Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն մասին հարցումներուն պատասխանելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտնեց. «Վերջին շրջանի զարգացումները (լարուուածութեան սրումը Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ) իրենց ազդեցութիւնն են թողնում բանակցային գործընթացի վրայ: Մենք պէտք է զգուշօրէն մօտենանք եւ հաւատարիմ մնանք այն համաձայնութիւններին, որոնք ձեռք ենք բերել նախորդ ամիսներին: Եւ դա մեր այսօրուուայ բանակցութիւնների շատ կարեւոր մասն էր»։ Ան աւելցուց, որ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով նշեց, որ քննարկուուող փաստաթուղթին մէջ գտնուուող գաղափարները եւ դրոյթները չեն փոխուած: Ըստ անոր՝ կողմերը անհամաձայնութիւններ ունին շարք մը դրոյթներու եւ մանրամասնութիւններու շուրջ: Անհրաժեշտ է քաղաքական կամք՝ յառաջ շարժուուելու համար:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան «Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի».- կ’ըսէ Մնացականեան
«Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի».- կ’ըսէ Մնացականեան
«Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի».- կ’ըսէ Մնացականեան