Ապրիլ 29-30ին, Փարիզի մէջ, տեղի ունեցան Ju Jitsuի Grand Slam Paris երէցներու մրցումները։ Արա Ճանիկեան՝ մաս կազմելով Յունաստանի Ju Jitsu ազգային խումբին, կարողացաւ հասնիլ 3րդ դիրքին։
Իր մասնակցութիւնը բերաւ 56 քիլոյէն նուազ ծանրութեամբ մարզիկներու դասակարգի մրցումներուն ու երեք յաղթանակ եւ մէկ պարտութիւն արձանագրելով՝ գրաւեց 3րդ տեղը, պրոնզէ շքանշանին արժանանալով:
Պարտուեցաւ համաշխարհային արծաթ շքանշանակիր ֆրանսացի ախոյեանէն, որ այս մրցաշարին ոսկէ շքանշանը ապահովեց՝ ու յաղթեց 24-13 արդիւնքով քոլոմպիացի մարզիկին, որ 2015ին աշխարհի ախոյեանն էր։
Այս յաղթանակէն ետք, Արա արդէն կը սկսի իր նախապատրաստութիւնը համաեւրոպական մրցումներուն համար, որոնք տեղի պիտի ունենան Պոսնիա¬Հերձեգովինայի մէջ, Յունիսի սկիզբը։
Շնորհաւորութիւններ եւ բարի շարունակութիւն։
Արա Ճանիկեան
Յունահայ մարզիկ Արա Ճանիկեան 3րդ տեղը գրաւեց Ju Jitsuի Grand Slam Paris մրցումներուն