Երեքշաբթի՝ 14 Նոյեմբեր 2017ին, առաւօտեան ժամը 11ին, յունահայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան իր այցելութիւնը տուաւ «Զաւարեան» դպրոցի «Ուշագլեան» մանկապարտէզի բաժինին: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չօլաքեան, «Զաւարեան» դպրոցի տնօրէն տիկ. Հայկան Մինասեան եւ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան:
Մանկապարտէզի ժրաջան ուսուցչուհիներուն աշխատասիրութեամբ, աշակերտներուն կողմէ հռամցուեցան փունջ մը հայերէն երգեր, որոնք ուրախութեամբ ճոխացուցին մթնոլորտը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ ողջունեց ուսուցչուհիներուն տարած ծանր աշխատանքը, այլ խօսքով՝ սերունդ պատրաստելու ճիգը եւ ապա, խօսքը աշակերտներուն ուղղելով, ըսաւ, թէ «հայ երգը այսօր կարեւոր դեր ունի ազգի մը գոյատեւման համար, որովհետեւ երգը մշակոյթ մը կը ներկայացնէ եւ երգողը ինքնաբերաբար այդ մշակոյթը կ՛ապրի»:
Աւարտին, Սրբազան Հայրը գնահատեց ներկաներուն եւ գալիք ապագայ աշխատանքներուն համար յաջողութիւններ մաղթեց:
Թղթակից