ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Երկիր».- 29 Դեկտեմբերի կանուխ առաւօտեան Հայաստանի Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն դէպի հարաւ-արեւելք գտնուող պետական սահմանի հատուածին մէջ, ատրպէյճանական զօրքերը ձեռնարկեցին հետախուզական-ներթափանցման փորձի, որուն հակազդեց հայկական կողմը՝ նահանջի մատնելով ատրպէյճանական նախայարձակ խումբը։
Այս մասին առաջին տեղեկութիւնները հրապարակեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան՝ դիմատետրի իր էջին վրայ գրելով, որ «Հայաստանի զինուած ուժերը մարտի են բռնուել հակառակորդի հետ: Կիրառւում է դիպուկահարների եւ նռնականետերի կրակ, որը շարունակւում է: Հայաստանի զինուած ուժերը լիովին վերահսկում են իրավիճակը՝ կանխելով հակառակորդի ոտնձգութիւնները»։
Աւելի ուշ, Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց թշնամիին կրած կորուստներուն մասին՝ դիտել տալով, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը հանդարտած է: Հակառակորդի շարքերուն մէջ կան մինչեւ 7 մահացած զինուորներ եւ վիրաւորներ։ Ըստ անոր՝ Հայաստանի զինուած ուժերը կը կատարեն որոնողական ու տարածքի մաքրութեան աշխատանքներ, ատրպէյճանցի մեռեալներուն թիւը տակաւին յստակ չէ, սակայն անոնցմէ մէկուն դիակը մնացած է հայկական կողմը։ Ա. Յովհաննիսեան նաեւ դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը եւս ունեցած է կորուստներ։
Արդարեւ, պետական սահմանի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերու ընթացքին զոհուած են աւագ հրամանատար Շաւարշ Մելիքսէթի Մելիքեան, շարքայիններ Էդգար Գրիգորի Նարայեան եւ Էրիկ Գարիկի Աբովեան:
«Երկիր»ի ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Շաւարշ Մելիքսէթի Մելիքեան Հայաստանի Շիրակի մարզի Աշոցք համայնքէն էր, ան 26 տարեկան էր, 4 տարի է, որ անցած էր պայմանագրային ծառայութեան: Ամուսնացած չէր, ընտանիքին միակ արու զաւակն էր։ Աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր պայմանագրային դրութեամբ ան կը ծառայէր Բերդի մէջ:
Նահատակ զինուորը ուսանած է Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկին մէջ, ծառայած է Հայաստանի տարբեր զօրամասերու մէջ։ Նաեւ՝ Գորիսի մէջ տեղակայուած զօրամասին մէջ եղած է դասակի հրամանատար: Մելիքեանի հրամանատարութեան տակ ծառայած զինուորները պատմած են, որ ան հիանալի սպայ էր, շատ լաւ կը տիրապետէր ռազմական գործին, ընկերասէր էր, զինուորներուն նուիրուած, անոնց կողմէ սիրուած ու յարգուած։
Էդգար Գրիգորի Նարայեան Երեւանէն է. աւարտած էր Հայաստանի մէջ Եւրոպական քոլէճը, ունի երկու քոյր: Էդգարը 1995 թուականի ծնունդ էր: Ընտանիքը միջին կարողութիւններու տէր է:
Իր կողմէ Ատրպէյճան, ինչպէս միշտ, դիմեց իրականութիւնը խեղաթիւրելու փորձի։ Իբրեւ պատասխան՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ յայտարարելով, որ 29 Դեկտեմբերի առաւօտեան ձեռնարկած սադրանքէն ետք, ատրպէյճանական կողմը ժամեր շարունակ լռութիւն պահելէ յետոյ, հանդէս եկած է պաշտօնական յայտարարութեամբ, «որում իրեն բնորոշ անհեթեթ ոճով փորձում է տեղի ունեցածի պատասխանատուութիւնը դնել հայկական կողմի վրայ»։
Նախարարութիւնը հաստատեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերու տրամադրութեան տակ առկայ են անհերքելի ապացոյցներ այն մասին, թէ ատրպէյճանական կողմը նախայարձակ եղած է: «Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարել է, որ ադրբեջանական կողմը սադրանքի ընթացքում կորուստներ է տուել: Հայաստանի զինծառայողները սպաննուել են իրենց ծառայութեան վայրում: Այս ֆոնին (առումով) զաւեշտի են վերածւում պնդումները՝ հայկական կողմի հետախուզական խմբի գործողութիւնների եւ ադրբեջանական զինուորականի անհետ կորելու մասին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերահաստատեց իր դիրքորոշումը՝ միջազգային հետաքննութեան աշխատակարգներու ներդրման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, որպէսզի կարելի ըլլայ նման սադրանքները կանխել եւ զինադադարի միջազգայնօրէն ստանձնուած պարտաւորութիւններու անշեղ կատարման վերահսկելիութիւնը ապահովել։