Գոմոթինիի Թաղային խորհուրդի եւ տեղւոյն Մշակութային միութեան համակազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 8 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան, հայկական համայնքի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ կարեւոր եւ հետաքրքրական դասախօսական ելոյթ մը, նուիրուած արեան եւ ոսկրածուծի նուիրաբերման։
Նիւթը ներկայացուց Նինա Սահակեան, որ Քոզանի քաղաքին մէջ գործող «Կեանքի կամուրջ» կազմակերպութեան անդամ է եւ կը զբաղի կամաւոր արիւնատուութեան ծրագիրներով։
Հաւաքոյթին ներկայ եղան շրջանի հայրենակիցներու կոկիկ թիւ, որոնք տեղեկութիւններ ստացան կամաւոր արիւնատուութեան կարեւորութեան մասին։
Յարգելի խօսողը յատկապէս ծանրացաւ ոսկրածուծի տուչութեան ծրագիրին, ներկայացնելով կամաւոր դառնալու անհրաժեշտութիւնը, կեանք մը փրկելու նախանձախնդրութեամբ։
Նշենք, որ երկար տարիներու ընթացքին Հ.Գ.Խաչի արիւնատուութիւնները Հիւսիսային Յունաստանի հայ համայնքներուն մէջ մեծ նշանակութիւն կը ստանան, որոնք կ՚իրագործուին յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ծիրէն ներս։
Նաեւ, գոյութիւն ունի Հայկական ոսկրածուծի կազմակերպութիւնը, որ գործակցաբար Հ.Կ.Խաչին՝ անցեալին ներկայացումներ կատարած է գաղութէն ներս, ապահովելով լայն թիւ մը նուիրատուներու եւ սատարելով կազմակերպութեան առաքելութեան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Գոմոթինի-Արեան եւ ոսկրածուծի նուիրաբերումի մասին դասախօսական երեկոյ










