Ք­սան­թիի հայ­կա­կան հա­մայն­քը ազ­գա­յին ջերմ օ­րեր վա­յե­լեց 20-22 ­Մարտ 2026 ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, քա­ղա­քի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադրու­թեան 100-ա­մեա­կի ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս։ Ա­թէն­քէն եւ Թ­րա­կիոյ հա­յա­շատ շրջան­նե­րէն բազ­մա­թիւ ուխ­տա­ւոր­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը յա­տուկ փայլ մը տո­ւաւ տօ­նախմ­բու­թեան, միա­ժա­մա­նակ հայ­կա­կան ջերմ մթնո­լոր­տի ստեղծ­ման լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը հան­դի­սա­ցաւ։
­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու շար­քը սկսաւ Ուր­բաթ, 20 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող սրա­հին մէջ։ Ա­թէն­քէն հա­սած ուխ­տա­ւոր­նե­րու խում­բը եւ տե­ղա­ցի հա­յու­թիւ­նը միաս­նա­բար վա­յե­լե­ցին հայ­կա­կան եր­գի ու ե­րաժշտու­թեան պա­հեր, խրախ­ճան­քի ո­գե­ւո­րիչ մթնո­լոր­տի ստեղ­ծու­մով։ Ն­շենք, որ Ա­թէն­քի ուխ­տա­ւոր­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կող­մէ, ո­րուն հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­ցին մեծ թի­ւով ազ­գա­յին­ներ ու միա­ցան ուխ­տագ­նա­ցու­թեան։
Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­նու­նով խօ­սե­ցան ան­դամ ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան եւ տեղ­ւոյն ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Գա­րաօղ­լա­նեան, ո­րոնք բա­րի գալս­տեան խօս­քե­րով դի­մա­ւո­րե­ցին հիւ­րե­րը։ Ե­րե­կո­յին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան եւ շրջա­նի երգ­չա­խում­բը, ո­րոնք հայ­կա­կան եր­գե­րով ստեղ­ծե­ցին հա­յա­բոյր եւ ո­գե­շունչ մթնո­լորտ։
­Շա­բաթ, 21 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, քա­ղա­քի հա­մալ­սա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 100-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը, հայ եւ յոյն պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թեամբ եւ խնամ­քով պատ­րաս­տո­ւած յայ­տա­գի­րի գոր­ծադրու­թեամբ։ Ե­լոյ­թը կը վա­յե­լէր ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի բարձր ներ­կա­յու­թիւնն ու հո­վա­նա­ւոո­րու­թիւ­նը, իսկ ա­նոր կող­քին գտնո­ւե­ցան Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան եւ ան­դամ­նե­րը։ ­Նոյնպէս, իր ներկայութեամբ ելոյթը պատուեց Յունաստանի Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան: Ներ­կայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան, նաեւ շրջան­նե­րու թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ, միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հա­յե­րու ստո­ւար թիւ մը։ ­Յու­նա­կան կող­մէն, ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տե­ցին Ք­սան­թիի ­Մետ­րո­պո­լիտ ­Փան­տե­լէի­մոն, շրջա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քա­ղա­քա­պե­տը, 4-րդ ­զօ­րա­բա­նա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։
Հ­րա­պա­րա­կա­յին ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ար­թին ­Քիւրք­ճեան, որ պատ­մա­կան անդ­րա­դար­ձով մը ու­րո­ւագ­ծեց հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը 1880-էն ետք, հաս­նե­լով մին­չեւ 1922-ի գաղ­թա­կանա­կան հո­սանք­նե­րը։ Ն­շեց, թէ 1923-ին հայ հա­մայն­քը ստա­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չում։ Ան նաեւ ընդգ­ծեց ե­կե­ղեց­ւոյ 100-ա­մեա­կի նշա­նա­կա­լից տա­րե­դար­ձը, որ­պէս ազ­գա­յին ինք­նու­թեան, հա­ւատ­քի ու լե­զո­ւի պահ­պան­ման ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին հանգ­րո­ւան։
­Յա­ջոր­դա­բար, ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, որ յա­տուկ շեշ­տով շնոր­հա­ւո­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ 100-ա­մեա­կը, ծան­րա­նա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւատ­քի զօ­րու­թեան եւ ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը վառ պա­հե­լու տե­ւա­կան ջան­քին վրայ։ Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­Մետ­րո­պո­լի­տը եւ քա­ղա­քա­պե­տը, շնոր­հա­ւո­րե­լով Ք­սան­թիի հա­յու­թիւ­նը։
­Յո­բե­լե­նա­կան ե­լոյ­թի գլխա­ւոր բա­ժի­նը պատ­մա­գի­տա­կան զե­կու­ցում­նե­րու ներ­կա­յաց­ման շարք մըն էր, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ա­կա­դե­մա­կան դա­սա­խօս­ներ եւ գի­տաշ­խա­տող­ներ։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, ծա­նօթ պատ­մա­բան ­Ղա­րու­ֆա­լիա ­Թէո­տո­րի­տու պատ­մա­կան լայն անդ­րա­դար­ձով մը, ներ­կա­յա­ցուց Ք­սան­թիի հայ­կա­կան գա­ղու­թի ստեղ­ծու­մը 19-րդ ­դա­րէն, հաս­նե­լով մին­չեւ մեր օ­րե­րը, ապա շրջա­գի­ծի մէջ ա­ռաւ հա­յու­թեան բազ­մա­տե­սակ գոր­ծու­նէու­թեան ու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տը յու­նա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
­Յա­ջորդ զե­կու­ցա­բե­րը, ճար­տա­րա­գէտ Ի­րի­նի ­Ցե­թի­նէ, ներ­կա­յա­ցուց Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ճար­տա­րա­գի­տա­կան ար­ժէ­քը, որ­պէս հնա­մեայ ե­կե­ղե­ցի։ Ան նշեց հայ­կա­կան զար­դա­րանք­նե­րու ու ո­ճի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, զա­նոնք կա­պե­լով քա­ղա­քի ճար­տա­րա­պե­տա­կան հարս­տու­թեան հետ։
Ք­սան­թիի հա­մալ­սա­րա­նի բիւ­զան­դա­կան ա­րո­ւես­տի դա­սա­խօս Եոր­ղոս ­Ցի­ղա­րաս ման­րա­մասն նշում­ներ կա­տա­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ սպաս­նե­րուն եւ սրբա­պատ­կեր­նե­րուն մա­սին, ներ­կա­յաց­նե­լով ա­նոնց պատ­մա­կան ար­ժէ­քը իբրեւ հայ­կա­կան ծի­սա­կա­տա­րու­թեան իւ­րա­յա­տուկ նմուշ­ներ։
Ա­րո­ւես­տա­գէտ եւ գիտ­նա­կան ­Տի­միթ­րա ­Լա­զի­տու, որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն նա­խորդ նիւ­թին, անդ­րա­դար­ձաւ ե­կե­ղեց­ւոյ սպաս­նե­րու պահ­պան­ման կա­րե­ւո­րու­թեան մասին, որ փո­խան­ցո­ւե­ցաւ սե­րուն­դէ սե­րունդ եւ դար­ձաւ հայ­կա­կան հա­մայն­քի կա­րե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն մէ­կը։
­Բո­լոր ներ­կա­յա­ցում­նե­րը ճո­խա­ցան սա­հիկ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեամբ, ա­ւե­լի ու­ղիղ եւ հա­րա­զատ դարձ­նե­լով ներ­կա­յա­ցո­ւած նիւ­թե­րու այ­լա­զա­նու­թիւ­նը եւ հա­ղոր­դա­կա­նու­թիւ­նը։
­Յա­նուն ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, ­Թագ­ւոր ­Գա­րաօղ­լա­նեան յի­շա­տա­կի խաչ­քա­րեր նո­ւի­րեց չորս դա­սա­խօս­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ նման նո­ւէր մը յանձ­նեց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան եր­կա­րա­մեայ նախ­կին ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նին, իր ու­նե­ցած կա­րե­ւոր գոր­ծակ­ցու­թեան ու ան­մի­ջա­կան նե­ցու­կին հա­մար հա­մայն­քին հան­դէպ։
­Գեղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը հայ­կա­կան հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան մա­տու­ցում մըն էր, որ կա­տա­րեց Թ­րա­կիոյ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միա­ցեալ երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։ Երգ­չա­խում­բի կա­տա­րո­ղու­թիւ­նը յու­զիչ էր եւ խլեց ներ­կա­նե­րու ջերմ գնա­հա­տան­քը։
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը յա­տուկ յու­շա­տախ­տա­կով մը պար­գե­ւատ­րեց ­Թագ­ւոր ­Գա­րաօղ­լեա­նը, գնա­հա­տե­լով ա­նոր բազ­մա­մեայ եւ ան­շա­հախն­դիր գոր­ծու­նէու­թի­նը տեղ­ւոյն հա­մայն­քի եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի կազ­մէն ներս։
Ե­լոյ­թէն յե­տոյ, ժո­ղո­վուր­դը բո­լո­րո­ւե­ցաւ քա­ղա­քի հիւ­րա­նո­ցի շքեղ սրա­հէն ներս, ուր յա­ջոր­դեց խրախ­ճանք սի­րուած երգչու­հի­ներ ­Յաս­միկ ­Բեկ­լա­րեա­նի եւ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Դա­նիէ­լեա­նի կա­տա­րո­ղու­թեամբ։ ­Հայ­կա­կան եր­գե­րու ու ե­ղա­նակ­նե­րու հնչիւն­նե­րը զո­ւար­ճա­ցու­ցին ներ­կա­նե­րը եւ ստեղ­ծե­ցին ո­գե­ւո­րիչ մթնո­լորտ մը։
­Կի­րա­կի, 22 ­Մար­տի ա­ռա­ւօ­տուն, հա­յու­թեան ժա­մադ­րա­վայ­րը ե­ղաւ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին, ուր հան­դի­սա­ւոր պա­տա­րա­գով մը նշո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ 100-ա­մեայ փա­ռա­ւոր տա­րե­դար­ձը։ ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, իսկ հո­գեզ­մայլ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց միա­ցեալ դպրաց դա­սը, խմբա­վա­րու­թեամբ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։
Ե­կե­ղե­ցին լե­ցուն էր խուռ­նե­րամ բազ­մու­թեամբ եւ ուխ­տա­ւոր­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ ներ­կայ ե­ղան յոյն ­Մետ­րո­պո­լի­տը եւ զօ­րա­բա­նա­կի բարձ­րաս­տի­ճան սպայ մը։
­Պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան հայ­րը վե­րառ­նե­լով ­Դա­տա­ւո­րի ­Կի­րա­կիի խոր­հուր­դը շեշ­տեց ա­ղօթ­քի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Ա­պա, անդ­րա­դար­ձաւ Ք­սան­թիի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ 100-ա­մեա­կի յի­շա­տա­կի ո­գե­կոչ­ման: Սր­բա­զան հայ­րը մատ­նան­շեց Ք­սան­թիի հայ հա­մայն­քի հա­ւատ­քի մարմ­նա­ցու­մը Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջո­ցաւ: Ան շեշ­տեց, թէ ա­ղօթ­քի տու­նը միա­ւո­րեց սե­րունդ­նե­րը: 100 տա­րի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ա­ղօթ­քով կեն­դա­նա­ցան, շունչ ա­ռին: ­Դա­տա­ւո­րի ­Կի­րա­կին մեզ կը հրա­ւի­րէ յա­րա­տեւ ա­ղօ­թել. այ­սօր բո­լորս կը հրա­ւի­րո­ւինք մեր ա­ղօթ­քը միա­խառ­նել 100 տա­րո­ւան սե­րունդ­նե­րու ա­ղօթ­քին եւ փո­խան­ցել զայն գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն:
Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադրու­թեան 100-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան տա­րե­դար­ձը ազ­գա­յին վե­րել­քի եւ հա­մախմբո­ւա­ծու­թեան ա­ռիթ դար­ձաւ շրջա­նի հա­յու­թեան եւ այլ քա­ղաք­նե­րէ ժա­մա­նած հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար։ ­Կա­րե­լի է ան­վա­րան յայտ­նել, թէ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի եւ յա­րա­կից կա­ռոյց­նե­րու տքնա­ջան ծրագ­րու­մով, հնարաւոր ե­ղաւ ժո­ղո­վուր­դին հրամց­նել բարձ­րօ­րակ ե­լոյթ­ներ, ստեղ­ծե­լով խան­դա­վառ եւ հա­յա­բոյր մթնո­լորտ մը, սա­տա­րե­լով հա­մայն­քի յա­րա­տեւ­ման նե­րու­ժին ու ա­պա­գա­յի նոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րու յանձ­նա­ռու­թեան։