Ծանօթ են արդէն յատուկ կապերը Սիրոս կղզիի քաղաքապետութեան եւ հայութեան միջեւ։ Քիքլատես կղզիներու մայրաքաղաքը դարձաւ ապաստան Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերուն համար, որոնք պատսպարուեցան կղզիի պատմական որբանոցին մէջ, իսկ տարիներով քաղաքապետարանը կը հիւրընկալէր Արցախէն այցելող զոհուած ազատամարտիկներու զաւակները։ Այս ամառ` Եգէական ծովի «իշխանուհին» դիմաւորեց հայկակա պարարուեստի դեսպանները։
27 Օգոստոսին, նաւային ճամբորդութենէ ետք, Էրմուփոլի ժամանեց Յունաստանի Համազգայինի «Նայիրի» համոյթի 12-անդամ պատուիրակութիւնը, պարուսոյց ընկ. Էտկար Էկեանի գլխաւորութեամբ։ Նոյն երեկոն` նախատեսուած էր ելոյթը, «Աւանդութեան բոցը կը ճամբորդէ Սիրոս» փառատօնի ծիրէն ներս։ Մասնակցեցան պարախումբեր ամբողջ Յունաստանէն։ Միջոցառումը տեղի ունեցաւ քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ, Սիրոս-Էրմուփոլի քաղաքապետութեան բարձր հովանաւորութեամբ։
«Երեւան», «Շալախօ» եւ «Քոչարի» պարերով, մեր արժանի հայորդիները հմայեցին տեղացի բնակչութիւնը եւ օտար զբօսաշրջիկները։ Հասարակութեան խանդավառութիւնը ակնյայտ էր։
Յաջորդ օրերուն, պտոյտ ընելով Էրմուփոլիի մէջ, պարախումբի անդամները ստացան շնորհաւորական խօսքեր կղզիի բնակիչներուն կողմէ։ 30 Օգոստոսին` տեղի ունեցաւ խնճոյք ծովափեայ ճաշարանի մէջ, ի պատիւ մասնակից պարախումբերուն։ Յունական համոյթներու անդամները նոյնպէս արտայայտեցին իրենց դրական տպաւորութիւնը հայկական խումբի ներկայացումներէն։
Այս գեղեցիկ միջոցառումով փակուեցաւ նախորդ տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ միաժամանակ սկիզբ կ՚առնէ յաջորդը, «Մարտէն ամառ եւ Օգոստոսէն ձմեռ», յունական առածին համաձայն։ Արդէն Համազգայինի պարախումբերը կը պատրաստուին` իրենց մօտ դարձեալ համախմբելու յունահայ երիտասարդութիւնը, նորանոր յաջողութիւններու համար։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ










