24 ­­Յու­լի­սէն մին­չեւ 2 Օ­գոս­տոս 2026 եր­կա­րող ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, ­­Բիւ­րա­կա­նի մէջ իր դռնե­րը կը բա­նայ 13-րդ ­հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան բա­նա­կու­մը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցին 28 կազ­մա­կեր­պա­կան շրջան­նե­րէ մօտ 900 սկաուտ­ներ։ ­­Նաեւ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն ­­Թեհ­րա­նի «Ա­րա­րատ» (Հ.Մ.Ա.Կ.) կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րը։
«Ա­րա­րա­տի հա­մար` կան­գուն» նշա­նա­բա­նը կրող բա­նա­կու­մը, ինչ­պէս միշտ, կը յատ­կան­շո­ւի իր բազ­մամ­շա­կու­թա­յին օ­րով, դէ­պի Ա­րա­գա­ծի գա­գաթ ար­շա­ւով, Ե­րե­ւա­նի հրա­պա­րա­կա­յին տո­ղանց­քով եւ ­­Լիզ­պո­նի հե­րո­սա­կան գոր­ծո­ղու­թեան ո­գե­կո­չու­մով:
­­Հա­մա­հայ­կա­կան բա­նա­կու­մին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն նաեւ ­­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կա­ռոյ­ցի 15 խմբա­պետ­ներ եւ ե­րէց­ներ, ո­րոնք պի­տի միա­նան ընդ­հա­նուր կազ­մին եւ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն յու­նա­հայ գա­ղու­թը։ Ն­շենք, որ ա­ռա­ջին հա­մա­գա­ղու­թա­յին բա­նա­կու­մէն, որ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի ­­Քա­լա­մոս բա­նա­կա­վայ­րէն ներս, ­­Յու­նաս­տա­նի հայ սկաուտ­նե­րը մշտա­պէս կը հաս­տա­տեն ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ մաս կը բե­րեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հա­մա­հայ­կա­կան խմբու­մին։
­­Հա­յաս­տան մեկ­նե­լէն ա­ռաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը եւ Ս­կաու­տա­կան խոդ­հուր­դը պա­տո­ւոյ ե­րե­կոյ մը կազ­մա­կեր­պե­ցին պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հա­մար, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Շա­բաթ, 18 ­­Յու­լիս 2026-ին, ­­Ֆիք­սի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ։
Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­նու­նով խօ­սե­ցաւ ա­տե­նա­պե­տու­հի քոյր Ար­շա ­­Սա­մո­ւէ­լեան, որ յայտ­նեց հե­տե­ւեալ­նե­րը.
«Ար­դէն ժա­մա­նա­կը հա­սաւ եւ մօտ օ­րէն պի­տի սկսի 13-րդ ­­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան ընդ­հա­նուր բա­նա­կու­մը հայ­րե­նի­քին մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ըն­տա­նի­քը ան­գամ մը եւս ցու­ցա­բե­րեց իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը եւ աշ­խա­տե­ցաւ որ­պէս­զի ­­Յու­նաս­տա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն ձե­ւով մաս­նակ­ցի 2026-ի ճամ­պո­րիին։
­­Հոս պի­տի ու­զէի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել մեր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րուն եւ սկաու­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն՝ ի­րենց սի­րա­յօ­ժար օգ­նու­թեան հա­մար։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ նաեւ բո­լոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան­նե­րուն, ո­րոնք, ա­մէն մէ­կը իր կեր­պով, զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցան այս աշ­խա­տան­քին։
1923-ին, երբ կը հիմ­նո­ւէր ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին սկաու­տա­կան խում­բը՝ ի մտի ու­նե­նա­լով հա­մախմ­բել հայ պա­տա­նի­նե­րը ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ օ­տար հո­ղի վրայ ներշն­չել զա­նոնք հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րով, ան­ցան բազ­մա­թիւ սե­րունդ­ներ։ Ա­նոնց կուռ եւ կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քը հաս­ցուց մեր օ­րե­րուն եւ ներ­կայ սե­րունդ­նե­րը կը հա­ւա­քո­ւին աշ­խար­հի չորս կող­մե­րէն՝ միաս­նա­բար վա­յե­լե­լու հայ­րե­նի­քը, մօ­տէն տես­նե­լու Ա­րա­րա­տը, ո­րուն պատ­կե­րը կը կրենք մեր տա­րա­զին վրայ ու հո­գիին մէջ»։
­­Յա­ջոր­դա­բար, խօսք ուղ­ղեց ընդհ. խմբա­պետ եղբ. ­­Վի­գէն ­­Մի­նա­սեան, որ շնոր­հա­ւո­րեց մեկ­նող պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը եւ ա­նոնց մաղ­թեց բե­ղուն սկաու­տա­կան կեանք ու բա­րի վա­յե­լում հայ­րե­նի­քի սուրբ հո­ղին վրայ։
­­Յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ պա­հը, երբ նախ­կին պա­տո­ւի­րա­տու­թեան խմբա­պե­տու­հի քոյր ­­Թե­րե­զա Ա­ւե­տի­սեան յանձ­նեց դրօ­շա­կը այժ­մու պա­տո­ւի­րա­կու­թեան խմբա­պե­տու­հիին՝ քոյր Ժիւ­լի ­­Մա­նո­յեա­նին: Ա­պա, Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը յա­տուկ յու­շա­նո­ւէր­ներ եւ տա­րազ­ներ նո­ւի­րեց պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն, որ­պէս­զի գոր­ծա­ծո­ւին բա­նա­կու­մի տե­ւո­ղու­թեան։
Հ­պար­տու­թեան, յու­զու­մի եւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի ազ­դե­ցու­թեան տակ, փո­խա­նա­կո­ւե­ցան մաղ­թանք­ներ եւ շնոր­հա­ւո­րանք­ներ։
­­Բա­րի երթ կը մաղ­թենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ա­րի­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, հայ­րե­նի հո­ղին վրայ զգա­լու հա­մար ­­Միու­թեան ո­գին, իր ա­մուր նշա­նա­բա­նով եւ հայ­րե­նա­սե­ւեռ գոր­ծու­նէու­թեամբ։