«Արարատին համար՝ կանգուն» նշանաբանով Հայաստանի մէջ կը շարունակուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համահայկական 13-րդ բանակումը, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ։ Մասնակցողներու՝ 900 հոգիի հասնող աննախընթաց թիւ մը, հայրենիքի եւ Սփիւռքի 26 շրջաններու, ինչպէս նաեւ Իրանէն Հ.Մ.Ա.Կ-ի սկաուտները համախմբուած են Եռագոյնի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշին տակ, վերանորոգելու իրենց ուխտը Արարատին, վերամկրտուելու հայրենի հողի միւռոնաբոյր խորհուրդով եւ հաւատարիմ մնալու հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան բարձրաթռիչ նշանաբանին։
Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու ներկայացուցիչներու, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հ.Օ.Մ.-ի եւ Համազգայինի Կեդր. Վարչութիւններուն եւ այլ բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեան, Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը եւ գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր։ Նաեւ, տեղի ունեցաւ սկաուտական բարձրագոյն` «Արարատեան» կարգի կրծքանշաններու եւ հաստատագիրներու տուչութիւն բարձրաստիճան այն 59 խմբապետ-խմբապետուհիներուն, որոնք անցնող օրերուն Աղվերանի մէջ մասնակցեցան կարգի վերջին փուլի եռօրեայ սեմինարին:
Բանակումի յուզիչ պահերէն մին հանդիսացաւ այցելութիւնը Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն, ուր սկաուտները համախումբ դափնեպսակ զետեղեցին հայրենի եւ Արցախի համար զոհուած մարտիկներու յիշատակին։ Աղօթքով եւ պատշաճ խօսքերով մասնակից սկաուտները գլուխ խոնարհեցին անթիւ հերոսներու զոհաբերութեան առջեւ, ծաղիկ զետեղելով հերոսներու շիրիմներուն վրայ եւ ուխտելով հաւատարիմ մնալ հայրենիքի եւ անոր անկախութեան իտէալին։ Դադիվանքի նախկին վանահայր եւ Եռաբլուրի Սրբոց Նահատակաց մատրան հոգեւոր հայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեան ներկաները հրաւիրեց Տէրունական աղօթքը արտասանելու: Կարճ եւ բովանդակալից մէկ տողով պատգամեց` «Որքան ձեզի նման սկաուտներ տեսնենք` այնքան կ՛աւելնայ Արցախ վերադարձի մեր յոյսը»:
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումին երկրորդ օրը` Շաբաթ, 25 Յուլիսին, 900 բանակողներ հանդիսաւոր տողանցք կատարեցին Երեւանի մէջ: Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով, անոնք տողանցեցին Մաշտոցի անուան մատենադարանէն մինչեւ օփերայի «Ազատութեան» հրապարակ, ուր դիմաւորուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ ու նախկին անդամներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի պատասխանատուներու կողմէ: Տողանցքը մեծ տպաւորութիւն թողեց Երեւանի բնակիչներուն վրայ, որոնք ծափահարութիւններով եւ խանդավառ զգացումներով դիմաւորեցին հայ սկաուտները։
Երեկոյեան, տողանցքէն ետք, բանակողները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յուշարձանին առջեւ շարքեր կազմած` կատարեցին կարճ արարողութիւն մը: Հանդիսութեան աւարտին, բանակող սկաուտները երգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը եւ Ծիծեռնակաբերդին հրաժեշտ տուին մէկական ծաղիկ խոնարհելով յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ:
Երկուշաբթի, 27 Յուլիսին, բանակողները Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ նշեցին Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 43-ամեակը: Բանակումին մասնակից պատուիրակութիւնները ներկայացուցին պատշաճ յայտագիր, որուն եզրափակումը կատարուեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու փունջով մը:
Ինչպէս նշած էինք մեր անցեալ Ուրբաթ օրուան թիւով, Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կառոյցի 15 խմբապետներ եւ երէցներ կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համահայկական բանակումին, ներկայացնելով Միութեան ամենէն հին կառոյցներէն մէկը, որ հպարտօրէն կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փառապանծ պատմութեան մասնիկը։
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները, Աթէնքի Քալամոս շրջանի Ա. Համագաղութային բանակումէն սկսեալ, իրենց ներկայութիւնը կը հաստատեն բանակումներուն, ներկայացնելով Յունաստանի կառոյցը եւ անոր հարուստ պատմութիւնը։
Մեր սկաուտները, կարգապահ եւ իրենց առաքելութեան գիտակից վարմունքով, մաս կը կազմեն բանակումի ամբողջական յայտագիրին, աչքի զարնելով իրենց ընկերասիրութեամբ եւ մտերմութեամբ։
Բարի շարունակութիւն եւ վերադարձ կը յայտնենք մեր հայորդիներուն, մաղթելով, որ իրենց ներկայութիւնը հայրենի հողին վրայ, պիտի լիցքաւորէ անոնց հոգիներն ու սրտերը, առաւել եւս զօրացնելով գիտակցութեան, հայրենասիրութեան եւ անսակարկ նուիրումի բարձր արժէքները։










