Դիմակաւոր զինեալ մը երէկ արեւմտեան Գերմանիոյ Վիւռնհայմ քաղաքի շարժապատկերի մէկ սրահին մէջ կրակ բացաւ: Դէպքէն անմիջապէս ետք ոստիկանութիւնը պաշարեց սրահը, ապա ներխուժելով սպաննեց զինեալը` կարծելով, որ պատանդներ կը պահէ:
Վիրաւորուեցան առնուազն 20 անձեր, որոնք ըստ երեւոյթին ոստիկանութեան օգտագործած արցունքաբեր կազերէն վիրաւորուած էին:
Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ զինեալը մտային խանգարում ունեցող անձ մըն էր: