Չորեքշաբթի, 17 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, նշուեցաւ Գարէայի մատուռի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» խորանի օծման 10-րդ տարեդարձը եւ անուանակոչութեան տօնը, սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ ու մատաղի օրհնութեամբ, որուն հանդիսապետեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց Յունաստանի Հայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Ս. եպս. Եմիշեան:
Սրբազան հայրը իր քարոզին ընթացքին անդրադարձաւ օրուան Ղուկասու Աւետարանէն «ուր որ է ձեր գանձը՝ հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» պատգամին, բացատրելով անոր խորհրդաւոր իմաստը: Խօսեցաւ նաեւ սուրբերու տօներու կարեւորութեան մասին, շեշտելով նոր սերունդի դաստիարակման անհրաժեշտութիւնը՝ մեր ազգային կրօնական մշակոյթով:
Ս. Պատարագը մատուցանեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Գարէայի դպրաց դասերու անդամուհիներու կողմէ, խմբավարութեամբ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Եզրաս վրդ. Թենեքէճեանի:
Արարողութեան ներկայ էին, Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ տօքթ. Ստեփան Փափազեան, տեղւոյն եւ Ատտիկէի Թաղային խորհուրդներու անդամներ, շրջանիս Հ. Կ. Խաչի «Աղթամար» մասնաճիւղի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական միաւորի անդամներ, ինչպէս նաեւ շրջանի հաւատացեալները:
Ս. Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնեց մատաղն ու նախագահեց հոգեհանգիստի արարողութեան, որ կատարուեցաւ շրջանիս հանգուցեալ քահանաներու, սարկաւագներու, դպիր-դպրուհիներու, ծառայողներու եւ բարերարներու յիշատակին։
Աւարտին, Տէր Նարեկ քհնյ. հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ իր ներկայութեան եւ հայրական հոգատարութեան համար, ինչպէս նաեւ յանուն ներկայ հաւատացեալներուն շնորհաւորեց իր անուանակոչութեան տօնը մաղթելով առողջութիւն եւ արեւշատ օրեր թեմիս առաջնորդութեան մէջ:
Յաջորդաբար, տեղւոյն թաղային խորհուրդիս ատենապետ պրն. Ասատուր Եզեկիէլեան, իր կարգին շնորհակալութեան եւ շնորհաւորական խօսքեր արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան հօր ներկայութեան եւ տօնին առիթով, ապա շնորհաւորեց նաեւ շրջանիս հոգեւոր հովի Տ. Նարեկ քհնյ. հօր ձեռնադրութեան եւ օծման 25-ամեակը, որ ճիշտ այս օրուան կը զուգադիպէր: Այս առթիւ, օրուան մատաղին հետ, բաշխուեցաւ նաեւ քաղցրեղէն:
Վերջացնելով՝ գնահատանքի խօսք կ’արժէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով կամ նիւթական ներդրումով սատարեցին տօնական երեկոյի յաջողութեան: Յատուկ շնորհակալութիւններ տիկ. Շաքէ Աճէրեանին, տիկ. Անայիս Չիլինկիրեանին եւ պրն. Գրիգոր Խորոզեանին, մատաղին եւ Ս. Պատարագի «Մաս»ին պատրաստութեան համար:
Վարձքը կատար բոլորին:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ










