Չորեքշաբթի՝ 24 Յունուար 2018ի կէսօրուան ժամը 3ին, հիւրընկալութեամբ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան, եկեղեցւոյս կից գտնուող «Հայաստան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Սիրոյ Սեղան» եւ հաւաքոյթ-ճաշ՝ ի պատիւ Թեսաղոնիկէի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի եւ տեղւոյն նոր Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, ներկայութեամբ Հայր Սուրբին, Թաղային Խորհուրդի հին եւ նոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ՝ Թեսաղոնիկէի Ազգ. Վարչութեան անդամուհիին։
Առ այդ, Տիկնանց Միութեան կողմէ պատրաստուած էին աղանդերներ, համադամ առատ ճաշեր, ըմպելիքներ եւ անուշեղէն։ «Սիրոյ Սեղան»ին շուրջ ստեղծուեցաւ ուրախ մթնոլորտ, մեծ ընտանիքի ջերմութիւն եւ լաւ ժամանց։
Աւարտին, բոլորը միասնաբար իրարու համար կատարեցին բարեմաղթութիւններ՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալական եւ երախտագիտական սրտի խօսքեր եւ բարի աշխատանք մաղթեցին յառաջիկայ տարիներուն կատարուելիք կարեւոր աշխատանքներուն, որոնք միասնակամ ոգիով պիտի կատարուին համայնքի բարօրութեան եւ անսասանութեան ի խնդիր։
Ի վերջոյ, ներկաներուն բուռն փափաքին ընդառաջելով՝ առնուեցաւ յիշատակելի խմբանկար մը։
Առ այդ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Տիկնանց Միութեան անդամուհիներուն, իրենց այս մտայղացումին համար եւ կը մաղթէ յարատեւ վերելք, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
«Սիրոյ Սեղան»
«Սիրոյ Սեղան» եւ հաւաքոյթ-ճաշ՝ ի պատիւ Թեսաղոնիկէի նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւին եւ նոր Թաղային Խորհուրդի անդամներուն