«Սելանիկը մի՛շտ հպարտութիւն բերած է յունահայութեան ու վստահ եմ,
որ նոյն ոգին պիտի շարունակուի»,- հաստատեց Գեղամ Արք. Խաչերեան
Աւանդութիւն դարձած Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ուխտի օրը այս տարի առաւել եւս մեծ շուքով տօնուեցաւ։ Թեսաղոնիկէ հաստատուած հայորդիները, հետեւելով իրենց ազգային ոգիին ու հոգեւոր արժէքներուն, 1903 թուականին քաղաքին մէջ կառուցեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Որպէս երախտիք՝ ամէն տարի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ անուանակոչութեան օրը կը կատարուի մատաղ։ Տարուէ-տարի սովորութիւնը դարձաւ աւանդութիւն, իսկ աւանդութիւնը՝ ժողովուրդի հոգւոյն անբաժան մասնիկը։
Արդարեւ, Հինգշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2017ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Թեսաղոնիկէի հայ համայնքէն ներս առաւել եւս եռուզեռ տեղի ունեցաւ, երբ Թաղական Խորհուրդի անդամներ, Տիկնաց Միութեան անդամուհիներ, միութենական կեանքի մէջ գործող անձնաւորութիւններ, ինչպէս եւ թեսաղոնիկահայ հաւատացեալներ, անգամ մը եւս, միախմբուեցան եկեղեցւոյ շուրջ՝ հանդիսաւոր կերպով նշելու եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ անուանակոչութեան 114ամեակի տօնախմբութեան օրը։
Առ այդ՝ օրը սկսաւ Տիկնաց Միութեան կողմէ նախապատրաստական աշխատանքներով, առ ի պատրաստութիւն Ուրբաթ օրուան աղի օրհնութեան։
Ուրբաթ՝ 17 Նոյեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, շրջանի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան կատարեց աղի օրհնութիւնը, որպէսզի Տիկնաց Միութեան անդամուհիներ եւ կամաւորներ սկսին մատաղի պատրաստութեան՝ որպէս նախօրեակ յաջորդ օրուան հանդիսաւոր տօնին։ Տիկնաց Միութեան անդամուհիներուն կողմէ բծախնդիր աշխատանքով ամբողջ օրը կատարուեցան մատաղի պատրաստման աշխատանքները։
Շաբաթ երեկոյեան ժամը 8։30էն սկսեալ, կազմակերպութեամբ Տիկնաց Միութեան, սկիզբ առաւ օրուան պաշտօնական ընթրիքը «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, նախագահութեամբ թեմիս բարեջան եւ նորընտիր առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ ներկայութեամբ Հ.Հ. լիազօր եւ արտակարգ դեսպան պրն. Ֆաթէյ Չարչօղլեանի, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեանի, շրջանիս նախորդ եւ ներկայ հոգեւոր հովիւներուն, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Թաղական Խորհուրդի անդամներուն, ազգային երեսփոխաններու, միութենականներու, Գոմոթինիէն, Քսանթիէն, Գաւալայէն, Տիտիմոթիխոյէն, Սերրէսէն ներկայացուցիչներու եւ աւելի քան 150 հայորդիներու։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ տեղի ունեցաւ սեղանի օրհնութիւնը։ Ապա՝ օրուան բացումը կատարեց եկեղեցւոյս Տիկնաց Միութեան ատենապետուհի տիկ. Վերգին Աւետիսեան՝ ողջունելով բոլորը եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնելով բոլորին, ինչպէս նաեւ՝ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 114ամեակը եւ մաղթեց նոր ու բարձր ամեակներ միասնաբար տօնախմբելու։ Շրջանի երէցներէն տիկ. Վահեւնունի հայերէնով եւ յունարէնով ներկայացուց եւ ընթերցեց եկեղեցւոյս պատմութիւնը։ Բնականաբար, սրտի խօսքերուն ընթացքին, մէջ ընդ մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ «Ծաղկոց-Մալաքեան Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներէն Փոքրիկն Մարիա Շատինովայի կողմէ արտասանութեամբ, Clarinet երաժշտական գործիքով՝ Ստեֆանիա Խարիսի («Ծիծեռնակ», «Կռունկ» եւ «Երեւան Էրեբունի») կատարումով եւ, վերջապէս, սիրուած երգչուհի Մարիա Սփիրիտոնիտու («Կիլիկիա», «Կռունկ» եւ «Սարերի հովին մեռնեմ…»¤ երգերով։
Իր սրտի խօսքը արտասանեց Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Արթին Աբրահամեան՝ բարի գալուստ մաղթելով եւ եկեղեցւոյ 114ամեակը շնորհաւորելով՝ մաղթեց բոլորին առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։ Օրուան հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր շրջանիս նախորդ հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, որ առաջին հերթին, Գեղամ Արք. Խաչերեանի թեմակալ առաջնորդ ընտրուելուն առթիւ, յոտնկայս կենաց առաջարկեց, ուր ներկաները ծափողջոյններով դիմաւորեցին եւ Սրբազան Հօր մաղթեցին արեւշատ ու արգասաբեր տարիներ Յունաստանի հայոց թեմէն ներս։
Նշենք, որ Սրբազան Հայրը նախապէս որպէս Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ ծառայած է 9 տարիներ եւ իր մեծ ներդրումը ունեցած գաղութի կեանքին մէջ։
Տիկնաց Միութեան անդամուհիներուն եւ շարք մը կամաւորներու կողմէ սպասարկուեցան օրուան համեղ ճաշն ու անուշեղէնը։ Ապա՝ Սմբատ Վարդապետ ընթերցեց եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի տարեկան միամեայ տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ անունով իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ նախորդ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Վարդգէս Գունտաճեանին՝ անոր մօտաւորապէս 22 տարուան բոլորանուէր ծառայութեան համար եւ յուշագիր-յուշանուէր մը յանձնեց անոր։ Պրն. Գունտաքճեան եւս իր երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկաւ։
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, որպէսզի իր սրտի խօսքը ըսէ։ Ամէն բանէ առաջ, Ազգային Վարչութեան անունով, ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ բոլոր հաստատութիւններն ու միութիւնները, մաղթելով ամենայն բարիք բոլորին։ Ան նշեց, որ այսօր ո՛չ միայն Թեսաղոնիկէն ուրախ մթնոլորտի մէջ է, այլեւ ամբողջ յունահայութիւնը, որովհետեւ ազգ եւ եկեղեցի միաշաղախուած հաւաքուած այս սրահէն ներս մեծաշուք կերպով կը տօնախմբեն եկեղեցւոյ 114ամեակը, ինչպէս նաեւ ներկաներուն տեղեկացուց, ամփոփ գիծերով, ծրագիրները Ազգ. Վարչութեան եւ յորդորեց շարունակելու այսպիսի՛ հայեցի դաստիարակութեան ու հայապահպանման գործը Թեսաղոնիկէէն ներս։
Իր սրտի խօսքը ունեցաւ նաեւ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. լիազօր եւ արտակարգ դեսպան պրն. Ֆաթէյ Չարչօղլեան եւ իր կարգին շնորհակալութիւնն ու երախտիքը յայտնեց հրաւէրի համար եւ բարձրօրէն շնորհաւորեց Թեսաղոնիկէի մեծ ընտանիքը՝ եկեղեցւոյ 114րդ տարեդարձին առիթով։
Ուրախ մթնոլորտը իր աւարտին հասաւ, երբ բեմ հրաւիրուեցաւ Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ իր առաջնորդական պատգամը փոխանցելու ներկաներուն։ Փակման իր այդ խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց բոլորը՝ եկեղեցւոյ 114րդ տարեդարձին առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց շրջանի նախկին եւ ներկայ հոգեւոր հովիւները. ողջունեց բոլոր հանգամանաւոր անձնաւորութիւնները՝ Աթէնքէն, Թեսաղոնիկէէն, Թրակիայէն եւայլն, ինչպէս նաեւ բոլոր միութիւններն ու կառոյցները այս տօնախմբութեան յաջողութեան համար։ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց նախկին հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանը՝ իր 3 տարուան ծառայութեան համար եւ մաղթեց յաջողութիւն անոր նոր առաքելութեան՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ներս։ Նաեւ՝ Սրբազան Հայրը ողջունեց Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի ներկայութիւնը, որպէս նորանշանակ հոգեւոր հովիւ, որ ժողովուրդին մեծ փափաքով դարձեալ վերադարձած է Թեսաղոնիկէ, վերստանձնելու համար շրջանէն ներս նախապէս ալ իրեն վստահուած նոյն պաշտօնը։
Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ.- «Թեսաղոնիկէն տարբե՛ր է, տարբեր բոյր ու տարբեր նշանակութիւն ունի մեզի համար ու մանաւա՛նդ Սելանիկի թանկագին մեր ժողովուրդին զաւակները մի՛շտ սիրելի կը մնան ու պիտի մնան մեզի համար… այն առումով, որ ամէն տեսակ միութիւններ կը գործեն միասնաբար՝ հա՛յ մնալու, հա՛յօրէն ապրելու ու ապրեցնելու առաջադրանքով, հակառակ տնտեսական այս ծանր վիճակին»։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր յուզական խօսքին մէջ անդրադարձաւ եւ 30 տարիներ ետ երթալով յիշեց Սելանիկը, յիշեց այն բոլոր անձնաւորութիւնները, որոնք իրենց մեծ ներդրումը ունեցած էին գաղութին ու մանաւանդ յիշեց «Տէր-Զաքարեան» սրահին բացման հանդիսութիւնը, եւ այլ տեսակի տօնախմբութիւններ։ Ան ինքզինք նկատեց Սելանիկի զաւակ ու անոր համար Սելանիկը անուանեց որպէս տուն, Թրակիան՝ որպէս ազգական եւ այսօր, Աթէնքը՝ որպէս պաշտօնատեղի։ Ան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով.- «Մենք երբե՛ք պէտք չէ կորսուինք, պէտք չէ՛ ցրուինք, ինչ ալ ըլլան պարագաներն ու պայմանները, անպայման պէտք է մեր ներդրումը ունենանք գաղութէն ներս, քիչ թէ շատ, մանաւանդ երիտասարդները…»։ Ան դրօշարշաւի նմանցուց մեր կեանքը՝ ըսելով.- «Մեր նախնիները դրօշը բռնած վազեցին եւ մենք ալ այսօր նո՛յն դրօշը բռնած պէտք է վազենք։ Որպէս Առաջնորդ կ’ըսեմ՝ Թեսաղոնիկէի հայութիւնը յունահայութեան մէջ յատուկ տեղ ունի…»։
Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տօնախմբութեան ակնարկելով՝ Առաջնորդը ըսաւ.- «Մեր նախնիները Սելանիկ եկան եւ եկեղեցի ու դպրոց շինեցին, միութենական կեանք ստեղծեցին, որովհետեւ անհրաժեշտութիւն էր, որ հայը հա՛յ մնար, հետեւաբար՝ պէտքը զգացին եկեղեցւոյ, դպրոցի, միութենական կեանքի…»։ Ան Սելանիկը նմանցուց նաւու մը, որ միշտ ջուրին վրայ ծփալով՝ միշտ քանակի ու որակի տարբեր երեւոյթներով հպարտութիւն բերած է ամբողջ Յունաստանի հայութեան։
Ի վերջոյ, Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Տիկնաց Միութեան անդամուհիներուն, որոնց տքնաջան աշխատանքով՝ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնները բարեյաջող կ’ընթանան։ Ան յիշեց, թէ «…ամէն տարի, երբ կը հաւաքուինք այս եկեղեցւոյ տօնակատարութեան հանդիսութեան, կը յիշենք անոնց, որոնք մեզմէ բաժնուած են այսօր, անոնց՝ որոնք առ յաւէտ մեկնած են. կը յիշենք անցեալի յիշատակելի պահերը եւ այսօր, 114 տարիներ ետք, մեզմէ կը պահանջուի միասնական ոգի ցուցաբերել հանդէպ գաղութին…»։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
ԹՂԹԱԿԻՑ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր անդրանիկ այցելութիւնը՝ Թեսաղոնիկէ
Թեսաղոնիկէի «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ անուանակոչութեան 114ամեակի տօնախմբութիւնները մեծ շուքով ու հանդիսաւոր կերպով նշուեցան