Կիրակի՝ 20 Յունիս 2021, երեկոյեան ժամը 7-ին հեռատեսիլի ΕΡΤ2 կայանէն, «ΚΛΕΙΝΟΝ ΑΣΤΥ — Ιστορίες της πόλης» հաղորդումէն պիտի ներկայացուի վաւերագրական ժապաւէն մը, նիւթ ունենալով՝ «Προσφυγικοί συνοικισμοί»:
Հաղորդավարը՝ Մարինա Տանեզի պիտի շրջի Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք կազմուած գաղթակայաններուն մէջ՝ Տուրղութի, Կեսարիանի, Գոքինիա եւ վկայութիւններ պիտի առնէ որոշ անձերէ:
Հաղորդումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Գրիգոր Կարապետեան եւ Գուին Մինասեան: