին: Այս առաջին հանդիպումը վստահութեան առաջին կամուրջը ստեղծեց նորեկ ծնողներուն, որոնք զգացին թէ իրենց զաւակները պիտի աճին սիրով ողողուած միջավայրի մը մէջ:
«Բաց դռներու օրը» կատարեալ չէր ըլլար առանց այն մարդոց, որոնք միշտ մեր կողքին են: Շնորհակալ ենք «Զաւարեան» նախակրթարանի տնօրէնութեան. անոր միշտ ներկայ քաջալերանքն են, որ թեւ կու տայ մեզի՝ որպէս ուսուցչական կազմ, միասնաբար ու սիրով ստեղծագործելու եւ մեր փոքրիկներուն լաւագոյնը փոխանցելու: Մեր կրթական ընտանիքին ներդաշնակ գործակցութիւնն ու նուիրումն են, որ կը ստեղծեն այս ապահով ու հարազատ մթնոլորտը, ուր իւրաքանչիւր մանուկ կարեւոր ու սիրուած պիտի զգայ: Ջերմօրէն շնորհակալ ենք նաեւ մեր սիրելի Ծնողական միութեան. իր պատրաստած Զատկուայ նուէրները պարզապէս անակնկալ մը չէին. անոնք սիրոյ ու հոգատարութեան գեղեցիկ արտայայտութիւնն էին, որ անմիջապէս ժպիտ բերին մեր մանուկներուն դէմքին:
«Բաց դռներու օրը» եւս փաստեց, որ մեր մանուկներուն ամենէն պայծառ ժպիտը կը փայլի եւ իրենց աշխարհը կը լուսաւորուի հո՛ն, ուր տան ու դպրոցի ջերմութիւնը կը միանան՝ դառնալով հարազատ ու անբաժան գիրկ մը…
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց
Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ
Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի
«Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի
վարիչ մանկապարտիզպանուհի Անի Աբիկեան










