Վերջերս, Աթէնք այցելեց Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիոյ Պատմութեան ինսթիթութի հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան բաժինի վարիչ փրոֆ. տոքթ. Արմէն Մարուքեան: Ան մասնակցեցաւ Աթէնքի Հին Խորհրդարանի շէնքին մէջ կազմակերպուած կարեւոր համաժողովին, որ կը կրէր «Թուրքիոյ մշտական կործանարար քաղաքականութիւնը Փոքր Ասիոյ, Միջագետքի, Հայաստանի եւ Պալքաններու մէջ» խորագիրը: Այս առիթով «Ազատ Օր» տեսակցութիւն ունեցաւ անոր հետ, ստորեւ կը հրատարակենք հարցազրոյցի հիմնական կէտերը:
— Նկատի ունենալով թէ վերջերս Ա.Մ.Ն.-ի Ծերակոյտը որոշում յատկացուց, որով կ՚ուզէ ստիպողական դարձնել ամերիկեան զէնքերու արգիլումը Ատրպէյճանին, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս քայլը եւ որքանո՞վ այդ մէկը ստիպողական կրնայ դառնալ ամերիկեան կառավարութեան համար։
1990-ական թուականներուն Ամերիկայի մէջ հայ լոպիստական կառոյցներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, առաջին հերթին Հայ դատի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ընդունուեցաւ 907 բանաձեւը՝ ազատութեան ակտի սահմանափակման մասին, որով Միացեալ Նահանգները կը հրաժարէին ռազմական եւ ֆինանսական օգնութիւն տրամադրելէ Ատրպէյճանին, քանի որ Ատրպէյճանը յարձակողական կեցուածք ունէր Արցախի ժողովուրդին դէմ, եւ կար այդ մտահոգութիւնը թէ այդ զէնքը եւ այդ դրամը պիտի գործածուի Արցախի հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ։ Մինչեւ 1990-ականներու վերջաւորութիւնը, Գոնկրէսի մէջ կար մեծամասնութիւն, որ կը պահէր այս դիրքորոշումը։
Անկէ ետք գումարի ֆինանսաւորման արգելքը հանուեցաւ եւ մնաց զէնքի արգիլումը։ Ետքը առկախուեցաւ նաեւ 907ի որոշումը։
Հիմա, Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակէն ետք, Ամերիկեան Ծերակոյտը դարձեալ վերադարձաւ հարցին եւ կարծես թէ դարձեալ կը վերագործարկուի այս արգելքը։ Որպէսզի մտնէ ուժի մէջ անշուշտ, պէտք է Ստորին Պալատն ալ հաստատէ եւ նախագահն ալ իր կարգին ստորագրէ։ Անկէ ետք նոր արգելք կը դրուի որպէսզի Ա.Մ.Ն.-ի իշխանութիւնները այլեւս չի կարողանան զէնք հայթայթել Ատրպէյճանին։
Պէտք է հասկնալ նաեւ թէ Ամերիկեան զէնքի ո՞ր մասն է, ո՞ր տոկոսն է, որ Ատրպէյճանը կը գործածէ։ Շատ փոքր մասն է։ Բացի այս, Ատրպէյճանը հնարաւորութիւն ունի այս արգելքը շրջանցելու Թուրքիոյ միջոցաւ։
Գիտենք, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի երկիր է եւ բաւական սպառազինութիւն ստացած է Ամերիկայէն։ Նոյնիսկ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, մենք տեսանք Ամերիկեան սպառազինութեան գործածում, որը ստացուած էր Թուրքիայէն, ռազմափորձերէ ետք, եւ մնացած էր Ատրպէյճանին։ Չենք կրնար ըսել, որ շատ արդիական ու ժամանակակից սպառազինութիւն է, բայց նոյնիսկ եթէ Թուրքիան այլեւս չի գործածեր, այդ Ամերիկեան, ՆԱԹՕ-յական սպառազինութիւնը կը փոխանցէ իր կրտսեր եղբօր։
Անշուշտ, քաղաքական ենթահող ունի այս որոշումը, Ատրպէյճանի դէմ, բայց կարծեմ թէ աւելի շօշափելի, աւելի միջոց կրնար ըլլար եթէ Սենատը որոշէր սառեցնել Ալիեւներու գումարները, որ կան Ամերիկեան դրամատուներուն մէջ։ Եւ այս աւելի մեծ ազդեցութիւն կրնար ունենալ Ատրպէյճանի վրայ, քան այս որոշումը նախաձեռնուած է։
Յամենայնդէպս, սա Ուաշինկթընի կեցուածքի լուրջ փոփոխութիւն է, որովհետեւ հաւաստիացումներ տրուած էին Պաքուի կողմէ Արեւմուտքին եւ Ուաշինկթընին, որ նոր ռազմական յարձակում պիտի չըլլայ Արցախի դէմ։ Բայց ինչպէս տեսանք դրժուեցաւ այդ խոստումը եւ 2023-ի գործողութիւնները ասոր վառ ապացոյցն են։ Ա.Մ.Ն. սկսած է ինչ որ պատժելու քաղաքականութիւն, հիմնուելով այդ դրժուած խոստումին վրայ։ Հիմա, պէտք է յուսանք որ այս պատիժները շարունակական ըլլան եւ բովանդակալից։
— Այս որոշումին դիմաց կայ Ատրպէյճանի մերժումը՝ չմասնակցելու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին։ Կա՞յ մեկնաբանութիւն ասոր վերաբերեալ։
Ընդհանրապէս, վերջին շրջանին Ատրպէյճան կը փորձէ Արեւմտեան հարթակներուն վրայ ցոյց տալ Հայաստանի հետ կարգաւորման հարցերու մասին խուսափողական կեցուածք։ Յիշեցնեմ նաեւ Ղրանատայի հանդիպումը, որ ամէն ինչ պայմանաւորուած էր, բայց վերջին պահուն մերժեցին հանդիպումը, պնդելով իրենց նախապայմանին վրայ, թէ Թուրքիան ալ պէտք է մասնակցէր։ Ալիեւ ինքզինք աւելի վստահ կը զգայ, իր աւագ եղբօր՝ Էրտողանի ներկայութեան բանակցութիւններ վարելու։ Վերջին պատերազմէն ետք, Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Ատրպէյճանի վրայ ուղղակիօրէն շեշտուածռ է։
Յիշեցնեմ, այդ տխրահռչակ զօրահանդէսը, որ Պաքուի մէջ կազմակերպեց Ալիեւը, իր կողքին ունենալով Էրտողանը, որ անընդհատ կը յիշեցնէր, թէ առանց Թուրքիոյ մեծ աջակցութեան այդ յաջողութիւնը կրնար թերեւս եղած չըլլար։ Այսինքն, այդ մեծ ռազմաթեքնիքական աջակցութիւնը, Իտլիպէն ահաբեկիչներուն տեղափոխելը, թուրք սպայակոյտի տեղափոխումը եւ ատրպէյճանական բանակի ղեկավարումը՝ ասոնք փաստեր էին, որ ապահովեցին նաեւ Ատրպէյճանի յաջողութիւնը։ Եւ անընդհատ այս մէկը իրենց կը յիշեցուի։
Ե՛ւ Միացեալ Նահանգներ, ե՛ւ Եւրոպական Միութիւնը անընդհատ կը յիշեցնեն Ալիեւին այդ խոստումներու դրժումը, եւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ գործողութիւնները կը դառնան մահակ, որ կը սկսին Ատրպէյճանի դէմ գործողութիւններ ընել։ Այս պատճառով Ալիեւը գիտակցաբար կը խուսափի այս հարթակներէն, ըսելով նաեւ թէ ոչ Ա.Մ.Ն., ո՛չ Ֆրանսան, ազնիւ միջնորդներ չեն, անկողմնակալ չեն, այլ բռնած են Հայաստանի կողմը։
Հիմա, այս որոշումը թերեւս կապակցուած է նաեւ Ա.Մ.Ն.-ի Ծերակոյտի որոշումին, ըսելով որ դուք արդէն ձեւաւորած էք պատժամիջոցներ մեր դէմ, ուրեմն մենք գործ չունինք եւ աւելի կը նախընտրուին Մոսկովեան հարթակը, Ռուսաստանի նախագահի հովանիին տակ ինչ որ հանդիպումներու մասնակցութիւնը, ուր երեւի աւելի վստահ կը զգայ։
Եւ հակառակը կը տեսնենք Հայաստանի պարագային, որ կը խուսափի այդ հարթակներէն, կարծելով որ Ռուսաստանը աւելի հակուած է Ատրպէյճանի շահերը պաշտպանելու։
Անշուշտ, կայ նաեւ ուժային կեդրոններու ազդեցութիւնը, որ կր մրցին թէ ո՛վ իր ձեռքը պիտի վերցնէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը։ Հեղինակութեան խնդիր կայ եւ այս մրցակցութիւնը իր բացասական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ հարցի կարգաւորման վրայ։
— Կը տեսնէք, թէ Ատրպէյճանի մերժումը Արեւմուտք-Ռուսիա հակամարտութեան խորապատկերին ալ կապուա՞ծ է։
Անշուշտ։ Այդ խորապատկերին մէջ մեր տարածաշրջանին մէջ Հարաւային Կովկասի դիրքերու ամրապնդման պայքար տեղի կ՚ունենայ։ Ինչպէս կը տեսնէք, Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի այս դիմակայութեան պայմաններուն մէջ, Ռուսաստանի դիրքերը բաւական թուլացած են, եւ Ռուսաստանը կը զիջի իր դիրքերը Հարաւային Կովկասին մէջ։ Այդ տեղը, շեշտակիօրէն ու շատ ուժգին կը փորձէ զբաղեցնել Թուրքիան առաջին հերթին։ Օրինակ մը տամ Թուրքիային եղած զիջումներուն մասին պատերազմէն յետոյ։ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան 5-րդ կէտի համաձայն՝ պէտք է մոնիթորինկային կեդրոն ստեղծուէր, հրադադարի ռեժիմի պահպանումը հսկելու համար։ Այդ կեդրոնը պիտի ըլլար բացառապէս ռուսական, բայց այս թուղթի ստորագրումէն յետոյ՝ Թուրքիան բաւական աշխուժացաւ եւ սկսաւ շանթաժ բանեցնել ռուսերուն վրայ, Ատրպէյճանի միջոցաւ նաեւ, որ մենք կ՚ուզենք անպայման մասնակցութիւն ունենալ։ Եւ Ռուսիան գնաց զիջման, ու մոնիթորինկի կեդրոնը դարձաւ ռուս-թրքական։ Բան մը որ դարձեալ խախտում է այս թուղթին, որովհետեւ եթէ պիտի փոխուէր կեդրոնի կարգավիճակը, այս փոփոխութիւնը պէտք է համաձայնուէր բոլոր կողմերուն հետ։ Պարզ է, որ Ատրպէյճանը կողմ էր, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ թրքական զօրքի մասնակցութիւնը հակակշիռ պիտի ըլլար ռուսերուն, բայց Հայաստանի հետ ոեւէ մէկը չէր համաձայնած այդ հարցին մասին։ Այսպէս, ռուս-թուրք երկու նախարարներուն միջեւ յուշագիր ստորագրուեցաւ եւ թուրքերը մտան Ակնայի մոնիթորինկային կեդրոնին մէջ։ Այս պարզ օրինակով կ՚ուզեմ ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս Ռուսաստանը աստիճանաբար իր դիրքերը կը զիջի Թուրքիային։
Օրինակ մը եւս։ Եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման պահուն Ալիեւ առաջին շնորհակալութիւնը յայտնեց Էրտողանին, յետոյ՝ նոր միայն Փութինին, պատերազմի ծանօթ ելքին համար։ Ասոնք յստակ ուղերձներ էին, որ Ատրպէյճան ցոյց կուտար յստակօրէն, թէ իրեն համար կարեւոր է Թուրքիոյ ներկայութիւնը։ Ալ չըսեմ Շուշիի հռչակագրին համար, որ մեր Արցախի զարդը հանդիսացող եւ անկոտրում բերդաքաղաքին մէջ էր, որ ստորագրուեցաւ յատուկ համաձայնագիրը եւ այդ կ՚ենթադրէ խոր համարկում երկու թրքական պետութիւններու բոլոր ոլորտներուն միջեւ՝ մշակոյթ, գիտութիւն, կրթութիւն¬ռազմական եւ անոր սուր անկիւնը ուղղուած է Հայաստանի դէմ։ Փանթրքական ծրագիրի շատ ակտիւ արտայայտութիւն, որու դրսեւորումներէն մէկը այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի պահանջքն է, որ կը տեսնենք ամէն օր, երբ Ալիեւն ու Էրտողանը Հայաստանի առջեւ կը դնեն օր ու գիշեր, որպէս խաղաղութեան պայմանագրի հետ կապուած կէտ, այդպէս յղում ընելով եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ յօդուածին վրայ, ուր ըսուած չէ, թէ որեւէ նման միջանցք պիտի ըլլայ։ Այլ՝ խօսքը կը վերաբերի փոխադրութեան ուղիի , որ պիտի վերահսկուի Ռուսաստանի անվտանգութեան սպասարկութեան սահմանապահ զօրքերուն կողմէ։ Որքան ալ տարօրինակ թուի, այս կէտին մէջ եւս կը տեսնենք, որ Ռուսաստան կը պաշտպանէ այս հարցը, կանգնելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողքին։ Կը թուի, թե սա փանթրքական ծրագիրի մաս է, ան ի վերջոյ ուղղուած է նաեւ Ռուսիոյ դէմ, հաշուի առնելով թրքախօս բնակչութեան առկայութիւնը Ռուսիոյ տարածքին մէջ. Հիւսիսային Կովկասի, Ուրալոի, Թաթարստանի, եւ այլն, եւ կ՚ենթադրուի, որ վերջէն ասոնք կրնան միանալ թուրք-ատրպէյճանական տանդեմին։ Սակայն, որոշ վերլուծաբաններու կարծիքով, թուրք-ռուսական շահերու այս համընկնումը պայմանաւորուած է Արեւմուտքի կողմէ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու գործադրման հարցով եւ այս ճանապարհը Ռուսաստանը կը դիտէ, որպէս արգիլումներու շրջանցում։ Թուրքիոյ միջոցով՝ Նախիջեւան եւ Մեղրիի միջանցք ըսուածով, որ իր կողմէ պէտք է վերահսկուի, Ատրպէյճանի վրայով ապրանքները Ռուսաստան տեղ հասցնելու հարցով։ Ռուսաստանը, երեւի թէ կը գիտակցի փանթրքական այս վտանգներուն մասին, բայց այս պահուն, այդ ճանապարհներու միջոցով, արգիլումներու շրջանցումը առաջնահերթ է իրեն համար։ Այս առումով, Զանգեզուրի միջանցքի բացման մասին կը խօսին նաեւ Մոսկուայի մէջ։
— Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի հանդէպ Ռուսիոյ քաղաքականութեան փոփոխութեան վրայ։
2022 թուականի Փետրուարի 22-ին, այսինքն Ուքրանիոյ մէջ -ինչպէս ռուսերը կ՚ըսեն յատուկ ռազմական գործողութեան- բայց իրականութեան մէջ՝ պատերազմի սկիզբէն երկու օր առաջ Ալիեւ հրաւիրուեցաւ Մոսկուա եւ հռչակագիր մը ստորագրուեցաւ ռուս-ատրպէյճանական դաշնակցային յարաբերութիւններու, փոխադարձ օգնութեան, ռազմավարական գործակցութեան։ Եւ եթէ 1997 թուականին Ռուսաստանը ստորագրած էր Հայաստանին հետ մեծ պայմանագիր, ճիշդ այս նոյն բովանդակութեամբ՝ ռազմական փոխադարձ օգնութեան համար, նոյն այս կէտերը շարադրուած են Ատրպէյճանի հետ հռչակագիրին մէջ։ Եւ ինչո՞ւ կատարուեցաւ այս։ Որովհետեւ Ռուսաստանը միշտ ունէր մտավախութիւն, որ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը որեւէ պահու կրնան երկրորդ ճակատ բանալ Հարաւային Կովկասի մէջ, ինչպիսին է ամերիկեան իսրայէլական կեցուածքը Իրանի դէմ, նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ Ռուսիոյ դէմ։ Եւ Ռուսաստանը այս ձեւով կը փորձէ որպէս դաշնակից պահել Թուրքիան։
Կը կարծեմ, որ այս մտայնութիւնը, որ Ռուսիոյ վերնախաւի մէջ կայ, երկրորդ ճակատ բացուելէն ամէն գնով խուսափելու, սա կործանարար է Ռուսաստանի համար, որովհետեւ իր դիրքերը տարածաշրջանի մէջ թուլացած են, եւ այդ դիրքերը կը զբաղեցնէ Թուրքիան, եւ ըստ էութեան ռուսերը ենթարկուելով թուրք-ատրպէյճանական շանդաժին, սկսան կատարել զիջումներ, գերազանցապէս հայ ժողովուրդի, Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքներու հաշիւին։ Ճիշդ նոյն վիճակն է, ինչպէս 100 տարի առաջ, Քեմալ Աթաթուրքի հետ բոլշեւիկներու գործակցութիւնը, որ Հայաստանի ի վնաս կատարուեցաւ, թուրքերուն յանձնուեցան Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուի գաւառը, իսկ Նախիջեւանը՝ Ատրպէյճանին … պատմութիւնը կարծես կը կրկնուի։ Այս պահուն կարեւոր է նկատել, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան հաւանական նոր ռազմական բախումի պարագային, ի՛նչ կեցուածք պիտի ունենայ Ռուսաստանը։ Որովհետեւ 22 Փետրուարէն ետք, Հարաւային Կովկասի մէջ ինք այլեւս չունի մէկ ռազմավարական դաշնակից, այլ ունի երկու, յստակ արձանագրուած պարտաւորութիւններով եւ պայմանագիրով ամրագրուած։
Որպէսզի աւելի յստակ ըլլայ, թէ ինչի մասին է խօսքը, այս թուղթի ստորագրումէն յետոյ, երբ որ Ատրպէյճանը սկսաւ կտոր կտոր Արցախէն տարածքներ կտրել, խօսքը Բարուխ գիւղի, Գարագլուխ բարձրունքի մասին է, Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը առաջին անգամ ըլլալով, հասցէական մեղադրանք հնչեցուց, որ հրադադարի խախտումը խաղաղապահներու կարծիքով կատարուած էր Ատրպէյճանին կողմէ։ Եւ Ատրպէյճան անմիջապէս այս թուղթը ցոյց տուաւ ռուսերուն, ըսելով, որ դուք այլեւս մեր դաշնակիցն էք եւ Ռուսաստանը պարտաւոր է յարգել մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, ներքին գործերուն չմիջամտել, եւ այլն, հասկցնել տալով, որ դուք մեր շահը պարտաւոր էք պաշտպանել, ո՛չ թէ «սեփարաթիստներու», այնպէս ինչպէս կը դիտէին Արցախցիներուն։ Անընդհատ, այս թուղթը Ատրպէյճան որպէս յաղթաթուղթ կ՚օգտագործէ Ռուսաստանի դէմ եւ այդպիսի աստիճան սանձարձակ դարձած է, որ Ուքրանիոյ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, ե՛ւ ֆինանսական ե՛ւ ռազմաթեքնիքական։ Զելենսքին քանի մը անգամ շնորհակալութիւն յայտնած է։
Այս հաւասարակշռութեան խախտումը Հարաւային Կովկասին մէջ կրկին մենք կը տեսնենք, որ պայմանաւորուած չէ այնքան Հայաստանի որոշ քաղաքական գործողութիւններով, հակառակ որ անոնք ալ իրենց բացասական դերը ունին, բայց առաւելաբար՝ մենք կը տեսնենք փոփոխութիւններ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Այս պահուն Ռուսաստանի առաջնահերթութիւնը Ուքրանիան է, ուր ան պէտք է պահէ իր տեղերը, Տոնպասը, Լուկանսքը, Զափորիժիան, այդ տարածքները, որոնք մտած են այլեւս Ռուսաստանի կազմին մէջ, եւ Սուրիան։ Այլեւս կը տեսնենք, որ իրենք յստակ որոշած են առաջնահերթութիւնները Միջին Արեւելքի եւ Կովկասեան տարածաշրջանին համար։
— Սա պահուն կայ յայտարարութիւններու տարափ մը, յատկապէս Արեւմուտքի կողմէ, որ կը խօսի Արցախահայութեան իրաւունքներու եւ երաշխաւորուած վերադարձի մասին։ Որքանո՞վ կը կարծէք որ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի տեսակէտները կը համընկնին հոս։ Կա՞յ ենթահող, կամ ընդհանուր բաղձանքներ են։
Այս վերջին յարձակման պարագային, շատերու համար անակնկալ եղաւ, որ Արցախի հայ բնակչութիւնը միակամ որոշում կայացուց հայրենիքը լքելու, սեփական օճախները լքելու այդ շատ դաժան որոշումին հասնի, բայց ես սա կը դիտեմ որպէս հանրաքուէ մը։ Ատրպէյճանի մէջ համարկման քաղաքականութեան հարցի վերաբերեալ հանրաքուէ մըն է այս կեցուածքը։ Արցախցիները հաւաքական առումով «Ոչ» ըսին, բացայայտելով թէ, «մենք Ատրպէյճանի քաղաքացիներ չենք կրնար դառնալ» եւ նոյնիսկ մեր օճախները լքելու գնով, «ՈՉ» կ՚ըսենք։ Շատեր յոյս ունէին, որ կարելի է Արցախցիներու որոշ մաս մը դուրս գալ, բայց ուրիշներ ալ պիտի մնային, հազարամեակներով հոն գոյութիւն ունեցած ըլլալու պատճառաբանութեամբ։ Բայց լիովին լքելու Արցախի փաստը անակնկալի բերաւ շատերուն՝ Ատրպէյճանին, որ յոյս ունէր, թէ Արցախցիները պիտի հպատակէին, ե՛ւ ռուսներուն, որ այդպէս պիտի արդարացնէին Արցախի մէջ իրենց խաղաղապահներու հետագայ մնալը։
Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը դարձած է պարզապէս թուղթի կտոր, որովհետեւ երբ այդ պայմանագիրի պայմանները արմատապէս կը փոխուին, ալ ինչի մասին խօսք կրնայ ըլլալ։ Ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան բաժինը անիմաստ կը դառնայ, որոնք անոնք հոն կը գտնուէին խաղաղ բնակչութեան ապահովութեան հսկելու համար, այլեւս առանց բնակչութեան ո՛չ ալ գործ պիտի ունենան հոն։ Եւ Ատրպէյճան որեւէ պահու այդ ուղղութեամբ պիտի խօսի։ Նոյնը Արեւմուտքի պարագային, որովհետեւ արցախահայութեան ներկայութիւնը հոն հզօր լծակ էր Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու, եւ արցախահայութեան մեկնումով իրենք կը զրկուին այդ լծակէն։ Բայց բոլորը կը հասկնան, թէ այդ բոլորը կատարուած է միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումով։ Խօսքը պատերազմական յանցագործութիւններու, մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններու մասին է, երեխաներու գլուխներ կտրելը, խաղաղ բնակչութիւնը հրթիռակոծելը, արգիլուած զէնքեր գործածելը, Արեւմուտքի մէջ լաւապէս գիտեն եւ բաւական խիստ ձեւով Ատրպէյճանին կը մեղադրեն այս բոլորին համար։ Վերջերս, մենք տեսանք, որ Մ.Ա.Կ.-ի դատարանի որոշումը ապահով վերադարձի անհրաժեշտութիւնը կը նշէր։ Հոս խնդիրը այն է, թէ ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան մարդիկ, որ նոյնիսկ մշակութային ինքնավարութեան հարցը չ՚ընդունիր Ատրպէյճանը։ Բոլորս կրնանք հասկնալ, որ սա ձուլման, ստրկացման, նուաստացման ծրագիր է, եւ Արցախցիները չեն կրնար համաձայնիլ նման պարագայի։ Եթէ ոչ՝ հոն տեղեն դուրս ալ չպիտի գային։
Եթէ իսկապէս ազնիւ են մղումները ռուսերու եւ Արեւմուտքի, ապա կրկին պէտք է վերարծարծուի կարգավիճակի հարցը։ Եւ առաջ գայ ինքնավարութեան հարցը, որպէսզի արցախահայերը անվտանգութեան երաշխիքներ ունենան։
— Խաղաղութեան պայմանագրի ընդհանուր բովանդակութիւնը ձեռնտո՞ւ է հայկական կողմին համար, նկատի ունենալով Ատրպէյճանի կողմէ դրուած պայմանները։
Շատ լուրջ հարց է այս։ Նախ պէտք է ըսել, որ խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւններուն, հայկական կողմը կարգ մը անտեղի զիջումներ ըրաւ Ատրպէյճանին, իրենց դիրքերը աւելի ուժեղացնելով եւ տկարացնելով մերը։ Քանի մը օրինակներ տամ։ Երբ կը խօսուէր Ալմա-Աթայի հռչակագիրով սահմաններու փոխադարձ ճանաչման մասին, յստակ վերապահութիւն մը կար Հայաստանին կողմէ։ Անոնցմէ 10-րդը կը վերաբերէր այն կէտին, որ կ՚ըսէր, թէ Ա.Պ.Հ.-ին կրնային մասնակցիլ ո՛չ միայն հանրապետութիւնները, այլեւ ինքնավար կազմաւորումները, որոնք ունեցած են պետականութեան կարգավիճակ եւ հանրաքուէով, օրինական ձեւով դուրս եկեր են Խ.Ս.Հ.Մ. կազմէն։ Այս ձեւակերպումները ճիշդ ու ճիշդ կը համընկնին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզին։ Հիմա, երբ Հայաստանը կ՚ըսէ, որ մենք կը ճանչնանք տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք էր մէջտեղ բերուէր նաեւ այս կարեւոր վերապահութիւնը։ Հակառակ պարագային, կը նշանակէ որ կը հրաժարիս Արցախէն։
Երկրորդ կոպիտ սխալը եղաւ, երբ քանի մը հանդիպումներու ընթացքին, հայկական կողմը թիւերով նշեց տարածքները, նշելով թէ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի 86.600 քառակուսի քիլոմեթրը։ Սա կոպիտ սխալ էր։ Կրնար կատարուէր միայն եթէ Ատրպէյճան իր կարգին թիւերով ճանչնար Հայաստանի տարածքը, ինչ որ չէ կատարած։ Ինչու՞ Ալիեւ չ՚ըսեր 29.800 քառակուսի քիլոմեթր. որովհետեւ երկու յարձակողական գործողութիւններու հետեւանքով՝ առաջինը 2021-ի Մայիսի 12-ին՝ Վերին Շորժա, Կուտ, Գեղարքունի մարզ եւ Սեւ լիճ, երկրորդը 2022 Սեպտեմբերի 13-ին Ջերմուկի ուղղութեամբ, ներխուժումներ եղան մօտաւորապէս 200 քառակուսի քիլոմեթր տարածք այս պահուն գրաւուած է, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։ Արդեօ՞ք Ատրպէյճան պատրաստ է ետ քաշելու իր զօրքերը, երբ հոն արդէն սկսած են ամրաշինական աշխատանքներ կատարել, դիրքեր տեղադրել եւ բաւական ռազմավարական կէտեր կը վերահսկեն՝ ճամբաները, բարձրունքները։ Արդեօ՞ք Հայաստան որպէս նախապայման պիտի դնէ այս հարցը խաղաղութեան պայմանագրին մէջ։
Ատրպէյճանի թիւերը նշելով Հայաստան դուրս կը ձգէ ոչ միայն Արցախը, այլ նաեւ 7 տխրահռչակ անքլաւները, գիւղեր Տաւուշի եւ Արարատի մարզերու, որոնք ռազմավարական խիստ նշանակութիւն ունին։ Իսկ հիմա կը տեսնենք, որ Ատրպէյճանի ախորժակը սրած ըլլալով, ուղղակի կը խօսի այդ անքլաւներու մասին։ Մենք երբեք այդպիսի զիջումներ պէտք չէ կատարենք, որովհետեւ այդ կը դառնայ անվտանգային շատ լուրջ խնդիր Հայաստանի համար։ Ախորժակը բացուեր է Ատրպէյճանին, որ արդէն կը խօսի հարիւր հազար ազերիներու վերադարձին մասին, որոնք իբրեւ թէ բռնի տեղահանուած են այդ շրջաններէն։ Լուրջ սպառնալիքներ են ասոնք մեր պետականութեան համար։ Ալ չեմ նշեր Ալիեւի խօսքերը, որ երբ խաղաղութեան պայմանագրի մասին կը խօսի, զուգահեռաբար առաջ կը քշէ Արեւմտեան Ատրպէյճան անուանումը։ Իրենց պարզ մտադրութիւնը ցոյց կուտան այս բոլորը։ Սխալները՝ որ շարունակաբար կատարուած են մեր կողմէ, շատ լուրջ անվտանգային խնդիրներ կրնան դառնալ մեր ապագայի համար։
Ինչպէս ըսի սկզբնաւորութեան, մրցակցութիւն կայ թէ ո՞վ պիտի վերահսկէ գործընթացներուն՝ Արեւմուտքը, Ռուսաստանը, Պրիւքսէլը, Ուաշինկթընը կամ Մոսկուան, կը նշանակէ թէ ընդհանուր ըմբռնում կայ, բայց կայ նաեւ զօրաւոր մրցակցութիւն, թէ որու անձրեւանոցին տակ պիտի ըլլայ գործընթացը։ Ով որ այդ կրցաւ ընել, իր դիրքերը տարածաշրջանէն ներս ուղղակի ընդհանրացած պիտի տեսնէ։ Ուրեմն հասկնալի է, թէ սա պարզ պայմանագիր չէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, այլ այդ պայմանները պիտի թելադրուին վերեւ նշուած ուժային կեդրոններուն կողմէ։
— Ի՞նչ կ՚ակնկալէք Յունաստանէն որպէս բարեկամ եւ դաշնակից երկիր։
Մենք կը տեսնենք թուրք-ատրպէյճանական տանդեմի յարձակողական գործողութիւնները, գիտնալով որ ծրագրի կեդրոնը Անգարան է։ Կը տեսնենք, թէ Էրտողանի վարչակարգը բոլոր ուղղութիւններով յարձակողական քաղաքականութիւն կը վարէ։ Թէ՛ Պալքաններու ուղղութեամբ, թէ Արաբական թերակղզիի վրայ, եւ այդ պատահական չէ, որովհետեւ Էրտողան նորօսմանեան մտայնութիւնը յառաջ կը քշէ։ Պարզ է, որ այս քաղաքականութիւնը սպառնալիք է դրացի բոլոր պետութիւններուն համար. ոչ միայն Յունաստանի, ոչ միայն Կիպրոսի, ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ համար։ Այս կեցուածքը պէտք է թելադրէ այս երկիրներու ժողովուրդներուն, որ իրենք հարկադրուած են միաւորուելու հակաթրքական կամ հակափանթրքական դաշինք մը ստեղծելու ուղղութեամբ։ Կը կարծեմ, որ ռազմական գործակցութեան առումով գէթ, այսպիսի քայլեր կ՚առնուին։ Կը տեսնենք միացեալ ռազմափորձերը, որ շատ ողջունելի նախաձեռնութիւն է եւ դրական յոյս կուտայ։
Կարեւոր շեշտադրում մը։ Թուրքիան մշտապէս Ալիեւին կը պարտադրէր, որ ճանչնայ իր կողմէ գրաւուած Կիպրոսի բաժինը։ Իսկ Ալիեւ կը հակադարձէր, որ եթէ ճանաչումի յառաջանայ ինքնորոշման իրաւունքի հիմքով, Արցախի պարագան կրնայ իրենց դէմ դառնալ։ Իսկ հիմա, երբ Արցախը պարտուած է վերջին պատերազմին հետեւանքով, կրկին աշխուժացած է այս թեման, եւ արդէն հանդիպում կայացած է գրաւուած Կիպրոսի ղեկավարութեան եւ Ալիեւի միջեւ, խոստումներ տրուած են եւ պայմանագրի նախագիծ մը կը պատրաստուի։ Ալիեւը պիտի չկարողանայ ընդդիմանալ Էրտողանի պարտադրանքին եւ օր մը կրնայ երթալ այդ քայլին։ Հոս հարցականը յստակ է։ Եթէ այդպիսի քայլ մը կատարէ Ալիեւ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի բարեկամ երկիրները պիտի երթա՞ն համակարգուած նշանակութեամբ քայլ առնելու, օրինակի համար ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը եւ հոն արցախահայերու վերադառնալու իրաւունքը։ Այս շատ կարեւոր եւ առանձքային խնդիր է, կը կարծեմ, որ պետական եւ հասարակական խողովակներով մեր բարեկամներուն հետ աշխատանքներ պէտք է տարուին այս ուղղութեամբ։
Անշուշտ՝ ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական միջազգային շրջանակներուն մէջ այս պետութիւններու հետ գործակցութիւնը կրնայ շատ արդիւնաբեր ըլլալ, որովհետեւ համատեղ աշխատանքը կը բխի բոլոր այս պետութիւններու ժողովուրդներու շահերէն։
— Շնորհակալ ենք։