Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտնեց, որ ամերիկացի խումբ մը դիւանագէտներու կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային ուղղուած` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին զօրակցող ուժերուն դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու կոչը «սայթաքեցնող ճամբայ մըն է»:

«Ատիկա շարք մը հարցականներ կը յառաջացնէ», ըսաւ ան` հարց տալով. «Ինչպէ՞ս կարելի է ատիկա կատարել առանց անմեղ քաղաքայիններուն վնասելու»:

«Դժուար է պատկերացնել, թէ գերիշխանութեան տէր եւ Ռուսիոյ ու Իրանի աջակցութիւնը վայելող պետութեան մը դէմ պատերազմը ինչի կը յանգի», շեշտեց Ըռնեսթ` նշելով. «Օպամա կը կարծէ, որ պէտք է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին վրայ կեդրոնանանք, որովհետեւ եթէ ներկայիս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մեր օգտագործած ներուժը Ասատի վարչակարգին դէմ պայքարին վրայ ուղղենք, ապա ատիկա պիտի չնպաստէ մեր առաջնահերթ նպատակի իրագործման»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պէտք է իրեն աջակցող կողմերուն խրատներուն ականջ տայ»: «Հարկ է թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութեան արժեչափերուն հիմամբ  ապրիլ», շեշտեց ան: