­Բա­ցա­ռիկ ե­լոյ­թով մը, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ հա­յա­հոծ շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-րդ ­տա­րե­դար­ձին։ ­Յատ­կան­շա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ, ­Շա­բաթ, 26 ­Սեպ­տեմ­բեր 2026-ի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Հա­յաս­տա­նի դրօ­շը ծա­ծա­նեց քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի շէն­քին առ­ջեւ, յու­զու­մի եւ հպար­տու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ։
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, քա­ղա­քին մէջ կ­՚ապ­րի հա­յու­թեան կա­րե­ւոր թիւ մը, որ եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ մաս կազ­մած է տե­ղա­կան կեան­քին, իսկ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն ետք, բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ ­Հա­յաս­տա­նէն կայք հաս­տա­տած են շրջա­նը։ Հա­յու­թեան կա­պե­րը տե­ղա­կան պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ ե­ղած են ա­ւե­լի քան սի­րա­լիր, միշտ գոր­ծակ­ցա­կան ո­գիի շրջա­գի­ծէն ներս եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։
Այս ի­րա­կա­նու­թեան տակ, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ո­րո­շեց յար­գել քա­ղա­քի բնակ­չու­թեան կա­րե­ւոր մէկ մա­սը եւ պար­զել հայ­կա­կան Ե­ռա­գոյ­նը, իր ազ­նո­ւա­գոյն տուր­քը մա­տու­ցե­լով եղ­բայ­րա­կան հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ­Հա­յաս­տա­նին։
­Շա­բաթ օր, մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ, շրջա­նի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ ներ­կայ ե­ղան ա­րա­րո­ղու­թեան։ ­Յատ­կան­շա­կան էր փոքր սե­րուն­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը, որ ե­ռա­գոյն դրօ­շակ­նե­րով յա­տուկ փայլ մը տո­ւաւ բա­ցա­ռիկ պա­հուն։ Ա­րա­րո­ղա­կար­գի մեկ­նար­կին, քա­ղա­քա­պետ Իոան­նիս ­Զամ­պու­քիս եւ Հ.Հ. պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս ­Սար­գիս ­Տան­կա­զեան միաս­նա­բար վեր բարձ­րա­ցու­ցին դրօ­շը, իսկ ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը յու­զու­մով եր­գեց ­Հա­յաս­տա­նի օրհ­ներ­գը։
­Պէտք է նաեւ նշել, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման ա­ռի­թով, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը գե­ղե­ցիկ յղա­ցու­մը ու­նե­ցաւ իր շէն­քը լու­սա­ւո­րե­լու հայ­կա­կան դրօ­շի գոյ­նե­րով։ Ս­տեղ­ծո­ւած տե­սա­րա­նը ոչ միայն յու­զիչ էր հա­յու­թեան հա­մար, այ­լեւ ջեր­մօ­րէն գնա­հա­տո­ւե­ցաւ ու յար­գո­ւե­ցաւ քա­ղա­քի յոյն բնակ­չու­թեան կող­մէ։