­Մեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դին կը ծա­նու­ցա­նենք, թէ Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 130-ա­մեա­կին ա­ռի­թով ­Կի­րա­կի, 30 ­Նո­յեմ­բեր 2025-ի ա­ռա­ւօ­տուն, պի­տի մա­տու­ցո­ւի հան­դի­սա­ւոր սուրբ պա­տա­րագ եւ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւն:
­Պի­տի պա­տա­րա­գէ ու յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զէ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ Ս. Եպս. Ե­մի­շեան:
Ս­կիզբ սուրբ պա­տա­րա­գի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-ին:
­Սուրբ պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի ե­կե­ղեց­ւոյս «Այ­վա­զեան» վո­կալ խում­բին կող­մէ խմբա­վա­րու­թեամբ պրն. Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի եւ եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ տի­կին ­Տի­րու­հի Աշ­րեան-Գ­րի­գո­րեա­նի:

Ա­նոնք ո­րոնք կը փա­փա­քին մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն կա­տա­րել, թող բա­րե­հա­ճին հե­ռա­ձայ­նել տի­կին Թշ­խու­հի ­Պօ­զի­կեա­նին (6978892493), ինչ­պէս նաեւ  հա­տու­ցում կա­տա­րել ե­կե­ղեց­ւոյ դրա­մա­տան հա­շի­ւին

ALPHA BANK IBAN: GR9701401050105002002027684

­Մեր սրտա­գին փա­փաքն է, որ մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը մաս­նա­կից դառ­նայ սուրբ պա­տա­րա­գին եւ տո­գո­րո­ւի օ­րո­ւան խոր­հուր­դով:

­Հո­գա­բար­ձու­թիւն