Ժողովի ընթացքին յանձնուեցաւ Հ.Կ.Խաչի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակը։ Ան կը տրուի ամէն տարի այն հայ ուսանողին, որ աւարտած է Հ.Կ.Խ.ի ազգային վարժարաններէն մէկը եւ հայ աշակերտներուն մէջ լաւագոյն նիշով յաջողած է յունական պետական համալսարանի մուտքի քննութիւններուն:
Սոյն մրցանակը հաստատուած է Հայ Կապոյտ Խաչին կողմէ ի պատիւ եւ ի յիշատակ միութեան ազնիւ բարերարուհի Թագուհի Փաշայեանին, հաստատելու համար այս ձեւով եւս, թէ Հ.Կ.Խաչը նեցուկ կը կանգնի հայ երիտասարդութեան, քաջալերելով ու գնահատելով ուսման յաջողութիւնները։
2025-2026 ուսումնական տարեշրջանին համար մրցանակը ստացաւ Լեւոն Նաւասարդեան, որ յաջողած է մուտք գործել Աթէնքի համալսարանի Կենսաբանական արուեստագիտութեան (Βιοτεχνολογία) բաժանմունքին մէջ։
Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի ընկ.հի Լիզէթ Քիրազեան ջերմապէս շնորհաւորեց մրցանակակիր երիտասարդը, իր ծնողքն ու ընտանիքը:
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք անոր, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր ուսանող երիտասարդներուն:
Ժողովի օրակարգերու քննարկման ընթացքին, Շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց վերջին ամիսներու իր գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները։
Յաջորդաբար, մասնաճիւղերու վարչութիւնները զեկուցեցին իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ ծրագրած ձեռնարկներուն մասին։
***
Հ.Կ. Խաչի “Փաշայեան” մրցանակի յանձնումին առիթով, Լեւոն Նաւասարդեանի հայրը պրն. Վարդան Նաւասարդեան, դիմատետրին մէջ հետեւեալ գրութեամբ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Հ.Կ.Խաչին։
Հպարտանալու գեղեցիկ առիթ մը
Երէկ Լեւոնը արժանացաւ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի պատուոյ պարգեւին։ Հայ Կապոյտ Խաչը բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ Յունաստանի հայ համայնքին մէջ կը սատարէ կրթութեան, երիտասարդութեան եւ հայկական մշակութային աւանդութիւններու պահպանման։
Լեւոնը պարգեւատրուեցաւ Յունաստանի համալսարաններու մուտքի համահելլենական քննութիւններուն հայազգի աշակերտներուն միջեւ ամենաբարձր արդիւնքը արձանագրած ըլլալուն համար։
Առջեւը մոլեքիւլային կենսաբանութեան եւ ծինաբանութեան հետաքրքրական աշխարհն է։ Յունական հողին վրայ մեծցած, իր հայկական արմատները պահպանած եւ երկու մշակոյթներու հարստութեամբ սնուած՝ Լեւոնը այժմ իր առաջին քայլերը կ՚առնէ դէպի ապագայ մասնագիտութիւնը։
Սրտանց շնորհակալութիւն Հայ Կապոյտ Խաչին՝ երիտասարդներու յաջողութիւնները աննկատ չձգելու եւ մեր համայնքի բարի աւանդութիւնները պահպանելու համար։










