Ար­տա­ւազդ Վրդ. ­Շա­րո­յեան

Անց­նող քա­ռա­սուն օ­րե­րու ըն­թաց­քին, հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ճամ­բով միաս­նա­բար ար­ժա­նա­ցանք ա­պաշ­խա­րու­թեան եւ զղջու­մի լա­ւա­գոյն ա­ռիթ­նե­րէն մէ­կուն։
Քա­ռաս­նօ­րեայ պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը պատ­րաս­տու­թեան մտքի ու հո­գիի մաքր­ման ու­ղին հան­դի­սա­ցաւ, մեզ սրբո­ւած ա­ռաջ­նոր­դե­լու եւ հասցնե­լու Ա­ւագ շա­բա­թո­ւան այս նո­ւի­րա­կան օ­րե­րուն։ Այս տա­րի ան­գամ մը եւս ար­ժա­նա­ցանք  գտնո­ւե­լու ա­մե­նա­սուրբ մեծ եւ ճշմա­րիտ շաբ­թո­ւայ` Ա­ւագ շաբ­թո­ւայ խորհր­դա­ւոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մէջ։
Սի­րե­լի ըն­թեր­ցող, Ա­ւագ շա­բա­թը քու մեր եւ բո­լո­րիս հա­մար պէտք է տար­բե­րի տա­րո­ւան միւս բո­լոր շա­բաթ­նե­րէն. ո­րով­հե­տեւ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր ­Սուրբ ­Շա­բաթ է։
­Սուրբ կը կո­չո­ւի այն ի­մաս­տով որ Ք­րիս­տոս եր­կին­քէն եր­կիր ի­ջաւ որ­պէս­զի Ա­նոր յանձ­նո­ւո­ղը խա­ւա­րի մէջ չ­þը­թա­նայ, այլ դառ­նայ լոյ­սի որ­դի, կեան­քի որ­դի։ Այս օ­րե­րուն, ­Մեծ ­Վար­դա­պե­տը իր ա­շա­կերտ­նե­րուն յա­ճախ կը պա­տո­ւի­րէր ը­սե­լով՝ «Ար­թուն մնա­ցէք եւ ա­ղօ­թե­ցէ՛ք, որ­պէս­զի փոր­ձու­թեան մէջ չիյ­նաք» (Մտ.26.41)։ Արդ Ք­րիս­տոս ոչ միայն օ­րի­նակ դար­ձաւ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ սոր­վե­ցուց թէ ինչ­պէս պէտ­քէ ա­ղօ­թել որ փոր­ձու­թեան մէջ չի­նալ, այլ Ինք Աս­տո­ւա­ծոր­դի ըլ­լա­լով մե­ծա­գոյն տի­պա­րը հան­դի­սա­ցաւ մարդ­կու­թեան եւ ծուն­կի գա­լով այս­պէս ա­ղօ­թեց՝ «Այս բա­ժա­կը հե­ռա­ցո՛ւր ինձ­մէ, բայց ո՛չ թէ ինչ­պէս որ ես կ­՚ու­զեմ, այլ ինչ­պէս որ դո՛ւն կ­՚ու­զես (Մր.14.36)։ Արդ, ե­կէք մենք եւս մեր հո­գիի խո­րան­նե­րուն մէջ ծուն­կի գանք, մեր ա­ղօթք­նե­րը որ­պէս խունկ բարձ­րաց­նե­լու Աս­տու­ծոյ եւ հե­ծե­ծա­լից աչ­քե­րով դի­մենք ­Թա­գա­ւոր­նե­րուն ­Թա­գա­ւո­րին հայ­ցե­լով Ան­կէ ո­ղոր­մու­թիւն, նե­րո­ղամ­տու­թիւն եւ եր­կայ­նամ­տու­թիւն։
Այս օ­րե­րը Ք­րիս­տո­սի երկ­րա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան վեր­ջին օ­րե­րը հան­դի­սա­ցան, մենք այժմ Ք­րիս­տո­սի հետ է որ կ­՚ա­րինք երկ­րի վրայ, հե­տե­ւա­բար ար­ժէ ան­տար­բե­րու­թեամբ չմօ­տե­նալ այս ­Սուրբ օ­րե­րուն, այլ մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը եւ ա­ռօ­րեայ զբա­ղում­նե­րը մէկ­դի թո­ղե­լով մտա­ծենք Ք­րիս­տո­սի մա­սին Ան­մեր­ձե­նա­լիի մա­սին, Ա­նըմբռ­նե­լիի մա­սին որ իր սի­րոյն որ­պէս ար­տա­յա­տու­թիւն աշ­խարհ ե­կաւ Իր իսկ ստեղ­ծած ա­րա­րած­նե­րուն հա­սա­նե­լի եւ հասկ­նա­լի դար­նա­լու, որ­պէս­զի մար­դիկ կա­րե­նան ըմբռ­նել եւ ի­մա­նալ թէ ո՞վ է Ք­րիս­տոս կամ ինչ պէտք է ը­նել Ա­նոր մօ­տե­նա­լու, զգա­լու ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ ին­չու ոչ նոյ­նինքն ապ­րե­լու եւ ապ­րեցնե­լու Զք­րիս­տոս մեր ան­ձե­րէն ներս։
Ք­րիս­տո­սի աշ­խարհ գա­լուն գլխա­ւոր եւ միակ նպնա­տա­կը մարդ ա­րա­րած ինք հան­դի­սա­ցաւ, Ան իր աշ­խարհ գա­լուս­տով իր իսկ ստեղ­ծած ա­րա­րած­նե­րուն պար­գե­ւեց շարք մը ըն­ծա­ներ ո­րոնց­մէ կա­րե­լի է մի քա­նի հա­տը յի­շել։

Ա. Ք­րիս­տոս ինք­զինք չա­րա­գործ­նե­րուն ձեռ­քը յանց­նեց մեզ փրկե­լու յա­ւի­տե­նա­կան չա­րէն։

Բ. Ք­րիս­տոս ին­զինք խո­նար­հե­ցուց մեզ բարց­րաց­նե­լու հա­մար։

Գ. Ք­րիս­տոս ինք­զինք ճա­նա­չե­լի դար­ձուց որ­պէս­զի ­Զինք ճանչ­նա­լով կա­րե­նանք  ճշմա­րիտ լոյ­սի որ­դի­նե­րը դառ­նալ։

Դ. ­Վեր­ջա­պէս Ք­րիս­տոս ինք­զինք ըն­ծա­յա­բե­րեց որ­պէս­զի «Ա­նոր հա­ւա­տա­ցո­ղը չկոր­սո­ւի այլ յա­ւի­տե­նա­կան կեանք ու­նե­նայ» (Յհ.3.16)։

­Բարձ­րեալն Աս­տո­ւա­ծոյ ­Միա­ծին Որ­դին որ­պէս ըն­ծայ բո­լո­րիս հա­մար աշ­խարհ ե­կաւ նա­խա­տին­քի, չար­չա­րան­քի, խա­չի եւ դա­գա­ղի ճամ­բան յանձն առ­նե­լով բո­լո­րիս կեանք շնոր­հեց, այ­սօր ե­կէք իւ­րա­քան­չիւրս ինք իր ան­ձին հարց թող տայ՝ ես որ­պէս քրիս­տո­նեայ ի՞նչ բա­նով կ­՚ար­դա­րաց­նեմ այդ մէ­կը կամ որ­քա­նո՞վ իմ ա­րարք­նե­րուս ընդ­մէ­ջէն կը դա­ւա­նիմ ու կը խոս­տո­վա­նիմ թէ խա­չեալ Ք­րիս­տոսն է իմ պաշտ­պանս ու ա­պա­ւէնս։
­Հե­տե­ւա­բար ի՞նչ պէտք է ը­նել այս ­Սուր­բը շա­բա­թը լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւո­րե­լու եւ օ­րո­ւան խոր­հուր­դին ընդ­մէ­ջէն լե­ցո­ւե­լու այն Աս­տուա­ծաշն­չա­կան խօս­քե­րով, ո­րոնք մեզ կրկին կեան­քի պի­տի կո­չեն եւ արթ­նու­թիւն պի­տի պար­գե­ւեն բո­լոր թմրած ու քնա­ցած հո­գի­նե­րուն։

Ա. Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի ըն­թեր­ցա­նու­թիւն։

Աս­տու­ծոյ խօս­քը ըն­թեր­ցե­լը կեն­սա­կան է մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քէն ներս եւ յատ­կա­պէս այս նո­ւի­րա­կան օ­րե­րուն։ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի խօս­քե­րը մեր հո­գիին սնունդ մա­տա­կա­րա­րող միակ խօս­քերն են։ Այն­պէս ինչ­պէս երբ մեր մարդ­կա­յին տկար մար­մին­նե­րը կա­րի­քը կը զգան սնուն­դի` յա­րա­տե­ւե­լու հա­մար, նոյն­քան եւ ա­ւե­լի մեր հո­գի­նե­րը կա­րի­քը կը զգան հո­գե­ւոր սնուն­դի մա­տա­կա­րար­ման՝ սրպէս­զի միշտ պայ­ծառ մնայ։
Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը մեր բար­ձե­րուն տակ դնե­լու կամ մեր գրա­դա­րան­նե­րուն վրայ պա­հե­լու գիրք մը չէ՛, այլ պէտք է մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն դառ­նայ մեր գրա­սե­ղան­նե­րուն վրայ, որ­պէս­զի այդ­պի­սով Ք­րիս­տո­սի խօս­քե­րը մեր կեան­քի ու­ղին լու­սա­ւո­րեն եւ այդ­պի­սով հե­զա­սա­հօ­րէն կա­րե­նանք շա­րու­նա­կել այս ժա­մա­նա­կա­ւոր կեան­քը հաս­նե­լով յա­ւի­տե­նա­կա­նին։ Դժ­բախ­տա­բար եր­բեմն կը տկա­րա­նանք եւ այդ տկա­րա­ցու­մը պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նայ հե­ռա­նա­լու յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րէն, հե­ռա­նա­լու լոյ­սի տո­ւի­չէն, մէկ­դի թո­ղե­լով մեր հո­գի­նե­րուն լոյս եւ ջեր­մու­թիւն պար­գե­ւող իս­կա­կան ա­րե­գե­կը՝ Ք­րիս­տոս։ Ա­ւե­լին կը շա­րու­նա­կենք մեր եր­թը ո­րոո­նե­լով այլ ճա­նա­պարհ­ներ ո­րոնք ի­րենց ա­րաս­տաղ­նե­րը ար­գելք կը հան­դի­սա­նան Ք­րիս­տո­սի մաք­րիչ լոյ­սի ճա­ռա­գայթ­ման։

Բ. ­Յա­րա­տե­ւօ­րէն ա­ղօ­թել։

­Տիե­զեր­քի մե­ծա­գոյն խոր­հուր­դը ա­ղօթ­քը ե­ղած է ու կը մնայ, ա­նոր ընդ­մէ­ջէն է որ մեր հո­գիի յուզ­մունք­նե­րը կը բա­ցա­յայ­տենք։ Երբ կ­՚ա­ղօ­թենք, Աս­տու­ծոյ հետ է որ կը խօ­սինք. ո­րով­հե­տեւ Աս­տու­ծոյ հետ խօ­սե­լու միակ մի­ջո­ցը ա­ղօթքն է։ ­Սա­կայն պէտք է զգու­շա­նալ շո­ղո­քոր­թու­թե­նէ եւ  մեծ խօս­քեր ար­տա­սա­նե­լէ. ո­րով­հե­տեւ հե­զե­րուն ձայնն է որ լսե­լի կը դառ­նայ Աս­տու­ծոյ «Ե­րա­նի՜ հե­զե­րուն, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք պի­տի ժա­ռան­գեն եր­կի­րը (Մտ.5.5)։
Ա­ղօթ­քով մեր հո­գին ե­րի­տա­սարդ կը պա­հենք եւ եր­բեք չի թոր­միր ու չի թոշ­միր։ Ո­մանք հարց կու տան թէ օր­րա­կան քա­նի՞ ան­գամ պէտք է ա­ղօ­թել կամ ե՞րբ պէտք է ա­ղօ­թել։ ­Ղու­կա­սու ա­ւե­տա­րա­նի մէջ, Ք­րիս­տոս յստա­կօ­րէն իր ա­շա­կերտ­նե­րուն զգաստ եւ ար­թուն մնա­լու կոչ կ­՚ուղ­ղէր  ը­սե­լով՝ «­Պէտք է միշտ ա­ղօ­թել՝ ա­ռանց վհա­տե­լու» (Ղկ.18.1)։ Այս պա­րա­գա­յին ո­մանք կրնան հարց տալ ը­սե­լով պէտք է մեր բո­լոր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը մէկ­դի թո­ղել եւ ծուն­կի գա­լով միշտ ա­ղօ­թե՞լ։ Ո՛չ սի­րե­լի ըն­թեր­ցող Աս­տուած ան­գամ այդ մէ­կը չ’ըն­դու­նիր, ո­րով­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւրս աշ­խարհ ե­կած ենք նպա­տա­կի մը հա­մար եւ ոչ թէ ամ­բողջ օ­րը ծուն­կի գա­լու հա­մար. Ք­րիս­տո­սի ը­սա­ծը այն է որ մեր ա­ռօ­րեայն մեր միտ­քը եւ հո­գին բա­րե­գոր­ծու­թեամբ, սի­րով ու քրիս­տո­նեա­յի վա­յել ա­րարք­նե­րով հարս­տաց­նել ու ճո­խաց­նել…։
Ե­կէք, բո­լորս որ­պէս մե­ղա­ւոր­ներ եւ Ք­րիս­տո­սի մար­դա­սի­րու­թիւ­նը հայ­ցող­ներ, Ս. Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի բա­ռե­րով ծնկա­չոք մեր ա­ղօթք­նե­րը բարձ­րաց­նենք ու ը­սենք «Ե­թէ կշռես մեղ­քիս ծա­րու­թիւ­նը, քաղցրու­թեա՛նդ դէմ դիր զայն, եւ ո՛չ թէ ար­դա­րու­թեադ, վասն­զի ա­ռա­ջի­նին հան­դէպ շատ թե­թեւ պի­տի գայ ան, իսկ վեր­ջի­նին հան­դէպ՝ ­շա՛տ ծանր»։ Այդ­պի­սով լրիւ ար­ժե­ւո­րած պի­տի ըլ­լանք Ա­ւագ շա­բա­թը իսկ մեր հո­գի­նե­րը հարս­տա­ցու­ցած, պի­տի ար­ժա­նա­նանք ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Տօ­նին՝ Ս. ­Յա­րու­թեան։