ԵԶՐԱՍ ՎՐԴ. ԹԷՆԷՔԷՃԵԱՆ
Յիսուս կը պատմէ մեծահարուստի մը մասին, որ տնտես մը ունէր: Մարդիկ կը սկսին դժգոհիլ այս տնտեսէն, որովհետեւ իր տիրոջ հարստութիւնը կը փճացնէր: Մեծահարուստը լսելով այս մասին, իր քով կը կանչէ տնտեսը ու կը պահանչէ, որ հաշիւ տայ իրեն ապա հեռանայ պաշտոնէն (Ղկ 16 1-8):
Տնտեսը շատ կը մտածէ, թէ ինչ պէտք է ընէ: Երկար մտածելէ ետք, իր տիրոջ պարտապաններուն կը կանչէ ու կը զեղչէ անոնց պարտքերը: Տէրը այս արարքը տեսնելով կը գովէ տնտեսին անիրաւութիւնը, որովհետեւ իմաստութեամբ գործեց: Այս մէկը մէկ բանի համար էր, որպէսզի երբ տնտեսութեան պաշտօնէն հեռանայ, մարդիկ ընդունին իրեն իրենց տուները (Ղկ 16.3):
Ընդհանրական Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ հայրեր (Ս. Օգոստինոս, Եփրեմ Խուրի Ասորի, Ոսկեբերան հայրապետ, Կիւրեղ Երուսաղեմացի) հետեւեալ ձեւով կը մեկնաբանեն անիրաւ տնտեսին առակը:
Անիրաւ տնտեսը կը խորհրդանշէ մարդը, որ մեղքերու մէջ թաղուած է եւ ուշ կամ կանուխ պիտի կանգնի դատաստանին առջեւ: Գթացող Աստուած կը փափաքի մարդուն հասկցնել, թէ նախքան իր բաժնուիլը այս աշխարհէն, կարողութիւնը ունի իր մեղքերէն մաքրուելու: Մարդը ըլլալով մեղաւոր եւ անդրադառնալով իրեն գալիք կորուստին, պէտք է սկսի ձեւեր փնտռել քաւելու իր մեղքերը: Այս գաղափարները ամփոփուած են անիրաւ տնտեսի առակին մէջ:
Այս առակը իր մէջ կը պարփակէ նաեւ հետեւեալ ճշմարտութիւնը. Աստուած կ՚ուզէ, որ մարդուն պարգեւած շնորհքները, բարիքները օգտագործէ իր նմանին օգուտին համար: Այս աշխարհը եւ կեանքը մեզի չեն պատկանիր, այլ Աստուծոյ: Աստուած մեզի շնորհքներ տուած է եւ մարդը կոչուած է հաւատարիմ ըլլալու այն շնորհքներու, որ իրեն տրուած են:
Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ «Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք:
Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունինք` պէտք է պատգամենք մեր հաւատքին համեմատ: Եթէ ծառայելու շնորհքը տրուած է` պէտք է ծառայենք: Եթէ ուսուցանելու ձիրքը ունինք` պէտք է ուսուցանենք: Եթէ յորդորելու կարողութիւնը ունինք` պէտք է յորդորենք: Իր ունեցածը ուրիշներուն բաժնողը առատօրէն թող բաշխէ: Վերակացու եղողը եռանդագին թող աշխատի: Ողորմութիւն ընողը խնդութեամբ թող ընէ» (Հռ 12.6-8), եւ այս բոլորը եկեղեցւոյ համայնքին օգուտին համար:
Աւետարանը կը պարզէ եթէ այս շնորհքները լաւապէս չօգտագործենք հաշիւ պիտի տանք Աստուծոյ: Աւետարանը կ՚ըսէ. «Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր» (Ղկ 16.2): Հետեւաբար, անիրաւ Տնտեսի Կիրակին կու գայ մեզի սորվեցնելու օգտագործել այն բոլոր բարիքները, որոնք շնորհուած են մեզի:
Ուրեմն, երբ բոլորս այս պահեցողութեան ընթացքին կը փորձենք մտերմանալ Աստուծոյ հետ, խնդրենք Աստուծմէ, որ մեզի կարողութիւնը տայ ճանչնալու մեր ունեցած շնորհները, զարգացնել ու օգտագործել զանոնք եւ ընտրենք կեանքի ճշմարիտ ուղին: