Երէկ առաւօտ, յունական ոստիկանութիւնը շրջափակեց Աթէնքի արուարձաններէն՝ Քալիվիա շրջանին մէջ գտնուող դղեակ մը, որուն մէջ այդ պահուն մէկտեղուած 28 անձերը կը գործածէին զանազան թմրեցուցիչներ եւ ոգելից ըմպելիներ, իսկ անոնցմէ շատերը սեռային անկարգութիւններու մէջ մխրճուած էին։
Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց նաեւ սեղմ շրջանակի պարահաւաքոյթը կազմակերպողը, որ ըստ յունական մամուլին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի զարմուհին է։ Տեղեկութիւններուն համաձայն, ան կ՚ապրի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ եւ 2021-ին իր ամուսինին հետ ամբաստանուած էր բրիտանական կարգերուն կողմէ մեծագումար անգլիական ոսկիի լուացման համար։
Ազերի կինը ձերբակալուեցաւ անցեալ Երկուշաբթի առաւօտուն՝ յունական ոստիկանութեան թմրեցուցիչի կանխարգիլման յատուկ ջոկատներուն կողմէ։ Ան կ՚ամբաստանուի ապօրինի պարահաւաքոյթ կազմակերպած ըլլալու մեղադրանքով, որուն համար ղրկուած հրաւէրին մէջ նշուած էր թմրեցուցիչի, ոգելից ըմպելիի եւ … որեւէ այլ եղելութեան մասին։ Ոստիկաններու մուտքի պահուն, 28 հոգի մերկ վիճակի մէջ գտնուեցան տան զանազան մասերը, մինչ յայտնի դարձաւ, թէ երկու օր տեւած պարահաւաքի ընթացքին մեծ թիւով այլ հրաւիրեալներ եւս անցան անկէ։
Ազերի կինը ձերբակալուեցաւ ննջասենեակի մը մէջ, ուր իր մօտ գտնուեցան 14 տարբեր տեսակի ծանր թմրեցուցիչներ, ինչպէս նաեւ դրամարկղի մը մէջ ոստիկանները պահուած գտան մօտ 44 հազար եւրոյի գումար մը։
Ոստիկանութեան յարձակումին ընթացքին նաեւ բերման ենթարկուեցան երեք ոստիկաններ, որոնք ապօրինի պահակութեան սպասարկութիւն կը կատարէին դղեակին առջեւ։
Ոստիկանական հրամանատարութեան պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն 10 հոգիի մօտ գտնուեցան թմրեցուցիչներ։ Ձերբակալուածներէն մաս մը անցեալին եւս ամբաստանուած էր նման ապօրինութիւններու համար։ Անոնք արդէն առաջնորդուեցան դատախազութեան առջեւ, որոնց հասցէին մեղադրանք առաջարկուեցաւ։
Յունական մամուլը որոշ բացայայտումներ կատարեց Ատրպէյճանի նախագահի զարմուհիի ապօրինի գործառնութիւններուն մասին։ Ըստ օտար լրատուական աղբիւրներուն, 2021-ին, ազերի կինը եւ իր ամուսինը մտան ոճիրներու կանխարգիլման անգլիական ազգային սպասարկութեան (NCA) հսկողութեան տակ, երբ յայտնի դարձաւ թէ ամոլը ստացած էր 13,9 միլիոն անգլիական ոսկի մութ հաշիւներու ճամբով։
Անգլիոյ պետութեան հետ գոյացած համաձայնութեան շնորհիւ, անոնք 4 միլիոն ոսկիի հատուցում կատարեցին, խուսափելու համար իրենց հարստութեան բռնագանձումի պատիժէն: Համաձայն անգլիական transparency.org.uk կայքէջին, ձերբակալուած ամոլը ընդունեց, թէ գումարները Մեծն Բրիտանիա հասան ատրպէյճանական դրամի լուացման մութ ճամբաներով, ծանօթ իբրեւ «Azerbaijan Laundromat», որ առնչուած էր Ատրպէյճանի քաղաքական վերնախաւին կողմէ կատարուած գումարներու լուացման ապօրինութիւններուն հետ։ Ըստ կատարուած հետախուզութեան, 2012-էն մինչեւ 2014, ատրպէյճանական գումարներու լուացման ընթացքին, աւելի քան 2,2 միլիառ ոսկի հայթայթուեցաւ բրիտանական զանազան կասկածելի հաշիւներու։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստան Ալիեւի զարմուհին ձերբակալուեցաւ յոյն ոստիկանութեան կողմէ թմրեցուցիչ տրամադրելու յանցանքով










