­Կի­րա­կի, 9 ­Մարտ 2025-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Գի­շե­րա­յին, Ա­ռա­ւօ­տեան եւ Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ սար­կա­ւագ­նե­րուն։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ այդ ­Կի­րա­կին կը կո­չո­ւի «Ար­տաքս­ման ­Կի­րա­կի», ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, ­Հայր սուր­բը խօ­սե­ցաւ օ­րո­ւան խոր­հուր­դին մա­սին։ Ա­պա, «­Կա­նանց տօն»-ին ա­ռի­թով, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «ԱՆԻ» մաս­նա­ճիւ­ղը կազ­մա­կեր­պեց «­Սուրճ՝ բա­րի նպա­տա­կի հա­մար», «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ, ուր բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ տիկ. ­Մա­րիամ ­Յա­րու­թիւ­նեա­ն եւ ներ­կա­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ա­նոնց ա­ջակ­ցու­թեան եւ քա­ջա­լե­րան­քին հա­մար, նաեւ շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր տի­կին­նե­րուն եւ օ­րիորդ­նե­րուն տօ­նը։ ­Բաց­ման խօս­քէն ետք, հան­դէս ե­կան «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» «­Ծաղ­կոց»-ի ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­նե­րուն հրամ­ցու­ցին փունջ մը ո­տա­նա­ւոր­ներ եւ եր­գեր։
Ա­շա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, հան­դէս ե­կաւ ­Հայր սուր­բը, որ իր կար­գին ներ­կա­նե­րուն իր սիր­տի խօս­քը փո­խան­ցեց, գնա­հա­տե­լով հայ կնոջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը իր ա­մէ­նօ­րեայ ինք­նա­զո­հու­թեան, տա­ծած հո­գա­տա­րու­թեան, սի­րոյն եւ մղած պայ­քա­րին հա­մար։ Ան բարձր գնա­հա­տեց հայ մայ­րե­րուն եւ կի­նե­րուն աշ­խա­տանքն ու նո­ւի­րու­մը: ­Հայր սուր­բը նաեւ ա­ղօթք բարձ­րաց­նե­լով շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր տի­կին­նե­րուն եւ օ­րիորդ­նե­րուն տօ­նը՝ մաղ­թե­լով, որ ա­նոնց կեան­քի ճա­նա­պար­հը ըլ­լայ լոյ­սով ու բա­րու­թեամբ լի, ու­նե­նան քա­ջա­ռողջ եւ ա­րեւ­շատ օ­րեր։ ­Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, «ԱՆԻ» մաս­նա­ճիւ­ղը ցու­ցադ­րեց եր­կու կարճ տե­սանիւթեր, ի­րենց տա­րած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։

ԹՂԹԱԿԻՑ