­Վե­րա­մուտ

0
7

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օ­րե­րուն ու­սում­նա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նի մը սկիզբն ենք։ ­Մէկ խօս­քով՝ դպրո­ցա­կան վե­րա­մուտ։ ­Սա նաեւ կը նշա­նա­կէ վե­րա­դարձ դէ­պի վար­ժա­րան, իսկ հայ ա­շա­կեր­տին հա­մար՝ հայ դպրոց: ­Նոր պա­տե­հու­թիւն։ ­Տար­բեր ու­րա­խու­թիւն եւ հպար­տանք: Այս բո­լո­րը կը տես­նենք եւ կը զգանք։

Ո­րով­հե­տեւ, իբ­րեւ հա­յեր, մա­նա­ւանդ սփիւռ­քա­հա­յեր, մե­զի հա­մար հայ վար­ժա­րա­նը, ոչ միայն հայ ա­շա­կեր­տին երկ­րորդ տու­նը նկա­տած ենք, այլ՝ իբ­րեւ հիա­նա­լի եւ հա­րա­զատ պատ­մա­կան կա­ռոյց, եւ նոյն­քան ալ հայ ըն­տա­նի­քը յի­շեց­նող՝ հա­ճե­լի, տա­քուկ եւ ի­մաս­տա­լից հա­մա­լիր:

Ին­ծի ու ան­կաս­կած, բո­լո­րիս հա­մար ալ, վե­րա­մու­տը խան­դա­վա­ռիչ, յու­զիչ ու հպար­տանք առ­թող ե­րե­ւոյթ մը ըլ­լա­լէ չի դադ­րիր: ­Գե­ղե­ցիկ եւ տպա­ւո­րիչ է դպրոց­նե­րու վե­րա­բաց­ման ա­ռա­ջին օրն իսկ տես­նել, եւ դի­տել հայ ա­շա­կեր­տին կրկին ներ­կա­յու­թիւ­նը հայ վար­ժա­րա­նի սե­մին։

­Հա­ճե­լի ի­րա­րան­ցում։ ­Յու­զում­նա­լի մթնո­լորտ։ ­Մաս­նա­կի եւ ե­ռա­կող­մա­նի-ծնողք, ա­շա­կերտ- ու­սու­ցիչ- տնօ­րէն ծա­նօ­թաց­ման կրկին նոր ա­ռիթ։ Ող­ջա­գու­րում։ ­Տօ­նա­կան շքերթ ե­րե­ւոյթ եւ տա­կա­ւին շատ բա­ներ…։

­Բո­լորս ալ ան­կաս­կած ան­ցած ենք այդ «ճամ­բա­յէն»։ Ապ­րած ենք այդ սի­րե­լի մթնո­լոր­տը։ Ի տես այս բո­լո­րին, վայր­կեա­նին եւ ինք­նա­բե­րա­բար յի­շե­լով, իբ­րեւ զգա­յուն մարդ ան­հատ՝ «կը ման­կա­նաս»: Ինք­նա­ծին, կը փո­խո­ւիս։ ­Թե­րեւս կը յու­զո­ւիս։ Ո­րով­հե­տեւ…­հայ վար­ժա­րան… հայ ա­շա­կերտ…­հո՛ս ու­րիշ աշ­խարհ է …­ ու­րիշ է. ե՛ւ Ժ­պիտ, ե՛ւ յու­զում, ե՛ւ հպար­տանք առ­թող աշ­խարհ: Ո­րով­հե­տեւ, հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու վե­րա­մու­տը, գե­ղե­ցիկ ե­րե­ւոյթ մը ըլ­լա­լով հան­դերձ, նաեւ ու­րիշ «բա­ներ» ալ ու­նի պա­հո­ւած իր ե­տին։ Ե­րե­ւոյթ­ներ եւ յա­տուկ թե­լադ­րանք­ներ: Ան նաեւ ու­նի ո­րոշ եւ յստակ յանձ­նա­ռու­թիւն: ­Հոն, ո՛չ միայն հայ ա­շա­կեր­տին միտ­քը գի­տու­թեան լոյ­սով կը կո­փո­ւի, այլ նաեւ ազ­գա­յին բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րով ալ, ո­րոնց շնոր­հիւ կը պատ­րաս­տո­ւի վա­ղո­ւան գի­տա­կից հայն ու տի­պար քա­ղա­քա­ցին:

Ու այս առ­թիւ, ա­ռա­ջին իսկ հեր­թին, մեր աչ­քին առ­ջեւ կը պար­զո­ւի մեր հայ ծնող­նե­րու գե­րա­գոյն զո­հո­ղու­թիւ­նը, ազ­գի ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ ա­նոնց ու­նե­ցած գի­տակ­ցու­թիւնն ու բծախնդ­րու­թիւ­նը։ Ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ վար­ժա­րան ա­ռաջ­նոր­դող հայ մայ­րե­րու եւ հայ­րե­րու վար­դա­գոյն ե­րազ­ներն ու սրտի գո­հու­նա­կու­թիւ­նը։

Այս բո­լոր տե­սա­րան­նե­րը հպար­տան­քի կող­քին, նաեւ մե­զի կը նե­տեն ան­խու­սա­փե­լի հար­ցե­րու գիր­կը, ո­րոնք կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւին հա­յե­ցի կրթու­թիւն եւ դաս­տի­րա­կու-թիւն պի­տա­կին տակ, մեր ազ­գա­յին դա­րա­ւոր ինք­նու­թիւ­նը պա­հե­լու մար­տահ­րա­ւէր-նե­րով շա­ղա­խո­ւած, մեր զա­ւակ­նե­րուն եւ կամ թոռ­նե­րուն նոր եւ ար­դի դա­սա­գիր­քեր հրամց­նե­լու եւ օժ­տե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­նե­րու հրա­մա­յա­կան­նե­րով, եւ ար­դի մե­թոտ­նե­րով դա­սա­ւան­դե­լու եւ ու­սու­ցա­նե­լու էա­կու­թիւն­նե­րով միա­տեղ։

Ա­սոնք, հար­ցեր են մտա­հո­գու­թեան աս­տի­ճա­նի չափ, ո­րոնք բա­ցի ան­տար­բե­րու­թիւն­նե­րէ կա­րի­քը ու­նին «ա­մէն» բա­նի։

­Հար­ցեր…­մատ­նան­շե­ցի, ո­րով­հե­տեւ բո­լորս ալ կը հա­ւա­տանք հայ վար­ժա­րա­նի սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թեան, ա­նոր իւ­րա­յա­տուկ եւ նոյն­քան ալ ա­նոր ազ­գա­յին ջի­ղին, որ ու­րիշ վար­ժա­րան­նե­րէն ներս կա­րե­լի չէ նոյ­նիսկ հան­դի­պիլ, տես­նել եւ կամ ակն­կա­լել։

­Հայ դպրո­ցէն ներս է, որ հայ նոր սե­րուն­դը, կամ պարզ խօս­քով հայ ա­շա­կեր­տը պի­տի պատ­րաս­տո­ւի վա­ղո­ւան գի­տա­կից հա­յուն, տի­պար եւ ա­ռա­քի­նի քա­ղա­քա­ցիի եւ հա­յու ինք­նու­թեամբ հպարտ հա­յոր­դիին։

Ու այս օ­րե­րուն վե­րա­մուտ:

­Նաեւ ը­սինք, որ վե­րա­մու­տը կ’են­թադ­րէ նոր շրջան եւ նոր ա­ռիթ՝ վերսկ­սե­լու հո­գե­կան եւ մտա­յին նոր պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ հու­նի մը մէջ մտնե­լու հրա­ւէ­րին կող­քին։

Ու ա­մէ­նէն էա­կա­նը…­հայ ա­շա­կեր­տը հայ դպրո­ցէն ներս է, որ իր հայ­րեն­քէն հե­ռու, իր հայ­րե­նի­քով պի­տի ապ­րի։

Այս բո­լոր տո­ղե­րը հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար, նո­րու­թիւն­ներ չեն։ ­Հայ մա­մու­լի սիւ­նակ­նե­րը յոգ­նած են ա­մէն վե­րա­մու­տի նման պար­բե­րու­թիւն­ներ հրամց­նե­լով ի­րենց է­ջե­րու ճակ­տին։ ­Բայց եւ այն­պէս, պար­զա­պէս յի­շե­ցում մը կար­ծեմ ա­ւե­լորդ պէտք չէ նկա­տել։

Ու պա­տիւ ի­րենց, սփիւռք­նե­րու տա­րածք­նե­րուն, հա­զա­րա­ւոր հայ ծնող­ներ գի­տակ­ցե­լով հայ վար­ժա­րա­նի ըն­ձե­ռած ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն, ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ վար­ժա­րան կը ղրկեն, ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու որ միա­ժա­մա­նակ սա­տար կը հան­դի­սա­նան նոյն այդ հայ վար­ժա­րա­նի կեան­քի «ա­րեւ­շա­տու­թեան» եւ բար­գա­ւաճ-ման, վե­րել­քին, եւ գո­յա­տեւ­ման։

­Հայ վար­ժա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­ցող եւ ա­նոր ցա­ւե­րը մոր­մո­քող հայ ծնող­նե­րը, ու­րիշ ա­նու­նով կա­րե­լի չէ ո­րա­կել։ Ա­նոնք բո­լորն ալ մե­զի հա­մար մէ­կա­կան ազ­գա­սէր­ներ են, ո­րոնց կող­քին ան­շուշտ կանգ­նած են միշտ այն «միւս­նե­րը», ա­նո­ւա­նի եւ ա­նա­նուն, յայտ­նի եւ ան­յայտ հա­յոր­դի­նե­րը, ո­րոնք նոյն­պէս հա­ւա­տա­լով հայ վար­ժա­րա­նի մեծ ա­ռա­քե­լու­թեան, նիւ­թա­պէս ու բա­րո­յա­պէս ի­րենց նպաս­տը բե­րած են եւ տա­կա­ւին՝ ա­նոր գո­յա­տեւ­ման ճի­գե­րուն: Ա­մէն ա­ռի­թով ա­նոնք բո­լորն ալ նե­ցուկ կանգ­նած ու քա­ջա­լեր հան­դի­սա­ցած են, որ­պէս­զի հայ վար­ժա­րա­նը, օ­տար այս նեղ պայ­ման­նե­րու մէջ շա­րու­նա­կէ իր գնաց­քը դէ­պի ա­պա­գայ:

Ա­նոնք են որ յա­նուն հայ նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թեան, շա­րու­նա­կած են օ­ժան­դա­կել հայ վար­ժա­րա­նը բար­գա­ւաճ­ման պա­հող աշ­խա­տանք­նե­րու ծրագ­րում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման: ­Նիւ­թա­պէս եւ ան­սա­կարկ սա­տա­րած՝ ա­մէն ա­ռի­թով, որ­պէս­զի ոտ­քի եւ կան­գուն պա­հո­ւի հայ դպրո­ցը: Ո­րով­հե­տեւ, այս բո­լոր բա­րե­րար­նե­րը՝ անխ­տիր, հա­ւա­տա­ցած են, որ «այն ինչ որ ազ­գին կու տան, ազգն է որ կը զօ­րաց­նեն»։

­Բայց, ինչ­պէս միշտ, կայ եւ ե­ղած է նաեւ դրա­մին միւս կողմն ալ։

Այս­պէս, տա­կա­ւին տխուր ե­րե­ւոյթ է տես­նել հայ վար­ժա­րան­նե­րէն, հայ դպրո­ցի շուն­չէն, ա­նոր ազ­գա­յին ջեր­մու­թե­նէն, ա­նոր տա­քուկ շրջա­փա­կէն զա­նա­զան յար­գե­լի եւ ոչ պատ­ճառ­նե­րով հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րու զրկո­ւա­ծու­թիւ­նը։ Տ­խուր ե­րե­ւոյթ։

Ա­նոնք դուրս են ու կ’ապ­րին դժբախ­տա­բար մե­զի հա­մար ա­նա­պա­հով նկա­տո­ւած մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Այս մա­սին, իբ­րեւ մեր բո­լո­րին խղճի պարտք, մտա­ծե­լը լրջու­թեան կը կա­րօ­տի։ Ա­հա­զան­գէ մը ա­ւե­լի է այս մէ­կը։ ­Ձեռ­նա­ծալ պէտք չէ մնալ։ Ա­ռաջ­նա­հերթ հար­ցե­րու կող­քին պէտք է դա­սել։ Այս մէկն ալ ­Հայ դա­տին մաս կը կազ­մէ… եւ ա­ւե­լին՝ ­Հայ դատ ալ է։

Իսկ հի­մա, այս բո­լոր մտո­րում­նե­րէն ետք, երբ ար­դէն դպրո­ցա­կան նոր վե­րա­մու­տը սկսած է, եւ նոյ­նիսկ բո­լոր հայ վար­ժա­րան­նե­րը լծո­ւած են նոր թա­փով աշ­խա­տան­քի ու սի­րով հան­դի­պած հին ու նոր ա­շա­կերտ­նե­րու եւ սա­կայն ան­պայ­ման ցա­ւե­լով՝ բա­ցա­կա­նե­րուն հա­մար, մե­զի կ’իյ­նայ սրտանց բա­րի մաղ­թանք մը հաս­ցէագ­րել բո­լո­րին.-

­Բա­րի երթ եւ բա­րի վե­րա­մուտ: