«Ա­զա­տա­մարտ» միու­թեան կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւող «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի գլխա­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նու­մը եւ փրկու­թիւ­նը։ ­Թեր­թեր, պար­բե­րա­թեր­թեր եւ գիր­քեր, ո­րոնց մէկ մա­սը կու գայ 19-րդ ­դա­րէն, պահ­պա­նո­ւե­ցան անձ­նա­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ, շնոր­հիւ խղճմիտ հայ­րե­նա­կից­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­քա­կան ջան­քե­րով՝ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ։
Ար­խի­ւա­յին «­Գան­ձա­րան»ը թան­կա­գին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու աղ­բիւր մը կը հան­դի­սա­նայ՝ այն­քան մեր ազ­գի պատ­մու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ, որ­քան նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան կեան­քին առն­չու­թեամբ։
­Մեր փա­փաքն է ո՛չ միայն հա­ւա­քագ­րել պատ­մա­կան գան­ձե­րը, այլ նաեւ զա­նոնք մատ­չե­լի դարձ­նել հան­րու­թեան եւ հե­տաքրք­րո­ւող ան­ձե­րուն՝ ե­լեկտ­րո­նա­յին մի­ջոց­նե­րու կի­րար­կու­մով։ Եր­կու տա­րո­ւան հե­տե­ւո­ղա­կան եւ սպա­ռիչ աշ­խա­տան­քէ ետք, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թը ու­րա­խու­թեամբ եւ գո­հու­նա­կու­թեամբ հան­րու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ կը դնէ ե­լեկտ­րո­նա­յին գրա­դա­րան-ար­խիւ մը՝ kantsaran.gr ա­նու­նով։ ­Թո­ւայ­նա­ցու­մի այս յոյժ կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քը, որ մեկ­նար­կեց «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ, ա­ռայժմ կը պա­րու­նա­կէ 750 հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու յատ­կան­շա­կան հա­ւա­քա­ծոյ մը, որ տա­րա­ծո­ւած է 17.000 է­ջե­րու վրայ։ ­Թեր­թեր, պար­բե­րա­թեր­թեր, գիր­քեր, յա­տուկ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ եւ ձե­ռագ­րեր մաս մը միայն կը կազ­մեն յու­նա­հա­յու­թեան հրա­տա­րակ­չա­կան հսկայ աշ­խա­տան­քին, մա­նա­ւանդ միջ­պա­տե­րազ­մեան շրջա­նի ըն­թաց­քին։ Այս հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­ժին մը ե­զա­կի նմուշ­ներ են, ո­րոնք կա­րե­լի չէ գտնել այլ գրա­դա­րան­նե­րու կամ հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ։ Իւ­րա­քան­չիւր ար­խիւ դա­սա­ւո­րո­ւած է ըստ տե­սա­կի, վեր­նագ­րի եւ թո­ւա­կա­նի՝ ա­նոր կցե­լով մաս­նա­յա­տուկ նկա­րագրա­կան մը։
­Մեր նպա­տակն է kantsaran.gr գրա­դա­րա­նը շա­րու­նա­կա­բար օժ­տել թուայ­նա­ցած նոր ար­խիւ­նե­րով, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր հե­տաքրք­րո­ւող անձ եւ հե­տա­զօ­տող հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­նայ տե­ղե­կու­թիւն քա­ղել ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի պատ­մու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան մա­սին։
­Մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­մա­ձայն, ար­խիւ­նե­րու թո­ւա­յին պահ­պա­նու­մը վախ­ճա­նա­կան ժամ­կէտ չու­նի, ի տար­բե­րու­թիւն թուղ­թին, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին փճա­ցու­մի եւ կորս­տեան կը մատ­նո­ւի։ Այս ի­րա­կա­նու­թեան տակ, «­Գան­ձա­րան»ի թո­ւայ­նաց­ման աշ­խա­տան­քը կ­‘ե­րաշ­խա­ւո­րէ ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի հրա­տա­րակ­չա­կան հա­րուստ գոր­ծու­նէու­թեան յա­ւեր­ժա­կան պահ­պա­նու­մը։