Սփիւռքահայ մամուլը անգնահատելի գանձարան մըն է, որուն մէջէն վառ կը մնայ հայ հոգիի ճառագայթումը, նոյնիսկ երբ հեռաւոր շրջաններու մէջ, հոն ուր բուռ մը հայեր կ՚ապրին, հայ թերթը կը շարունակէ ոգեշնչել հայու տիպարն ու ողջ էութիւնը։
Այսպիսի պարագայ մը եղաւ հեռաւոր Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ, քաղաքի պատմութեան նուիրուած ելոյթի մը ընթացքին։ Երկուշաբթի, 12 Մայիսին, Ալեքսանտրուպոլսոյ Գեղարուեստական միութիւնը կազմակերպեց ելոյթներու փունջ մը, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ մեր հայրենակիցներէն՝ Դանիէլ Թադէոսեան, որպէս երգչախումբի անդամ։ Ելոյթը բաժնուած էր երկու մասի եւ երգախառն թատերականացուած ներկայացում մը եղաւ քաղաքի նոր ժամանակներու պատմութեան եւ Փոքր Ասիայէն գաղթականներու ժամանման ոդիսականին մասին։ Մեկնաբանուեցաւ անցեալ դարասկիզբի երգերու ծաղկաքաղ մը, որոնց մէջէն կ՚արտացոլային հին հայրենիքի ու գաղթական կեանքի օրերն ու ապրումները։
Կցուած յատկանշական նկարին մէջ, Դանիէլ Թադէոսեան կ՚երեւի թատերական մէկ արարին մէջ, ուր քաղաքի սրճարանը նստած այլ բարեկամներու հետ, կը կարդայ «Ազատ Օր»-ը։ Այս նկարին մէջէն կը ցայտին հին պատկերներ ու զգացումներ, երբ հիւսիսային Յունաստանի գաղթակայաններուն մէջ ապրող հայութիւնը իր հայկականութեան ոգին վառ կը պահէր մեր թերթի առօրեայ եւ հաւատաւոր ներկայութեամբ։ «Ազատ Օր» եղաւ շաղկապը առանձնացած այդ շրջաններու եւ հայ կեդրոններուն միջեւ, որ մինչեւ այսօր յարգանք կը վայելէ հայութեամբ ապրող ու մաքառումի բարձր ոգին պահող հայ բեկորներուն մէջ։